Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՛վ Կը Յիշէ Կամ Կը Կարդայ Զարեհ Որբունին…

Փետրուար 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

LSH_Zareh-VorbuniՀալէպաբնակ իմ գրասէր երէց բարեկամուհիներէն մին, որ առողջական լուրջ դժուարութիւններու բերումով տունէն դուրս չէր կրնար ելլել, հեռաձայներ էր ինծի ու խնդրեր.

– Ընթերցումի համար աղուոր գիրք մը առաջարկէ ինծի: Թող արեւմտահայերէն ըլլայ, նախընտրաբար` վիպական գործ մը:

Չեմ գիտեր ինչո՛ւ` անզգալաբար իրեն տուի ֆրանսահայ գրող Զարեհ Որբունիի անունը եւ թելադրեցի, որ ակումբի գրադարանէն ապահովէ անոր «Փորձը» վէպը եւ ընկղմի անոր մէջ…

Երկու շաբաթ անց մեր այս բարեկամուհին կրկին կը հեռաձայնէր ինծի` աւետելու համար, թէ անցեալ շաբաթ ծայրէ ծայր համբերութեամբ կարդացեր էր ոչ միայն «Փորձը», այլեւ` անոր շարունակութիւնը համարուող «Թեկնածուն» վէպը:

Ուրեմն, մէկի փոխարէն, կարդացեր էր երկու գիրք, երկու վէպ…

Մեր ընթերցողուհին սիրեր էր Որբունիի գրական ոճը, ախորժեր էր վէպերուն ընդհանուր բովանդակութենէն, որքան ալ անոնց մէջ ծանր կշռած ըլլային հոգեբանական վերլուծումներն ու իմաստասիրական սուզումները: Անոր գրելաոճը նմանցուցեր էր Զապէլ Եսայեանի ոճին:

Հեռաձայնը փակելէ ետք պահ մը անձնատուր եղայ տխուր մտորումներու:

Հարց տուի ես ինծի. «Ո՞վ կը յիշէ կամ կը կարդայ այսօր Զարեհ Որբունին…»: Դպրոցական մեր դասագիրքերուն մէջ չկայ այս անունը, ուստի լայն զանգուածներու համար իսկական անծանօթ մըն է ան:

Զարեհ Որբունի՜…

Ծնած` Օրտու (Սեւ ծովու ափին), 1902-ին, մահացած` 1980-ին, Փարիզ: Շատերու նման ի՛նք ալ կը պատկանէր Մեծ եղեռնի որբերու սերունդին: Հազար դժուարութիւններով կրցաւ մորթը փրկել ու Խրիմի վրայով անցնիլ Պոլիս, ուր, զինադադարէն ետք, բախտն ունեցաւ ուսանելու Պէրպէրեան վարժարանը: Շուտով սակայն անցաւ Ֆրանսա ու դարձաւ ֆրանսահայ առաջին գրողներու խմբակին յայտնի անուններէն մին` Շահան Շահնուրի, Վազգէն Շուշանեանի, Շաւարշ Նարդունիի, Նիկողոս Սարաֆեանի, Նշան Պէշիկթաշլեանի, Հրաչ Զարդարեանի եւ միւս տղոց կողքին:

LSH_vorpouni-zareh-gens85 տարի առաջ, 1929-ին, 27 տարեկան Որբունի (բուն մականունով` Էօքսիւզեան) Մարսէյի մէջ հրատարակեց իր անդրանիկ վէպը` «Փորձը», Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպին հետ գրեթէ նոյն օրերուն: Անշուշտ, Շահնուրի չափ բախտաւոր չեղաւ, որովհետեւ իր երկը չունէր ո՛չ «Նահանջ»-ին վիպական կառուցուածքը` իրերայաջորդ «զգայացունց» պատկերներով ու բազմաթիւ հերոսներով, ո՛չ ալ այն ազգային պատգամը, որ զարթուցիչ ժամացոյցի մը նման շարունակ պիտի ահազանգէր սփիւռքահայու մեր ուղեղներուն մէջ: Այնուամենայնիւ, Որբունի միշտ ալ պահեց հեղինակաւոր վիպագիրի մը համբաւը, մանաւանդ` 60-ական թուականներէն ետք, երբ վերանորոգեալ թափով արտադրեց բազմաթիւ արձակ ծաւալուն գործեր: Ի սկզբանէ չզլացաւ իր աշխատակցութիւնը բերել ֆրանսահայ մամուլին ալ («Յառաջ», «Ապագայ», «Մենք», «Զուարթնոց», «Կեանք եւ Արուեստ», «Մշակոյթ», «Անահիտ», «Անդաստան» եւայլն): Ախորժեցաւ օրագրութիւններ պահելու արուեստէն` նոյնիսկ պատերազմական ճակատի վրայ, երբ Բ. Աշխարհամարտին գերի ինկաւ գերմանացիներուն ձեռքը… Երբեմն հեռացաւ հայ գրականութենէն` դառնացած, ճաշարան բանեցուց Փարիզի մէջ երկար տարիներ (1951-65), բայց յետոյ կրկին վերադարձաւ իր բուն կոչումին:

LSH_vorpouni-zareh-asphalte«Փորձը» վէպը բազմահատոր վիպաշարքի մը առաջին հատորն էր: Անօթի, գործազուրկ եւ աննեցուկ հայու մը առօրեան է ան` ֆրանսական միջավայրի մէջ: Շուրջ քառասնամեակ մը յետոյ ատոր յաջորդեցին «Թեկնածուն» (Պէյրութ, 1967), «Ասֆալթը» (Պոլիս, 1972) եւ վերջապէս` «Սովորական օր մը» (1973) վէպերը, որոնք չորսը միասին կը կրէին «Հալածուածները» ընդհանուր խորագիրը: Աւելի ուշ լոյսին բերուեցան վիպաշարին Ե. եւ Զ. բաժիններն ալ: Հայաստանի մէջ ալ վերատպուեցաւ իր «Եւ եղեւ մարդ» վէպը, 1967-ին: Իր գրականութեան նկատմամբ հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերեցին մանաւանդ Սիմոն Սիմոնեան, Գրիգոր Պըլըտեան եւ Մարկ. Նշանեան:

Որբունի բեղուն վիպագիր մը ըլլալէ առաջ ու ատոր կողքին` եղած էր անյագ ընթերցող մը: Գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեան իր «Դար մը գրականութիւն» գրքին մէջ կը կատարէ սա՛ հաստատումը. «Որբունի հասած է վիպական-ստեղծագործական վաստակի որակի մը, որ վաւերագրումն է իր տաղանդին ու զինք զուգահեռի կը բերէ եւրոպական առումով մեծերու հետ»:

Հարցումը սակայն կը շարունակէ պարտադրել ինքզինք. «Ո՞վ կը յիշէ կամ կը կարդայ այսօր Զարեհ Որբունին…»:

Տխո՜ւր բան է չկարդացուիլը, չընկալուիլը, «չմարսուիլ»-ը: Այս իմաստով, Որբունիի վէպերը թերեւս ճակատագրակից են Յակոբ Օշականի վէպերուն…

* * *

Որբունիի այս հապճեպ յիշատակութիւնը, որ կը զուգադիպի իր մահուան 35-ամեակին, թերեւս ո՛չ մէկ շահագրգռութիւն ստեղծէ ժամանակակից հայ մարդուն մօտ: Ժամանակներն ու ճաշակները փոխուած են: Սակայն կ՛արժէ մտածել Պոլսոյ հին դպրոցներէն շրջանաւարտ այն հրաշալի ու հոյակապ սերունդներուն մասին (Որբունի, Շահնուր եւ բոլոր միւսները), որոնք ՇԱՏ ՏՈԿՈՒՆ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՄԸ ՏԻՐԱՊԵՏԱԾ ԷԻՆ ու դարձան սփիւռքահայ գրականութեան առաջին մշակները…

Այսօր մեր լաւագոյն գաղութներուն լաւագոյն դպրոցներն անգամ ՉԵՆ ՅԱՋՈՂԻՐ իրականացնել այն, զոր այնքա՜ն դիւրութեամբ կը յաջողէին կատարել Պոլսոյ Պէրպէրեան կամ Կեդրոնական երբեմնի վարժարանները… Գրողնե՛ր արտադրել, մարդո՛ւժ հասցնել:

Նուազագոյնով բաւարարուելու յօժար պիտի ըլլայինք, եթէ մեր այսօրուան դպրոցները կարենային գէթ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐ արտադրել…

Ի դէպ, Որբունիի վէպերը կարդացող իմ գրասէր երէց բարեկամուհին Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի հին սանուհիներէն էր…

Հալէպ 

 

Նախորդը

Երեւան

Յաջորդը

Լուսաթափանց Ու Երգեցիկ Պարտէզին Կիրակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?