Այլազան

Պրազիլը Պատրա՞ստ Է Մոնտիալին

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մոնտիալը պիտի սկսի 12 յունիսին, Պրազիլի մէջ. սակայն մէկ ամիս առաջ անոր դաշտերուն կառուցումը տակաւին չէ աւարտած: Այս ուշացումը եւ աշխատանքներուն ծախսը մեծ մտահոգութիւններ կը պատճառեն: Պրազիլի համար մեծ տօն մըն էր, երբ 2007 թուականին ան ընտրուեցաւ 2014-ի Մոնտիալի կազմակերպիչ երկիր: Աշխատանքները շատ շուտ սկսան: Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնի` ՖԻՖԱ-ի պատասխանատուները կ՛երազէին, որ դաշտերը ժամանակէն առաջ պիտի...

50 Տարի Առաջ (7 Յունիս 1964)

Տոմսեր Ծափ Եւ Ծափահարութիւն Օտար մամուլին մէջ ծափահարութեան հարց մը կը յուզուի այս օրերուն... Բարեբախտաբար ազգային հարց չէ, այլ բացառապէս... միջազգային. հետեւաբար չի սպառնար մեր ներքին կեանքին` պառակտումի կամ անմիաբանութեան վտանգով: Անգլիացի դերասանուհի մը, վերջերս, կէս ձգելով բեմին վրայ իր դերակատարութիւնը, հեռացած է թատրոնէն` յայտարարելով, որ «ակնկալուած ծափահարութիւնը չի գտներ ներկաներէն»: Մոսկուայի մէջ եւս դերասան մը նո՛յն առարկութեամբ հրաժեշտ տուած...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պաշտօնական ձեր թուղթերը կանոնաւոր կերպով պահեցէք, որպէսզի երբ պէտք ունենաք անոնց, շուտով գտնէք: Կարգապահութիւնը ձեր առօրեային պաշտպանն է: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Անիմաստ հարցեր եթէ ստեղծուին ձեր շուրջը, բարեկամական կամ ընտանեկան պարագային ձեր իմաստութիւնը օգտագործեցէք, մի՛ պատասխանէք ոեւէ մէկուն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Պաշտօնի բարձրացում մը հաւանական է: Այս կապակցութեամբ պիտի կարենաք նոր...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Թագուհի Խաշնձեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Շաղիկ Մեսրոպեան 50$ Տէր եւ տիկին Տարօն եւ Մատլեն Տէր Խաչատուրեան 50$ Տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Սիլվա Տէր Խաչատուրեան 50$

50 Տարի Առաջ (6 Յունիս 1964)

Մայիս 28-ը Եգիպտոսի Մէջ Մայիս 31-ին Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի անկախութեան 46-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը` խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան: Հանդէսի նախագահ Լեւոն Յովհաննէսեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձած է մայիս 28-ի խորհուրդին: Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր: Խմբավար Ե. Ալեքսանեանի նուագախումբը մասնաւոր փայլ մը տուած է հանդիսութեան: Ներկայացուած է խորհրդապատկեր մը` Ա. Ահարոնեանի «Կարօտ հայրենի»-ն: Բանախօսած է...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ուշադիր եղէք կլիմայի փոփոխութեան, տաք օդէն ցուրտ եւ հակառակը կրնայ վնասել մարմինին` թոքի եւ աղիքներու անհանգստութիւն պատճառելով: Կրամ մը զգուշութիւնը առաջքը կ՛առնէ բարդութիւններու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Հիւրասիրութիւնը քաղաքակրթութեան մաս կը կազմէ. այսուհանդերձ, ըստ ձեր ժամանակին կատարեցէք հիւրընկալութիւնը, որպէսզի չխանգարուի ձեր աշխատանքը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Հաստատ մնացէք ձեր որոշումին վրայ, որ կը...

Amalia_From-Italy-with-love-f

Այլազան. «Ֆրամ Իթըլի Ուիթ Լաւ»

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ամալիա Խաչիեան իտալահայ է, ան ունի նորաձեւութեան վերաբերող պլոկ մը, որ կը կոչուի «Ֆրամ Իթըլի ուիթ լաւ»: Նիուզ տոթ էյ. էմ.ին հետ կատարուած հարցազրոյցէն քաղուածաբար կու տանք հետեւեալ տեղեկութիւնները: Ամալիա արդէն 3 տարիէ ի վեր Իտալիա տեղափոխուած է, ամուսնացած է եւ ունի 2 տարեկան երեխայ մը: «Ֆրամ Իթըլի ուիթ լաւ» պլոկով ան կը փորձէ ընթերցողին ցոյց տալ,...

50 Տարի Առաջ (5 Յունիս 1964)

Հայկական Փառատօնը Նիւ Եորքի Ցուցահանդէսին Աւելի Քան 100 Հազար Ներկաներ Արցունքով Եւ Յուզումով Հետեւած Են Յայտագրին Նիւ Եորքէն մեր թղթակիցը կը գրէ.- Անօրինակ յուզումի եւ խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ, 10 հազարէ աւելի ներկաներու մասնակցութեամբ, Նիւ Եորքի միջազգային ցուցահանդէսի մը հանդիսավայրին մէջ տեղի ունեցան հայկական փառատօնի մշակութային հանդիսութիւնները` 31 մայիսին, կիրակի, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին եւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Ժամը ճիշդ 2:00-ին...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Մի՛ զղջաք ձեր ըրած բարիքին համար, երբ անդրադառնաք, թէ անարժան անձի մը հետ է ձեր գործը: Ըրէք ձեր կարելին` ձեր խիղճը հանդարտեցնելու համար: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Որոշուած ծրագիր մը պիտի յետաձգէք առ այժմ` կարգ մը անակնկալ պատճառներու համար: Համբերութիւնը աւելի օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի: Մի՛ վհատիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Բարեկամներու կողմէ...

50 Տարի Առաջ (4 Յունիս 1964)

Խօսք Ողջոյնի   Ողջոյն ձեզ, ո՜վ յոբելեար պատանի ընկերներ, Ողջոյն ձեզ երիտասարդ թէ տարեց դաշնակցականներ... Բիւր յարգանք ձեր յիշատակին, ո՜վ անդարձ մեկնած` այլ միշտ մեր մէջ ներկայ, խնկելի ընկերներ... Այսօր Դաշնակցութիւնը կը տօնախմբէ իր կրտսեր սերունդներուն` պատանեկան միութեանց հիմնադրութեան քառասնամեայ յոբելեանը: Թող ներուի մեզի, ամբողջ պատանեկան շարքերուն անունով մեր յարգանքը մատուցանել ձեր յիշատակին, դուք որ հաւաքեցիք մեզ վրաններու տակէն, թիթեղեայ...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր ստանձնած աշխատանքները շարունակեցէք ինքնավստահութեամբ, ի՛նչ ալ ըլլան օրուան հարցերը: Պիտի կարենաք յաջողութեամբ աւարտել ձեր վրայ դրուած պարտականութիւնները: Ուրախ եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ճամբորդութիւն մը կատարելու ձեր ծրագիրը պիտի իրագործէք շուտով: Ձեր գացած տեղը պիտի ունենաք նոր հանդիպումներ, նոր ծանօթութիւններ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Դուք ձեզ պիտի զգաք աւելի ազատ, որովհետեւ աւարտած...

50 Տարի Առաջ (3 Յունիս 1964)

Ընկ. Վահան Պալեանի Յուղարկաւորութիւնը Յուղարկաւորներու ստուար բազմութիւն մը, բաղկացած` ընտանեկան պարագաներէ, ընկերներէ եւ բարեկամներէ, երէկ երկուշաբթի, կէսօրէ ետք, իր վերջին հանգստարանը առաջնորդեց հաւատաւոր դաշնակցական ընկեր մը` Վահան Պալեանը: Դագաղին մինչեւ գերեզմանատուն հետեւեցան շրջանի ազգային պատասխանատու անձնաւորութիւններ, կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ պետական երեսփոխաններ` Ժան Հարպ, զօր. Ժեմիլ Լահուտ, Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Խաչիկ Պապիկեան: Տան կարգէն ետք մարմինը ձեռամբարձ բերուեցաւ Էշրեֆիէի...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Փոքր հարցերը խոշորացոյցով մի՛ դիտէք, այլ մեղմ վերաբերումով կրնաք լուծումներ գտնել: Հարկ է իմաստութեամբ շարժիլ նման պահերու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր տուած որոշումին համաձայն պիտի գտնուին ձեր գործակիցները, հետեւաբար պիտի կարենաք դիւրութեամբ իրագործել ձեր նպատակը, որ օգտակար է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Մանրամասնութիւնները պրպտելը օգուտ մը կ՛ունենայ ձեր կատարած ուսումնասիրական աշխատանքին, բայց...

50 Տարի Առաջ (2 Յունիս 1964)

ՀՄԸՄ-ի Նորակառոյց Ակումբին Բացումը Հանգանակուեցաւ 30,000 Լ. Ոսկի ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի նորակառոյց ակումբին բացումը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 31 մայիս, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, շքեղ հանդիսութեամբ: Հրաւիրեալներու ստուար բազմութիւն մը նախ պտտեցաւ ակումբին զանազան մասերը, յատկապէս` վերնայարկի շքեղ սրահը, որ իր արդիական ոճով, անպաճոյճ, այլ նրբարուեստ յարդարանքով, ուսումնասիրուած եւ համասփիւռ լուսաւորութեամբ, մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնք իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին վարչութեան: Այնուհետեւ,...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ուշադրութեամբ հետեւեցէք օրուան անցուդարձերուն, որպէսզի անգիտակցութեամբ սխալ որոշում մը չտաք օրուան ձր ծրագրին վերաբերեալ: Խոտհեմ եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շողոքորթ անձերու խօսքերուն մի՛ հաւատաք: Ձեր խիղճը եւ ձեր կարողութիւնը ինչ որ թելադրեն, հետեւեցէք անոնց, մնացեալները ոչինչ կ՛ըսեն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր որոշումը, ընտանեկան կամ աշխատանքային ծրագիրներու վերաբերեալ, կարելի է գործնականացնել առանց...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Իրենց ամուսնոյն եւ հօր` Մարտիրոս Աղազարեանի մահուան քառասունքին առիթով` Աղազարեան ընտանիք 50$ Թագուհի Խաշընձեանի մահուան առիթով` Խաչիկ Գույումճեան եւ զաւակունք 50,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (31 Մայիս 1964)

Խմբագրական Պատանեկան Միութեան Քառասնամեակը Կիրակի, 31 մայիսին պիտի տօնուի Լիբանանի պատանեկան միութեանց քառասնամեակը` փառաշուք հանդիսութեամբ: Այս առթիւ կազմուած յոբելենական Կեդրոնական յանձնախումբը ամիսէ մը ի վեր բուռն թափով աշխատանքի լծուած է` առաւելագոյն փայլք տալու համար այս հանդիսութեան, որ նոյն ատեն պիտի հանդիսանայ ՀՅ դաշնակցութեան պատանեկան շարքերուն ուղղուած ջերմ խօսքերու հրապարակային առիթ մը, ինչպէս նաեւ չորս տասնամեակներու ընթացքին պատանեկան շարժումի վերելքին ու...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Հաւանաբար վէճ մը ունենաք ձեր շրջանակին մէջ, ուրեմն ուշադիր եղէք, որ ձեր խօսակցութիւնը ձեր շրջանակին մէջ ըլլայ մեղմ եւ անվնաս: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ուրիշներու այցելելէ առաջ այսօր պիտի փափաքիք այցելել ձեր ընտանիքին անդամներուն, որոնց հետ հաճելի ժամեր պիտի ապրիք: Յարգեցէք հարազատութիւնը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Դրամական հարց մը պիտի ունենաք, իրար անցնելու...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Քաջալերելով «Ազդակ»-ի աշխատանքները` Տէր եւ տիկին Կարապետ Պարտիզպանեան (Ապու Տապի) 300$ Իրենց եղբօր` Երուանդ եւ Զարեհ Մոնոֆարեաններու ծննդեան յիշատակին եւ Մայիս 28-ին Սարդարապատի յաղթանակին առիթով` Մարի եւ Արմինէ Մոնոֆարեաններ  50,000 լ. ո.    

Page 386 of 483 1 … 385 386 387 … 483