Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. «Դէպի Ապագայ» Ցուցահանդէսի Բացում

Յունուար 30, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_6888Երէկ` հինգշաբթի, 29 յունուարին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայրենի երիտասարդ գեղանկարիչներ Գայ Ղազանչեանի, Արփի Վարդանեանի եւ Ժորա Գասպարեանի «Դէպի ապագայ» թեմայով ցուցահանդէսին:

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, դեսպանատան անձնակազմէն ներկայացուցիչներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ:

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթեց արուեստագէտներուն` շեշտելով, որ Համազգայինի ցուցասրահին առաքելութեան մաս կը կազմէ հայրենի եւ սփիւռքահայ երիտասարդ ուժերու, տաղանդներու նեցուկ հանդիսանալու եւ անոնց տաղանդին յայտնաբերման մասնակից դառնալու հանգամանքը: Ան աւելցուց, որ այս մեկնակէտով է, որ այսօր կը կազմակերպուի այս ցուցահանդէսը` միաժամանակ հաստատելով, որ ներկայացուած գործերուն ընդմէջէն արուեստասէրը պիտի տեսնէ արդէն իսկ կայացած գեղանկարիչը, որ հաստատակամ մուտք կը գործէ այս մարզին մէջ եւ այժմէն իսկ ցոյց կու տայ բարձունքներ նուաճելու իր ինքնավստահ որոշումը:

IMG_6780Իրենց երախտագիտական խօսքերը փոխանցեցին արուեստագէտներ Գայ Ղազանչեան եւ Ժորա Գասպարեան: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին այս ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնը ստանձնած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, ինչպէս նաեւ այն բոլոր անհատներուն եւ յատկապէս ցուցասրահի տնօրէնութեան, որոնք սատարեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան: Աւարտին անոնք իրենց հիացմունքը յայտնեցին լիբանանահայ գաղութի մասին եւ փոխանցեցին իրենց խանդավառ տպաւորութիւնները:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 12 փետրուար 2015: Համազգայինի զոյգ յարկերուն վրայ  կը ցուցադրուին երեք արուեստագէտներու 44 գործերը: Ցուցասրահը բաց է ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

Նախորդը

Հայկական Դպրոցներուն Մէջ Ֆիզիքական Վնաս Պատճառելու Վերաբերող Ուսումնասիրութեան Արդիւնքներու Ներկայացում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?