Այլազան

Astrology

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պտոյտ մը` ծովափնեայ վայրի կամ անտառային տարածքի մը մէջ: Այս է այսօրուան ձեր ընելիքը, մի՛ յետաձգէք: Կրնաք բախտաւորուիլ եւ ուրախանալ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր իրաւունքն է երբեմն նուէր մը ընել ձեր սիրած անձին, ձեր մէկ հարազատին: Այս նկատեցէք նաեւ պարտաւորութիւն, որ սէր կ՛արտայայտէ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Մեծ յաջողութիւն պիտի ունենաք ձեր...

50 Տարի Առաջ (7 Մարտ 1964)

Խմբագրական «Պնակ Մը Կերակուր»-ի Հանգանակութիւնը Վաղը` կիրակի, 8 մարտ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը եւ իրենց օժանդակ յանձնախումբերը պիտի շրջին տունէ տուն` «Պնակ մը կերակուր»-ի տարեկան հանգանակութեան համար: Բաւական բան ըսուած է այս նախաձեռնութեան մասին, որ աւանդութիւն դարձած է այլեւս: «Քիչ նուիրելով` շատ նպաստել», կամ` «կաթիլ»-ներով լիճ գոյացնել: Կարելի զոհաբերութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ դիւրացնել անկարելիութիւններն ու դժուարութիւնները, որոնք կը ցցուին հաւաքական-հանրային մեր...

Astrology

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ապաւինեցէք միայն ձեր կարողութեան եւ ձեր աշխատանքին եւ ոչ` ուրիշին խոստումին: Դուրսէն եկած օգնութիւնը կրնայ ուշանալ: Ինքնավստահ մնացէք, կը զօրանաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր տան կարիքները հոգացէք առանց յետաձգելու: Օրը օրին կատարեցէք այն, ինչ որ անհրաժեշտութիւն է: Ձեր պարտականութենէն մի՛ խուսափիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ժամադրութեամբ պայմանաւորուեցէք ձեր կարեւոր գործերը յաջողութեամբ կատարելու:...

images[1]-f

5 Համոզիչ Պատճառներ` Աւոքատօ Ուտելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 1 Աւոքատոն ախորժակ կը կտրէ Նոյնիսկ նիհարնալ փափաքողները կրնան աւոքատօ ուտել, քանի որ իւղոտ պտուղ մը ըլլալով հանդերձ, անիկա շատ հարուստ է բնաթելերով, որոնք կուշտ պահելու յատկութիւնը ունին: Աւոքատոն նաեւ հարուստ է «ասիտ օլէիք»-ով, որ ուղեղին մէջ կ՛աշխուժացնէ կուշտ ըլլալու զգացումը: Եթէ նիհարնալու սննդականոնի կը հետեւիք, կրնաք օրական կէս աւոքատօ ուտել` առանց մայոնեզի կամ մեղրի, բաւարարուելով քանի...

50 Տարի Առաջ (6 Մարտ 1964)

Երբ Ետ Կը Նայինք... Տէր Զօրի Աւազները Տիթրոյիթէն, Ամերիկա, Փըրսի Սարգիսեան, տեղւոյն ծխական թերթիկի փետրուարի թիւին մէջ ստորագրած է հետեւեալ խմբագրականը (անգլերէնով), զոր թարգմանաբար կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն. Արդեօք քանի՞ հոգի լսած է Տէր Զօրի մասին: Հաւանաբար` ոչ շատեր: Անոնց թիւը աւելի եւս նուազ է ամերիկածին հայ երիտասարդութեան մէջ: Դուք ծանօթ ըլլաք թէ ոչ այդ անուան, Տէր Զօրի մէջ տեղի...

Astrology

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ունիք անյետաձգելի գործեր, որոնց կը մօտենաք անփութութեամբ: Հետագային զղջալու առիթ մի՛ տաք, անտարբերութիւնը կը վնասէ ձեր շահերուն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շռայլութիւնը նոյնքան վնասակար է, որքան` ժլատութիւնը: Գտէք միջին ճամբան` ձեր պիւտճէին հաւասարակշռութիւնը պահելու համար: Խոհեմ եղէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Հոգ տարէք ձեր առողջութեան, մանաւանդ` քունին: Մարզանքը կրնայ օգտակար ըլլալ ձեր աշխուժութեան:...

