Այլազան

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ըրէք այնպէս, որ ոչինչ փոխուի օրուան համար ձեր որոշած ծրագրէն: Մնացէք ձեր զգացումներուն եւ տրամաբանութեան վրայ` առանց ազդուելու ուրիշներու կարծիքէն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Առողջութիւնն է կեանքի հիմնական երջանկութիւնը: Լաւ քնացէք, կերէք չափաւոր, մի՛ ջղայնանաք անիմաստ հարցերու պատճառով. այդպիսով կ՛ըլլաք առողջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Հեռու մնացէք շառլաթան անձերէ, որոնք կ՛ուզեն իրենց չգիտցածը...

9EFA

Սննդագիտական. 10 Հնարք` Նուազ Ուտելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Կ՛ուզէք նուազեցնել ձեր ուտելիքին քանակը, բայց չէք գիտեր` ինչպէ՛ս ընել. ահաւասիկ` 10 հնարներ, որոնք պիտի օգնեն ձեզի նուազ ուտելու: 2. Օրական առնուազն 8 բաժակ ջուր խմեցէք: Ջուրը կը պակսեցնէ անօթութեան զգացումը եւ կը մաքրէ մարմինը: Ջուրին մէջ կիտրոնի կամ որեւէ այլ պտուղի շերտեր աւելցուցէք անոր յաւելեալ համ տալու համար: 1. Ընտրեցէք պզտիկ պնակներ: Այն տպաւորութիւնը պիտի ունենաք, որ...

50 Տարի Առաջ (23 Յունուար 1964)

Խմբագրական Ափրիկեան Քաոսը Քսաներորդ դարու ներկայ տասնամեակը իրաւամբ կրնայ կոչուիլ «Ափրիկեան տասնամեակ»: Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին, ու դեռ վերջերս, իրարու ետեւէ անկախութեան տիրացան ափրիկեան բազմաթիւ երկիրներ, որոնք հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր կը գտնուէին Մեծն Բրիտանիոյ կամ Ֆրանսայի հոգատարութեան տակ, կամ ուղղակի գաղութի վերածուած էին: Այս պատճառով ալ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ծաւալեցաւ մեծ ու փոքր երկիրներու հոյլով մը, որ միջազգային...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Յարգեցէք ձեր քունի ժամերը, որպէսզի ըլլաք եռանդուն եւ չծուլանաք: Քունը կարեւոր է սնունդի եւ մարզանքի չափ: Մի՛ անտեսէք, որպէսզի առողջ մնաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր տուած ժամադրութիւնը պիտի յետաձգուի ուրիշ օրուան մը: Այս կապակցութեամբ, մի՛ մտահոգուիք, վաղը նոր արեւ մը կը ծագի դէպի յաջողութիւն, անհոգ մնացէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Խնամք տարէք...

50 Տարի Առաջ (22 Յունուար 1964)

Հայ Կեանք Մեծահռչակ Ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքի 6 Հազար Նկար Արտադրած Էր 1900-ին Թէոդոսիոյ մէջ վախճանեցաւ մեծահռչակ ծովանկարիչը, 83 տարեկանին, փառքով, շքեղանքով ու պարծանքով բեռնաւոր, ու մարմինը ամփոփուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցիին գաւիթը: 1886-ին տօնուեր էր իր գեղարուեստական գործունէութեան յիսնամեակը, յաջորդ տարի` 1887-ին ընտրուեր էր պատուոյ անդամ Գեղարուեստից ակադեմիային, 1897-ին ալ տեսեր էր իր ծննդեան ութսուներորդ տարեդարձին ու իր գեղարուեստական գործունէութեան 60-ամեակի...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Օրը ուրախ անցընելը ձեր ձեռքն է, որքան որ կրնաք, ձեզմէ հեռացուցէք յոռի միտքերը, անցեալին տեղի ունեցած ձախողութիւնները: Լաւատես եղէք, կը շահիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Յարգէ, որ յարգուիս ասացուածքը հիմք մը ունի, հետեւաբար մի՛ անտեսէք ձեզմէ տկարը, կը բարձրանաք: Տկարին օգտակար ըլլալը աստուածահաճոյ գործ է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ կարենաք, յատուկ կամ...

