Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. Վենետիկը Պիտի Փրկուի

March 1, 2014
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

venedig-2venedig-1Վենետիկ քաղաքը կը գտնուի Իտալիոյ հիւսիս արեւելքը: Ան հիմնուած է հարիւրաւոր պզտիկ կղզիներու վրայ, որոնք իրնրու կապուած են կամուրջներով: Հոն կը գտնուին սքանչելի պալատներ, եւ քաղաքը ամէն տարի կը կազմակերպէ բարեկենդանի հանրածանօթ փառատօն մը: Ամէն տարի աւելի քան 20 միլիոն զբօսաշրջիկ կ՛այցելեն քաղաք:

Սակայն Վենետիկը վտանգի տակ է: Քաղաքին տակի ջրակոյտին հողը կրնայ խորտակուիլ, օդին ապականումը իր վնասներով կը սպառնայ քաղաքին, նաեւ հսկայական մակընթացութիւնները զայն մնայուն կերպով կ՛ողողեն:

venedig-3

Բացառիկ Մակընթացութիւններ

Ծովուն կողքին գտնուող Վենետիկ քաղաքը միշտ ջուրի մակընթացութիւններու ազդեցութեան տակ է: Կարգ մը մակընթացութիւններ բացառիկ ուժ ունին: Այդ երեւոյթը կը կոչուի «աքուա ալթա» (իտալերէնով` բարձր ջուրեր): Զօրաւոր հովեր կը քշեն ծովէն եկած այս մակընթացութիւնները,  որոնք կրնան քաղաքը ողողել: Այս պատճառով է, որ պետութիւնը իւրայատուկ ծրագիր մը յղացած է:

Պաշտպանուած Մէկ Դարու Ընթացքին

Վենետիկի ծովու ջուրերուն մէջ սկսած են դրուիլ հսկայական ամբարտակներ: Երբ ծովուն ջուրերը շատ կը բարձրանան, ամբարտակներն ալ կը բարձրանան եւ ալիքները կը կեցնեն: 2016 թուականին երբ ամբողջ դրութիւնը վերջնականապէս հաստատուի, գոյութիւն պիտի ունենան 3 հսկայական ամբարտակներ: Ճարտարագէտները կը նախատեսեն, որ այս ձեւով Վենետիկ մակընթացութիւններէն պաշտպանուած պիտի ըլլայ նուազագոյնը մէկ դար:

 

Ձեռային Աշխատանք

Բարեկենդանի Դիմակներ

Ա.- Իւրայատուկ ակնոցներ

Պէտք ունիս. Սեւ խաւաքարտի, զոյգ մը ակնոցի, բաց գոյնով ներկ մատիտի, մկրատի, հաւկիթի խաւաքարտ տուփի, ջրաներկի (աքրիլիք), վրձիններու, ճերմակ խէժի եւ խէժի վրձինի- փակցնելու անտեսանելի երիզի, ծխամորճ մաքրելիք ցպիկի:

Պատրաստութիւն.

1.- Իսկական ակնոցները դիր սեւ խաւաքարտին վրայ եւ բաց գոյնի մատիտով մը գծէ անոր շրջագիծը, ստանալու համար աչքերուն եւ քիթին ճիշդ տեղերը: Կտրէ խաւաքարտէ ակնոցը:  2.- Հաւկիթի խաւաքարտէ տուփիկէն երկու փոսիկ կտրէ աչքերուն համար: Չափահասէ մը խնդրէ, որ անոնց մէջտեղը ծակ մը բանայ աչքերուն համար: Ապա տուփէն կտոր մը կտրէ քիթին համար: Աչքերը եւ քիթը ներկէ, ձգէ որ չորնան: 3.- Երբ անոնք չորնան, աչքերը եւ քիթը փակցուր սեւ ակնոցներուն վրայ: Երբ անոնք ալ չորնան, քիթին մէկ ծայրը քիչ մը դէպի վեր ծալէ, միւս ծայրը փակցնելիք երիզով փակցնելով:
1.- Իսկական ակնոցները դիր սեւ խաւաքարտին վրայ եւ բաց գոյնի մատիտով մը գծէ անոր շրջագիծը, ստանալու համար աչքերուն եւ քիթին ճիշդ տեղերը: Կտրէ խաւաքարտէ ակնոցը:
2.- Հաւկիթի խաւաքարտէ տուփիկէն երկու փոսիկ կտրէ աչքերուն համար: Չափահասէ մը խնդրէ, որ անոնց մէջտեղը ծակ մը բանայ աչքերուն համար: Ապա տուփէն կտոր մը կտրէ քիթին համար: Աչքերը եւ քիթը ներկէ, ձգէ որ չորնան:
3.- Երբ անոնք չորնան, աչքերը եւ քիթը փակցուր սեւ ակնոցներուն վրայ: Երբ անոնք ալ չորնան, քիթին մէկ ծայրը քիչ մը դէպի վեր ծալէ, միւս ծայրը փակցնելիք երիզով փակցնելով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4.- Երկու ծխամորճի ցպիկներ սեւով ներկէ, եւ ձգէ, որ չորնան: Սեւ խաւաքարտէ ակնոցին ծայրերը ճերմակ խէժ դիր եւ ցպիկները այդ ծայրերուն վրայ փաթթէ քանի մը անգամ. ձգէ, որ չորնան: Ցպիկներուն ծայրերը ծռէ, որպէսզի կարենաս ակնոցը ականջներուդ ետեւը անցընել:
4.- Երկու ծխամորճի ցպիկներ սեւով ներկէ, եւ ձգէ, որ չորնան: Սեւ խաւաքարտէ ակնոցին ծայրերը ճերմակ խէժ դիր եւ ցպիկները այդ ծայրերուն վրայ փաթթէ քանի մը անգամ. ձգէ, որ չորնան: Ցպիկներուն ծայրերը ծռէ, որպէսզի կարենաս ակնոցը ականջներուդ ետեւը անցընել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

