«Կուկըլ Թրանսլէյթ» Կը Գործածէ՞ք
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ «Կուկըլ Թրանսլէյթ» համացանցին վրայ թարգմանութեան ամէնէն ծանօթ գործիքներէն մէկն է: Անոր միջոցով կարելի է բառ մը, նախադասութիւն մը, կամ նոյնիսկ գրութիւն մը թարգմանել ուրիշ լեզուի մը: Յունիս ամսուան սկիզբը իր լեզուներու երկար ցանկին վրայ ան աւելցուց 110 նոր լեզուներ: Այժմ ընդամէնը 243 լեզուներ գոյութիւն ունին անոր ցանկին մէջ: Այս 110 նոր լեզուներուն մէջ մենք կրնանք գտնել...