50 Տարի Առաջ (5 Մարտ 1964)

Տոմսեր Ճշմարտութիւնը «Սովետ»-է՜ն Իմացիր... Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիայէն փրոֆ. Պորիս Փորչնեւ վերջերս հաստատած է գոյութիւնը «զզուելի երեւոյթով ձիւնամարդ»-ու մը, առասպելական արարածի մը, որ Էվերեսթ լերան վրայ տեսնուած է առաջին անգամ 1921-ին: Գրեթէ բոլորովին ստեւներով ծածկուած, կապիկի նմանող այս «մարդ»-ը, սակայն, մարդաբաններու համաձայն, մեր նախահայրերէն մէկն է եւ կը կոչուի «Նինտերթալի մարդ»` անունովը Գերմանիոյ մէջ գտնուող հովիտի մը, ուր կ՛ապրէր անոր...

Astrology

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր աշխատանքին վերաբերեալ ծաղկումի շրջան մը կը սկսի, հետեւաբար ուշադիր եղէք ստեղծուած դրական փոփոխութիւններուն, որպէսզի օգտուիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պիտի ունենաք հրապարակային արտայայտութիւն մը` օգտագործելով ձեր բնական հմայքը, ձեր շնորհքն ու կարելիութիւնները: Օրը յաջող է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր աշխատանքին մէջ պիտի շրջանցէք կարեւոր հանգրուան մը` ձեզի պարգեւելով մտային եւ հոգեկան...

50 Տարի Առաջ (4 Մարտ 1964)

Հայ Կեանք Արտաւազդ Եպիսկոպոս Մարսէյի Մէջ Մարսէյէն կը գրեն 29 փետրուար թուականով.- Արտաւազդ եպիսկոպոսի օդանաւը որոշեալ ժամուն հասած է օդակայան, ուր հարիւրէն աւելի բազմութիւն մը 30-40 ինքնաշարժներով եկած էին դիմաւորելու զինք: Այս բազմութեան մաս կը կազմէին բոլոր քահանաները (բացի Փրատոյի եկեղեցւոյ քահանայէն), բոլոր թաղական խորհուրդները (բացի Փրատոյի հոգաբարձութենէն), Կապոյտ խաչը իր բոլոր մասնաճիւղերով, «Նոր Սերունդ»-ի Շրջ. վարչութիւնը ամբողջական կազմով եւ...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Երկար մտածելով հարց մը չի լուծուիր, կը կարօտի ժամանակի. հետեւաբար առժամաբար մէկ կողմ դրէք տուեալ խնդիրը: Օր մը ինքնաբերաբար կը կարգադրուի` զարմացնելով ձեզ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Տրամադրուած էք օգտակար ըլլալու անձի մը, զոր չէք ճանչնար: Ձեր վեհանձնութիւնը պիտի գնահատուի ամէնուն կողմէ: Կարեւորը բարիքն է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր ստանձնած պարտականութիւնները կամ...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յովհաննէս Մանուկ Մանուկեանի մահուան քառասունքին առիթով` Յակոբ եւ Սիլվա Գարավարդանեան 50,000 լ. ո. Գնահատելով «Ազդակ»-ի 25 փետրուար 2014-ի թիւին մէջ լոյս տեսած Սումկայիթի Եղեռնագործութեան զոհերու յիշատակի հաւաքին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչին արտասանած խօսքը` Մարի եւ Արմինէ Մոնոֆարեաններ 20,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (3 Մարտ 1964)