A-6

 

 

A-5

 

 

 

 

 

* * * 

Բ.- Տխուր եւ ուրախ դիմակը

Պէտք ունիս. խաւաքարտէ պնակի, մկրատի, ջրաներկի (աքրիլիք) եւ վրձիններու, մատիտի, խոհանոցի տաբակ սպունգի, խոռովածի երկու երկար ցպիկներու, ճերմակ խէժի, խէժի վրձինի, ժապաւէնի:

Պատրաստութիւն.

1.- Չափահասէ մը խնդրէ, որ քեզի օգնէ խաւաքարտէ պնակին վրայ աչքերուն երկու ծակերը կտրելու` անոնց տեղերը ստուգելով քու դէմքիդ վրայ: Դիմակին կէսը դեղին ներկէ, միւս կէսը կապոյտ: Երբ ներկը չորնայ, սեւ գիծերը աւելցուր:   2.- Խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ տխուր բերան մը եւ ուրախ բերան մը: Այս երկու բերանները իբրեւ կաղապար գործածելով անոնց շրջագիծերը գծէ տաբակ սպունգին վրայ. զանոնք կտրէ: Չափահասէ մը խնդրէ, որ ցպիկներուն սուր ծայրերը կտրէ: Իւրաքանչիւր բերանի համար, խաւաքարտէ բերանին վրայ խէժ դիր եւ զայն փակցուր սպունգէ բերանին վրայ` երկուքին միջեւ անցնելով ցպիկը: Ձգէ, որ չորնան:  3.- Խաւաքարտէ պնակին ետեւը 1 մեթր ժապաւէն փակցուր եւ ձգէ, որ չորնայ: Այս ժապաւէնով է, որ դիմակը դէմքիդ վրայ պիտի պահես:
1.- Չափահասէ մը խնդրէ, որ քեզի օգնէ խաւաքարտէ պնակին վրայ աչքերուն երկու ծակերը կտրելու` անոնց տեղերը ստուգելով քու դէմքիդ վրայ: Դիմակին կէսը դեղին ներկէ, միւս կէսը կապոյտ: Երբ ներկը չորնայ, սեւ գիծերը աւելցուր:
2.- Խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ տխուր բերան մը եւ ուրախ բերան մը: Այս երկու բերանները իբրեւ կաղապար գործածելով անոնց շրջագիծերը գծէ տաբակ սպունգին վրայ. զանոնք կտրէ: Չափահասէ մը խնդրէ, որ ցպիկներուն սուր ծայրերը կտրէ: Իւրաքանչիւր բերանի համար, խաւաքարտէ բերանին վրայ խէժ դիր եւ զայն փակցուր սպունգէ բերանին վրայ` երկուքին միջեւ անցնելով ցպիկը: Ձգէ, որ չորնան:
3.- Խաւաքարտէ պնակին ետեւը 1 մեթր ժապաւէն փակցուր եւ ձգէ, որ չորնայ: Այս ժապաւէնով է, որ դիմակը դէմքիդ վրայ պիտի պահես:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

B-5

4.- Բերանները կարմիր ներկով ներկէ եւ ձգէ, որ չորնան: Անոնք քեզի պիտի ծառայեն երբեմն տխուր, երբեմն ալ ուրախ պատմութիւններ պատմելու:
4.- Բերանները կարմիր ներկով ներկէ եւ ձգէ, որ չորնան: Անոնք քեզի պիտի ծառայեն երբեմն տխուր, երբեմն ալ ուրախ պատմութիւններ պատմելու:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Գ.- Թէյնիկը

Պէտք ունիս.

