Հետաքրքրական. Լիբանանի Գիւղերու Ս. Ծննդեան Համեստ Աւանդութիւնները
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անցեալին լիբանանցիներուն Ս. Ծնունդը ոչ մէկ կապ ունէր ներկայի եւ մօտիկ անցեալի տօնակատարութիւններուն հետ: Ո՛չ նուէրներու մրցարշաւ կար, ո՛չ խցուած ու խճողուած ճամբաներ, ո՛չ շքեղ տօնածառեր, ո՛չ գեղեցիկ ու լուսաւոր ցուցափեղկեր, ո՛չ Կաղանդի կոճղ (bûche de Noël ) եւ ոչ ալ` մսխում: Ամէնուրեք պարզութիւն էր, խոկում, աւանդական համեղ հիւրասիրութիւն` տեղական գոյներով, բայց ամէնէն առաջ` խաղաղութեան եւ հաշտութեան որոնում: Ս....