Ընտրական Քրոնիկ ՀՅԴաշնակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ներկայացուցիչները երկրորդ հանդիպում մը ունեցան շաբաթ, 26 փետրուար, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան տան մէջ: Այս հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ նախկին նախարար եւ երեսփոխան Ֆուատ Պութրոս, որ այնքան արժանաւորապէս ներկայացուց յոյն-համայնքը լիբանանեան խորհրդարանին մէջ, վերջին 4 տարիներու ընթացքին: Երկու կուսակցութեանց եւ Ֆուատ Պութրոսի միջեւ գոյացաւ վերջնական համաձայնութիւն մը, թէ միասին պիտի մասնակցին ընտրութեան,...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Համարձակ եղէք, այսօր ձեր գործերը յառաջ պիտի ընթանան, ձեզի կը մնայ շարժիլ: Աստղերը պիտի օգնեն ձեզի: Եռանդուն եղէք, նախաձեռնող: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ուշադիր եղէք ձեր սնունդին, ուտել-խմելուն: Կարիքը ունիք աշխուժանալու: Աւելորդ ձեւով դուք ձեզ մի՛ զրկէք ուտելէ, կը տկարանաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Օրը շատ լաւ է անձնական ծրագիրներ իրագործելու: Օգտուեցէք օրուան...

venedig-1

Հետաքրքրական. Վենետիկը Պիտի Փրկուի

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Վենետիկ քաղաքը կը գտնուի Իտալիոյ հիւսիս արեւելքը: Ան հիմնուած է հարիւրաւոր պզտիկ կղզիներու վրայ, որոնք իրնրու կապուած են կամուրջներով: Հոն կը գտնուին սքանչելի պալատներ, եւ քաղաքը ամէն տարի կը կազմակերպէ բարեկենդանի հանրածանօթ փառատօն մը: Ամէն տարի աւելի քան 20 միլիոն զբօսաշրջիկ կ՛այցելեն քաղաք: Սակայն Վենետիկը վտանգի տակ է: Քաղաքին տակի ջրակոյտին հողը կրնայ խորտակուիլ, օդին ապականումը...

50 Տարի Առաջ (1 Մարտ 1964)

Խմբագրական Խլրտումներ Արեւելեան Եւրոպայի Մէջ Ֆրանսական գործակալութեան մասնաւոր թղթակիցը վերջերս այցելեց Ռումանիա` վերադարձին վեր հանելով կարգ մը յատկանշական երեւոյթներ, որոնք ակնբախ կերպով ցոյց կու տան, թէ ուղղակի խորհրդային հակակշռին ենթակայ այդ երկրէն ներս, որ բոլոր արբանեակներուն մէջ ամէնէն «հնազանդը» կը նկատուի, ծայր տուած է հակառուսական շարժում մը, որուն արտաքին երեւոյթները թէեւ տեսանելի են, հետեւանքները սակայն կը մնան աննախատեսելի: Թէեւ այս...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Յստակօրէն պիտի կարենաք տեսնել ձեր ասպարէզին վերաբերեալ հարցերը: Դրական արդիւնքներ կ՛ակնկալէիք, պիտի ստանաք եւ օրը պիտի ըլլայ յաջող: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ծրագրեցէք, կառուցեցէք, ինչ որ պէտք է ձեր կեանքին համար: Ձեր գործունէութեան մասնակից դարձուցէք ձեր բարեկամները: Օրը ունի լաւ անակնկալ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ կարգ մը դժուարութիւններ ունենաք, յետաձգեցէք ձեր ընելիքը...

50 Տարի Առաջ (27 Փետրուար 2014)

Փետրուարեան Ապստամբութեան 43-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւնը Ս. Նշան Ազգային Միջնակարգ Վարժարանին Մէջ Երեքշաբթի, 18 փետրուար կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Ս. Նշանի մանկապարտէզի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Փետրուարեան ապստամբութեան 43-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը` կազմակերպուած դպրոցի գրական յանձնախումբին կողմէ: Օրուան հիւրն էր Կարօ Սասունի: «Մշակ բանուոր»-ի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք աւարտական կարգի աշակերտներէն Հրայր Պալեան կատարեց հանդէսին բացումը` ընելով հակիրճ պատմականը` փետրուար 18-ի մեր ապստամբութեան:...

Page 395 of 482 1 … 394 395 396 … 482