Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 101-րդ Լսարան. Արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի Ստեղծման Ու Զարգացման Ծրագիրը

March 12, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-11-15_sousanՀամազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպութեամբ մամլոյ 101-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 11 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ռաֆֆի Տեմիրճեան, որ համառօտ ձեւով ներկաներուն ծանօթացուց «Ուիքիփետիա»-ն, ապա յայտնեց, որ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ը հասարակական կազմակերպութիւն է եւ կը միտի իր նախագիծերուն ճամբով տեղեկատուական հասարակութիւն ձեւաւորել` ներգրաւելով հասարակական լայն շերտեր:

Ան յայտնեց, որ «Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութիւնը արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման ծրագիրներուն կողքին կ՛աշխատի հանրութեան ներկայացնել հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, մշակոյթը եւ հիմնախնդիրները:

Տեմիրճեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ արհեստագիտական արդի գործիքները պէտք է  ծառայեցնել ի նպաստ մեր արժէքներուն:

3-11-15_sousan1Ելոյթ ունեցաւ «Ուքիմետիա Հայաստան»-ի նախագահ եւ հիմնադիր Սուսաննա Մկրտչեան եւ ներկայացուց արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի ստեղծման ու զարգացման մասին ծրագիրը: Ան նախ եւ առաջ ներկայացուց «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ը, որ գիտա-կրթական հասարակական եւ շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն մըն է, որուն տեսլականն է համացանցի միջոցով հայոց լեզուով ընդհանուր գիտելիքներ հասարակութեան հասանելի դարձնել եւ տարածել ազատ գիտելիքի գաղափարը Հայաստանի ու ամբողջ աշխարհին մէջ: Ան ըսաւ, որ այս կազմակերպութեան մասնակցած են 42 երկիրներ, եւ կազմակերպութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի հասարակական կազմակերպութիւններու եւ յատկապէս կրթական հաստատութիւններու հետ:

Ան անդրադարձաւ, որ «Ուքիմետիա» համայնքին մաս կը կազմեն խմբագիր անդամները, իսկ միւս մասը այն անձերն են, որոնք իրենց կարողութիւններով եւ միջոցներով կը նպաստեն «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի նպատակներու իրագործման:

Սուսաննա Մկրտչեան դասախօսութեան ընթացքին ցուցադրեց տեսերիզներ` «Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութեան աշխատանքներուն մասին: Ան նկատել տուաւ, որ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ը ազատ հանրագիտարան մըն է, իւրաքանչիւր ոք կրնայ խմբագրել զայն եւ կը զարգանայ կամաւոր խմբագրումներ կատարող ընթեցողներու միջոցով:

Մկրտչեան առ ի գիտութիւն փոխանցեց, թէ արեւելահայերէն յօդուածներուն թիւը կը կազմէ 149166, իսկ խմբագիրներու թիւը կը գերազանցէ 500-ը: իսկ արեւմտահայերէնը տակաւին 1200 յօդուած ունի:

Ան յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը 2015-էն սկսած է գործակցիլ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամին հետ` նպատակ ունենալով արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա» ստեղծել ու զարգացնել` համախմբելով Հայաստանի եւ սփիւռքի կառոյցներու եւ անհատներու ներուժը:

Դասախօսութեան ընթացքին եւ աւարտին ներկաները յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հարցումներ ուղղեցին զեկուցաբերին:

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետին Քուէյթ Այցելութիւնը

Յաջորդը

Միջինքի Առիթով. Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Արեւագալի Արարողութեան Նախագահեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.