Ալիւմինյոմէ կլորակ խորունկ ամանի մը, մկրատի մը, խաւաքարտի, մատիտի, ճերմակ խէժի եւ խէժի վրձինի, ակրաֆի գործիքի, թերթերու, ջրաներկի (աքրիլիք) եւ վրձինի ժապաւէնի:

Պատրաստութիւն.

1.- Չափահասէ մը խնդրէ, որ քեզի օգնէ ալիւմինիոմ պնակին վրայ ճշդելու եւ կտրելու աչքերուն եւ բերանին տեղերը:  2.- Խաւաքարտի կտորի մը վրայ գծէ եւ կտրէ թյէնիկին կոթը, բերանը եւ կափարիչը: Անոնց չափերէն վստահ ըլլալու համար, սկիզբը գծէ ամանին շրջագիծը, ապա աւելցուր տարբեր մասերը:  3.- Թէյնիկին կոթը, բերանը եւ կափարիչը փակցուր, ապա ակրաֆներով ամրացուր: Երբ չորնան, ամբողջ թէյնիկին վրայ ճերմակ խէժով թերթի պատրտուած կտորներ փակցուր: Զայն ամբողջովին ծածկէ: Կրնաս թերթերու երկրորդ խաւ մըն ալ փակցնել: Ձգէ, որ չորնայ:
1.- Չափահասէ մը խնդրէ, որ քեզի օգնէ ալիւմինիոմ պնակին վրայ ճշդելու եւ կտրելու աչքերուն եւ բերանին տեղերը:
2.- Խաւաքարտի կտորի մը վրայ գծէ եւ կտրէ թյէնիկին կոթը, բերանը եւ կափարիչը: Անոնց չափերէն վստահ ըլլալու համար, սկիզբը գծէ ամանին շրջագիծը, ապա աւելցուր տարբեր մասերը:
3.- Թէյնիկին կոթը, բերանը եւ կափարիչը փակցուր, ապա ակրաֆներով ամրացուր: Երբ չորնան, ամբողջ թէյնիկին վրայ ճերմակ խէժով թերթի պատրտուած կտորներ փակցուր: Զայն ամբողջովին ծածկէ: Կրնաս թերթերու երկրորդ խաւ մըն ալ փակցնել: Ձգէ, որ չորնայ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4.- Թէյնիկդ կարմիր ներկէ եւ ձգէ, որ չորնայ: Երբ չորնայ վրան պզտիկ ճերմակ կէտեր ըրէ փոքր վրձինով մը:  5.- Դիմակը գլխուդ վրայ անցընելու համար, իւրաքանչիւր կողմի վրայ, իրարմէ մօտաւորապէս 3 սմ հեռաւորութեամբ, երկու ծակեր բաց: Մէկ կողմի ծակերէն ժապաւէն մը անցուր եւ հանգոյց մը ըրէ. դիմակը դէմքիդ վրայ դիր (հայելիի մը առջեւ կենալով), միւս կողմի ծակերէն  անցուր ժապաւէն եւ ամրացուր զայն:
4.- Թէյնիկդ կարմիր ներկէ եւ ձգէ, որ չորնայ: Երբ չորնայ վրան պզտիկ ճերմակ կէտեր ըրէ փոքր վրձինով մը:
5.- Դիմակը գլխուդ վրայ անցընելու համար, իւրաքանչիւր կողմի վրայ, իրարմէ մօտաւորապէս 3 սմ հեռաւորութեամբ, երկու ծակեր բաց: Մէկ կողմի ծակերէն ժապաւէն մը անցուր եւ հանգոյց մը ըրէ. դիմակը դէմքիդ վրայ դիր (հայելիի մը առջեւ կենալով), միւս կողմի ծակերէն անցուր ժապաւէն եւ ամրացուր զայն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

C-6

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գոյութիւն ունեցող 12 անբնական մանրամասնութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գոյութիւն ունեցող 12 անբնական մանրամասնութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ինը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ինը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին համապատասխանող հայելի պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին համապատասխանող հայելի պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ թիւերուն համապատասխանող տեղերը:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ թիւերուն համապատասխանող տեղերը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Մարտ 1964)

Յաջորդը

Սուրիական Օրագրութիւն 43

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.