Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Յուսախաբ պիտի ըլլաք ձեզի մօտիկ կարգ մը անձերէ: Կարեւորութիւն մի՛ տաք, շարունակեցէք ձեր ճամբան: Ունիք յաջողելու լաւ առիթներ: Եղէք խաղաղ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Խոնաւութիւնը եւ ցուրտը պիտի ըլլան ձեր թշնամին: Յարգեցէք եղանակին քմայքները, որպէսզի հեռու մնաք անհաճոյ պատահարներէ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ուշադիր եղէք ձեր տնտեսութեան, որպէսզի դրամական դժուարութիւն չունենաք: Խնայողութեամբ շարժեցէք...