50 Տարի Առաջ (21 Յունուար 1964)

Ֆրանսական Պատկերասփիւռի Կայանը Վարդանանքի Մասին Ֆրանսական պատկերասփիւռը անցած չորեքշաբթի իր «Ընթերցումներ բոլորին համար» յայտագրին մէջ ներկայացուցած է նաեւ ֆրանսական «Սթոք» հրատարակչականին նոր լոյս ընծայած «Վարդանանք»-ը ֆրանսերէնով: Խօսած են Փիեռ Տեկրոփ եւ Վիքթոր Կարտոն, որ ֆրանսերէնի թարգմանած է «Վարդանանք»-ը: Փիեռ Տեկրոփ ներկայացուցած է Վարդանը իբրեւ հայ Ժան տ՛Արք մը, պաշտամունքի առարկայ աստուած մը` հայերուն համար: Յայտնած է, որ Վարդան միակ զօրավարն...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Դրամատնային հարցեր կարգադրելու համար պիտի ստիպուիք նոր որոշումներ տալ` կարենալ հաւասարակշռելու համար առեւտուրի հաշիւները: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ արուեստի գործով զբաղող մըն էք, պիտի կարենաք նոր ներշնչումով ստեղծագործական յայտնաբերում ունենալ: Օրը շահաւէտ է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ երեխաներով կամ պատանիներով զբաղելու աշխատանք կը տանիք, պիտի հետեւիք դեռատի զաւակներու կամ դպրոցականներու ուղղութիւն...

50 Տարի Առաջ (20 Յունուար 1964)

Սաստիկ Ցուրտ Լիբանանի Մէջ Շաբաթ Օր Եւ Գիշեր Ձիւնի Փաթիլներ Տեղացին Պէյրութի Վրայ Լեռնային Բոլոր Ճամբաները Անգործածելի Դարձած Են Շաբաթ օր ձիւնի փաթիլներ բազմիցս տեղացին Պէյրութի վրայ: Բայց գետին իյնալով` հալեցան: Սաստիկ ցուրտին պատճառով փողոցները գրեթէ ամայացած էին: Փողոց ելլողներն ալ մինչեւ ականջներն ու քիթը ծածկուած էին: Մինչեւ կէսօր, արդարեւ օդակայանի օդերեւութաբանական սպասարկութեան կողմէ արձանագրուած ջերմութեան նուազագոյն աստիճանը 7-էն վար էր:...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր որոշած գնումները կատարեցէք առանց յետաձգելու: Օգտուեցէք օրուան գիներէն: Անպէտք առարկաներ մի՛ գնէք, հաշիւով ծախսեցէք ձեր դրամը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Կեանքին հարցերը շատ քննարկելով ոչինչ կը շահիք, կը յոգնեցնէք ձեր միտքը եւ լաւատեսութիւնը: Մնացէք խաղաղ, որպէսզի չզղջաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր գիտական եւ բարեկամական շնորհներէն պիտի օգտուին ձեր շրջանակին մէջ գտնուող...

Հնդիկ Պզտիկ Պարողները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Հնդկաստանի մէջ, Փուրուսոթամ, Եուտիսթիրա եւ ուրիշ մանչեր կը յաճախեն յատուկ դպրոց մը: Անոնք հոն կը սորվին «Կոթիփուա» պարը...               Կոթիփուա պարը շատ հին սովորութիւն մըն է Հնդկաստանի մէջ: Իրենց դպրոցին մէջ պզտիկ մանչերը պարի եւ լարախաղացութեան անհաւատալի ձեւեր կը սորվին: Անոնք կը պարեն պատուելու համար իրենց կրօնքին: Հինտուականութեան շատ կարեւոր աստուած...

50 Տարի Առաջ (18 Յունուար 1964)

«Բագին»-Ի Բացառիկը Նուիրուած Սայաթ Նովայի «Տուք զհարկս արժանաւորաց» ոսկեղէն պատգամին անսալով` «Բագին»-ի խմբագրութիւնը, նախորդ (Ա. տարի) տարուան իր վերջին թիւը նուիրելէ ետք հայոց լուսապսակ Սուրբին` Մեսրոպ Մաշտոցին, այս տարուան (Գ. տարի) առաջին թիւը նուիրած է մեր մեծագոյն աշուղ-բանաստեղծին` Սայաթ Նովայի, 250-ամեակին առթիւ: Գունագեղ կողքէն սկսեալ մինչեւ վերջին էջը հատորին` խմբագրութիւնը թափած է հարկ եղած ճիգը աւուր պատշաճի «փառք ի բարձունս»...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Վաղուց մոռցուած մարզական փորձերը վերսկսելու փափաք պիտի ունենաք: Ձեր առողջութիւնը բարելաւելու լաւագոյն միջոցն է մարզանքը, նոյնիսկ թեթեւ մարզաձեւերով: Որքան կրնաք քալեցէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ օրը ունենայ քիչ մը զարտուղի երեւոյթ, մի՛ յուսահատիք, անմիջապէս հեռաձայնեցէք ձեր մէկ սիրելիին կամ բարեկամին, միասնաբար պտոյտ մը կատարելու: Ուրախութիւնը ինքնին չի յայտնուիր, այլ կը ստեղծես դուն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ...

