Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 22 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յասմիկ Շահինեանի հեղինակած «Այն օրը, երբ…» մանկական գիրքի շնորհահանդէսը:


Բացման խօսքը կատարեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայ փոքրիկներուն, բացատրեց Համազգայինի նախաձեռնութեան պատճառը եւ հրաւիրեց փոքրիկները ըմբոշխնելու Յասմիկ Շահինեանի հեղինակած «Այն օրը, երբ…» գիրքը:
Բացման խօսքէն ետք, Սօսէ Ճինպաշեան մանուկներուն հասկնալի ոճով ներկայացուց մանկական գրականութեան կարեւորութիւնը եւ ազդեցութիւնը երեւակայութեան ու հոգեկան աշխարհին վրայ` ներկայացնելով մանկական գրականութեան սեռերը, ինչպէս նաեւ օրինակներ տալով մէջբերումներ կատարեց անոնց մասին:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտներ Սելա Սվաքճեան եւ Կասիա Լեւոնեան:


Ապա Լենա Արապօղլեան կատարեց գիրքին վերլուծումը` նշելով, որ գիրքը կը յատկանշուի իր պատկերաւոր ոճով, պատկերազարդ կողքով եւ կարճ ու հասկնալի նախադասութիւններով: Արապօղլեան յայտնեց, որ պատմուածքներուն կարճ ու թէեւ անջատ, սակայն նոյն դերակատարներով իրարու կապուած ըլլալը յաւելեալ յատկանիշ մըն է` երեխաները չյուսահատեցնելու համար: «Իւրաքանչիւր պատմուածքի մէջ կատարուած չարաճճիութիւնը միշտ ալ անուղղակի, սակայն դաստիարակիչ աւարտ մը ունի», ըսաւ Արապօղլեան, յաջողութիւն մաղթելով Յասմիկ Շահինեանին եւ մաղթելով, որ հետագային պատանեկան գրականութիւնը եւս բարգաւաճի:
Ապա Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի աշակերտներէն Անժելինա Սարգիսեան, Մանէ Թորոյեան եւ Ռիթա Գասպարեան ներկայացուցին գիրքէն հատուածներ:
Արա Ազատ ներկայ մանուկներուն բացատրեց մանկական գիրքերու նկարազարդումի արուեստը` կեդրոնանալով յատկապէս մանկական գրականութեան մէջ տեղ գտած գծագրական գործերուն վրայ: Ան ներկաներէն կամաւորներ հրաւիրեց բեմ եւ օրինակներ տալով բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս տարբեր գործեր կը դիտուին մանուկներու եւ չափահասներու դիտանկիւնէն:
Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ «Այն օրը, երբ…» գիրքի հեղինակ Յասմիկ Շահինեան, որ փաուըր փոյնթով ներկայացուց գիրքին պատրաստութեան անցած հանգրուանները` գաղափարի յղացումէն մինչեւ հրատարակչատան եւ տպագրական մանրամասնութիւնները:
Շահինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կատարած նախաձեռնութեան համար եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց մանուկներուն ցուցաբերած ուշադրութեան համար: Շահինեան նաեւ մակագրեց գիրքէն օրինակներ:
Նշենք, որ «Այն օրը, երբ…» մանկական գիրքին նկարազարդումի գործը կատարած է սպանացի նկարազարդող Տաւիտ Փինթոր:


