«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ
Արմինէ Պալեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Միհրան եւ Ովսան Գոճայեան եւ զաւակունք 50,000 լ. ո
Արմինէ Պալեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Միհրան եւ Ովսան Գոճայեան եւ զաւակունք 50,000 լ. ո
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՈՒԽՏԻ ՕՐ Երեք շաբաթ առաջ արժանաւորապէս տօնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի գահակալութեան հինգերորդ տարեդարձը: Վաղը` կիրակի, հաւատացեալ բազմութիւնները կրկին պիտի փութան Անթիլիաս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ուխտի օրուան եկեղեցական հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուելու եւ լսելու համար հայրապետական պատգամը Հայց. եկեղեցւոյ մեծագոյն տօնին առիթով: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ուխտի օրուան տօնակատարութիւնը մասնաւոր նշանակութիւն կը ստանայ մանաւանդ անոր համար, որ Զարեհ...
Երբ տեղ մը կը հրաւիրուինք, սովորութիւն է նուէր մը տանիլ տանտիկնոջ` մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար: Երբ առաջին անգամն է, որ կ՛այցելենք տուն մը եւ ծանօթ չենք տանտիկնոջ ճաշակին կամ տուեալ տան յարդարանքին, թելադրելի է նուիրել քիչ թէ շատ «չէզոք» ման մը, ինչպէս` ծաղիկ, տուրմ, անուշեղէն... Ե՞ՐԲ ՆՈՒԻՐԵԼ Սովորութիւն է նուէրը տալ տանտիկնոջ, երբ ան դուռը կը բանայ եւ մեզ կ՛ընդունի:...
Դժուար չէ տան մէջ այլազան առողջապահական լոգանքներ կազմակերպելը` հանգստանալու եւ կամ կարգ մը հիւանդութիւններ բուժելու համար: Մասնագէտներու կարծիքով, երկարատեւ (քանի մը ժամ տեւող) լոգանքները վնաս են թէ՛ սիրտին եւ թէ՛ մորթին: Վերջինս երկարատեւ լոգանքներէն կը տուժէ եւ կը չորնայ, որքան որ ալ յատուկ սերերով օծենք զայն: Ա.- ՏԱՔ ԼՈԳԱՆՔՆԵՐ (36օ - 37օ) Այս ձեւի լոգանքները կ՛օգնեն մկաններու թուլացումին, կը մեղմացնեն...
Գիրնալէ վախնալով` շատեր կը խուսափին օմեկա 3 իւղերէն, որոնք միայն մեր բարիքին կը ծառայեն: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է օմեկա 3-ով հարուստ ուտելիքներ սպառել. Ա.- Որովհետեւ անոնք սիրտը կը պաշտպանեն: Եօթը երկիրներու մէջ կատարուած լուրջ ուսումնասիրութիւններու համաձայն, օմեկա 3 սպառող անձերը նուազ ենթակայ են սրտի կաթուածներու: Բ.- Որովհետեւ անոնք սթրեսէն կը պաշտպանեն: Նոյն ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, օմեկա 3 սպառող անձերը, յատկապէս...
«Հոթ քութիւր»էն ետք, Փարիզի մէջ վերջերս կայացան «Փրեթ ա փորթէ»ի փառատօները, որոնց մասնակցեցան աշխարհի մեծագոյն ձեւագէտները: Տիոր նորաձեւութեան տունը վերջին անգամ ըլլալով ցուցադրեց ձեւագէտ Ճոն Կալիանոյի հաւաքածոն: Կալիանօ այսուհետեւ յիշեալ տան ձեւագէտը պիտի չըլլայ, ան գործէ արձակուած է, տրուած ըլլալով, որ զինք նկարած են գինով վիճակի մէջ, այն պահուն, երբ ան վարկաբեկիչ խօսքեր ուղղած է հրեաներուն դէմ: Նոյն պատճառով բազմաթիւ...
ՊԱՏԳԱՄ 106 տարի առաջ 17 մարտ 1905-ին մահացաւ ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն Ք. Միքայէլեան Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան լանջին: Ինչպէս էլ պատմեմ հեռաւոր Օրերիս տրտմութիւնն անել, Կ՛իմանան, որ կեանքիս համար Մի աշխարհ արիւն եմ քամել: Խաւարում, նստել եմ խաւարում, Եւ աստղ, մեծ աստղի դուրս գալուն Սպասել եմ երկար ու երկար Մի աշխարհ ցաւեր կան իմ հոգում Սակայն ես չեմ դարձել ցաւագար: Եւ ինչ...
Խմորի բաղադրութիւն 1,5 գաւաթ կորկոտ 1 գաւաթ մանր ձաւար Միջուկի բաղադրութիւն 1 քիլօ սոխ 1/2 քիլօ թահին 1/4 քիլօ ընկոյզ` շերտուած 1 կապոց ազատքեղ` մանրուած 1 ափ գինձ (սնոպար) 1 պզտիկ դգալ սեւ փոշի պղպեղ 1 պզտիկ դգալ կարմիր փոշի պղպեղ Աղ Խմորի պատրաստութեան համար կորկոտը եւ ձաւարը տաք ջուրով թրջել եւ վրան գոցել: Մէկ ժամ ձգել, ապա լաւ մը...
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔ Մեր թերթին մէջ հրատարակեցինք Լիբանանի Ազգային իշխանութեանց Տնտեսական խորհուրդին կոչը` Ազգային տուրքի գանձումին առնչութեամբ: Պետական կառոյցէ զուրկ` մեր ազգային կեանքը կը ղեկավարուի Ազգային սահմանադրութեամբ մը, որ զանազան իրաւունքներու կարգին, որոշ պարտաւորութիւններու տակ կը դնէ իւրաքանչիւր ազգային: Արդէն, մեր սահմանադրութեան հիմը կը կազմէ իրաւունքի եւ պարտաւորութեանց հաւասարակշռուած դրութիւնը, զոր կը գտնենք բոլոր առաջացեալ ժողովուրդներու սահմանադրութիւններուն մէջ: Ազգը պարտաւորութիւններ...
ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ Մեզի ղրկուած հաղորդագրութենէ մը կը տեղեկանանք, որ Հայ աւետարանական քոլեճի Շրջանաւարտից միութեան հովանաւորութեամբ, մարտ 21-23 տեղի պիտի ունենայ հայ մամուլի ցուցահանդէս մը` կազմակերպութեամբ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի: Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 21 մարտ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ: Այս առիթով դասախօսութիւն մը պիտի տրուի «Հայ մամուլի պատմութիւնը» նիւթին շուրջ: Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ...
«Ազդակ»ի կայքէջի նոր ձեւաւորման առիթով եւ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ` Կարօ Պարտիզպանեան (Սպանիա) եւ Յովհաննէս Պարտիզպանեան 300 ամ. տոլար
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԱԼԷՊԻ ԹԱՏԵՐԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ Փետրուար 25-ին, Հալէպի «Ճումհուրիէ» սինեմայի բեմին վրայ, Հալէպի Համազգայինի թատերասէրներու նորակազմ խումբը տուած է իր անդրանիկ ձեռնարկը` ներկայացնելով Շիրվանզադէի «Նամուսը», մասնակցութեամբ 50 դերակատարներու: Խումբը ղեկավարած է Սարգիս Գոչեան, որ կարողացած է գլուխ հանել այդ դժուարին գործը եւ սիրաշահած հալէպահայ թատրոնի սիրահարներուն համակրանքը: Գլխաւոր դերակատարները կրցած են յաջողութեամբ խաղալ իրենց դերերը` ապահովելով կարեւոր յաջողութիւն...
-------------------------------------------------- ZEED 14/03/2011 20840 75,000,000 Լ.Ո. 0840 900,000 Լ.Ո. 840 90,000 Լ.Ո. 40 8,000 Լ.Ո.
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ Հակառակ արժէքաւոր տարրերու գոյութեան` համախումբ աշխատանքի մը նպաստը զլացուած է սփիւռքին: Ոչ միայն գաղութէ գաղութ կապը թոյլ եղած է ցարդ ու կը շարունակէ թոյլ մնալ, այլ նաեւ նոյն գաղութին մէջ յաճախ ականատես կ՛ըլլանք ուժերու անիմաստ վատնումի մը` հետեւանք համակարգուած ճիգերու բացակայութեան: Եթէ նկատի ունենանք պայմաններու թոյլտուութիւնը հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ եւ հիւրընկալ երկիրներու բարեացակամութիւնը, մեր...
Նախադասութիւններ կազմել, գործիքներ շինել, կատակներ ընել... Ասոնք միայն մարդկային յատկութիւններ չեն: Որքան մենք անասունները ուսումնասիրենք, այնքան կ՛անդրադառնանք, թէ մենք իւրայատուկ չենք: Մարդ արարածին գլխաւոր յատկութիւններէն մէկն է անոր խօսելու կարողութիւնը: Ան կրնար խորհրդանիշներ (բառեր) ստեղծել` առարկաներ նշելու համար, եւ անոր լեզուն օժտուած է «շարահիւսութեամբ» մը. բառերուն շարքը իմաստ մը ունի: Սակայն կան նաեւ ուրիշ էակներ, որոնք կրնան գործածել խորհրդանշական լեզու...
Դրամի մը անունը ըլլալէ առաջ, «Քեցալ»ը Կեդրոնական Ամերիկայի թռչունի մը անունն է: Յատկապէս անոր արուն գունաւոր փետուրներ ունի: Պելիզի, Կուաթեմալայի, Հոնտուրասի, Մեքսիքայի եւ Սալվատորի շրջաններուն մէջ ապրող մայաներուն համար քեցալը օրհնեալ թռչուն մըն էր: Հնդիկները կը հաւաքէին անոր վառվռուն գոյներով կանաչ եւ յատկապէս կարմիր փետուրները, զորս թռչունը կը կորսնցնէր բոյնը շինելու վերջաւորութեան: Հնդիկները այս փետուրները կը գործածէին իրենց զարդարանքները շինելու...
Մինչ բանտարկեալները կ՛աշխատէին Նայրոպիի (Քենիա) բանտին պարտէզին մէջ, յանկարծ նապաստակ մը գետնէն դուրս կ՛ելլէ: Տեղւոյն վրայ, հինգ պահակները կ՛երթան զայն որսալու... եւ 31 բանտարկեալները առիթէն կ՛օգտուին փախչելու համար:
1997 թուականին է, որ Չինաստանի մէջ հրշէջները կը մարեն պատմութեան ամէնէն երկար տեւած հրդեհը: Սիչուանի նահանգի ածխահանքերէն մէկուն մէջ ծագած այս հրդեհը կը վառէր 1560 թուականէն ի վեր, այսինքն` մօտաւորպաէս 437 տարի: Այս ձեւով անիկա սպառած է 127 միլիոն թոն ածուխ:
Անասուններու ձեւը ունեցող այս շրջանակները կրնաս գործածել ոչ միայն նկարներդ դնելու համար, այլ նաեւ պզտիկ գծագրութիւններ` սենեակդ զարդարելու համար: ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՍ Տարբեր գոյներով բարակ խաւաքարտի, մատիտի, գաւաթի մը, գծաքաշի, մկրատի, թելի, խէժի, կպչուն երիզի, նկարներու կամ պզտիկ գծագրութիւններուն: Բացատրութիւն 1.- Գաւաթը գործածէ խաւաքարտին վրայ անասունին գլուխը գծելու համար: Կլորակը կտրէ: 2.- Նոյն գոյնի խաւաքարտին վրայ 7 սմ...
ԿԻՒԼՈՅԵԱՆԻ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵՐԵԿՈՆ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ Թրիփոլիէն կը գրեն մեզի.- Անցեալ կիրակի, 5 մարտ 1961, երեկոյեան ժամը 5-ին, տեղի ունեցաւ անմահն Խ. Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» ասմունքի երեկոն, Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան Խրիմեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ համանուն վարժարանի թաղականութեան ի նպաստ չքաւոր սաներու: Յակոբ Կիւլոյեանի արտասանական 13-րդ երեկոյթն էր ասիկա: Երեկոյթին բացումը կատարեց թաղականութեան ատենապետ Շահպազ Մելիքեան: Գէորգ Պուրսալեան ապրումով երգեց Աբովեանի...