50 Տարի Առաջ (17 Յունուար 1964)

Կեանքը Հայաշէն Թաղին Մէջ Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ 30-ամեակի Տօնակատարութիւնը Աւանդութիւն դարձած սովորութեան մը համաձայն, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ մեծ հանդիսութեամբ եւ խուռն բազմութեան մը ներկայութեան կատարուեցաւ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը: Ազգայիններ ութ ոչխարներ նուիրած էին եկեղեցւոյ` մատաղի համար: Տիկնանց յանձնախումբի մը, թաղականութեան ատենապետին եւ անդամներուն օժանդակութեամբ ամբողջ շաբաթ գիշեր աշխատեցան մատաղներով պատրաստելու աւանդական ճաշը` յաջորդ առաւօտ բաժնելու...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Փորձուածը փորձելը անօգուտ է, աշխատանքի ձեւ ըլլայ թէ բարեկամութիւն: Հետեւեցէք ձեր նախազգացումին, որ անսխալ կրնայ ըլլալ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Երէկուան ձեր տուած որոշումը պիտի փոխէք այսօր, որովհետեւ պիտի անդրադառնաք, թէ համապատասխան չէ ձեր կարելիութեան եւ խառնուածքին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ոմանք կ՛ուզեն օգտուիլ ձեր բարեացակամ կեցուածքէն: Ձեւով մը հասկցուցք այդպիսիներուն, թէ դուք...

images

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Հեքիաթներուն Դերը Երեխաներու Դաստիարակութեան Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երեխաներու դաստիարակութեան մէջ հեքիաթներուն դերը բազմազան է: Ուստի, անոնք կը զարգացնեն երեւակայութիւնը եւ կը ձեւաւորեն մանուկին խօսքի ճիշդ արտայայտութիւնը: Հեքիաթները մատչելի լեզուով երեխաներուն կը սորվեցնեն կեանքը, կը պատմեն բարիի եւ չարի մասին, երեխաները աւելի դիւրին կ՛ընկալեն հեքիաթը, քան` մեծերուն դաստիարակչական քարոզները: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ փոքր տարիքէն հեքիաթներ լսող երեխաները աւելի արագ կը վարժուին իրենց միտքերը...

50 Տարի Առաջ (16 Յունուար 1964)

Լուսի՜ն Մը Ունէինք Ան Ալ Վրայ Տուինք... Համեստափա՜յլ արբանեակ լուսինը, որ դարերէ ի վեր բանաստեղծներն ու սիրահարները միայն հետաքրքրող երկնային մարմին մըն էր, քանի մը տարիէ ի վեր կը գրաւէ առաջնահերթ դիրքն ու պատիւը եւ գիշեր թէ ցերեկ կը խռովէ գիտնականներու եւ պետական մարդոց հանգիստը, տրտմատխուր իր լոյսով... Արդարեւ, Ուաշինկթընէն կը հաղորդեն, թէ մարդ մը-կամ երկու մարդիկ-լուսին ղրկելու ծրագիրը մոռցուած...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Հաստատ մնացէք ձեր որոշած գործին վրայ առանց ազդուելու ուրիշներու միտքերէն կամ փափաքէն: Ձեր ներքին հարցերը դուք գիտէք միայն, ըստ այնմ շարժեցէք, ինչ որ ճիշդ է: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ունիք հոգեկան զգացումներ ձեր շուրջիններուն նկատմամբ: Կ՛ուզէք նուէր մը ընել տարեդարձի մը առիթով, սուղ նուէրը անպայման յարգի չի կրնար ըլլալ: Նկատի առէք նուէրը ստացողին ճաշակը:...

50 Տարի Առաջ (15 Յունուար 1964)

Խմբագրական Պըշարա Խուրի` Անկախութեան Դարբինը Պըշարա Խուրիի մահով փակուեցաւ Լիբանանի նորագոյն պատմութեան կարեւորագոյն էջերէն մէկը: Մարդը, որ անկեղծ հայրենասիրութեամբ եւ անվեհեր կամքով կէս դարէ աւելի պայքարեցաւ այս երկրի անկախութեան համար, ի վերջոյ հանդիսանալու համար անոր գլխաւոր կերտիչը, դարբինը, շիջեցաւ անցեալ շաբաթ գիշեր, ընդհանուր յարգանքի եւ ակնածանքի մթնոլորտ մը ստեղծելով իր շուրջ: Պըշարա Խուրի` պետական մարդուն գլխաւոր յատկանիշը հանդիսացաւ քաղաքական իմաստութիւնն...

Page 400 of 482 1 … 399 400 401 … 482