Յայտարարութիւններ ( Յուլիս 4 2026)
Հաղորդագրութիւն 100 Առ 100 Յաջողութիւն Ֆրանսական Պաքալորէայի Քննութիւններուն, 75 Առ 100` Յիշատակութիւններ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2025-2026 տարեշրջանի աւարտական դասարանի ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 32 աշակերտները յաջողած են (100 առ հարիւր): 24 աշակերտներ արժանացան յիշատակութեան (4 շատ լաւ, 12 լաւ, 8 բաւական լաւ): Ստորեւ աշակերտներուն անուանացանկը. Ատուրեան Կայէլ (լաւ), Արբաճեան Հրակ, Աքօղլանեան (Ճերմակեան)...











