Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրազիլը Պատրա՞ստ Է Մոնտիալին

June 7, 2014
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Maga_mondialՄոնտիալը պիտի սկսի 12 յունիսին, Պրազիլի մէջ. սակայն մէկ ամիս առաջ անոր դաշտերուն կառուցումը տակաւին չէ աւարտած: Այս ուշացումը եւ աշխատանքներուն ծախսը մեծ մտահոգութիւններ կը պատճառեն:

Պրազիլի համար մեծ տօն մըն էր, երբ 2007 թուականին ան ընտրուեցաւ 2014-ի Մոնտիալի կազմակերպիչ երկիր: Աշխատանքները շատ շուտ սկսան:

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնի` ՖԻՖԱ-ի պատասխանատուները կ՛երազէին, որ դաշտերը ժամանակէն առաջ պիտի վերջանային եւ յանձնուէին, եւ իրենք պիտի կարենային զանոնք փորձել բացումէն առաջ:

Սակայն, եօթը տարի ետք, Մոնտիալի բացումէն մէկ ամիս առաջ, անոնք շատ մտահոգ էին: Աշխատանքները ամիսներու ուշացում արձանագրած են: Շինուած 12 դաշտերէն չորսը տակաւին չեն աւարտած: Տակաւին ջուրերու խողովակները պէտք էր հաստատուէին 6 դաշտերու մէջ: 12 յունիսին բացումի խաղը Պրազիլի եւ Խրուաթիոյ միջեւ, ընդունող դաշտին բացումը կատարուեցաւ 11 մայիսին, սակայն դաշտին տանիքին աշխատանքները տակաւին չէին աւարտած, աթոռներ կը պակսէին եւ թելեր կախուած էին: Ո՛չ մէկ դաշտ տակաւին օժտուած է հաղորդակցական միջոցներով եւ անթել համացանցով:

Դաշտերուն կողքին կան նաեւ կառատուները, որոնց կառուցումը եւս պէտք է աւարտել, կազմակերպել փոխադրամիջոցները, օդակայանները նախապատրաստել խուժող զբօսաշրջիկները ընդունելու համար…

Վերջապէս, աշխատանքներու այս ուշացումներուն վրայ կու գայ աւելնալու անոնց ծախսի հարցը:

Ան մրցանիշ արձանագրած է եւ դժգոհութիւն կը պատճառէ բնակիչներուն մեծ մասին:

Մասնագէտները կ՛ըսեն, թէ միայն Պրազիլի յաղթանակը 13 յուլիսին կրնայ ժողովուրդին մոռցնել տալ այս բոլոր մտահոգութիւնները: Մեծ ճնշում` Պրազիլի ազգային խումբին վրայ:

Գիտէի՞ր, Թէ…

  • Այս Մոնտիալը ամէնէն ծախսալից Մոնտիալն է: Ան նուազագոյնը 10 միլիառ տոլար պիտի արժէ: Նախատեսուածէն երկու անգամ աւելի:
  • Երկիրը կ՛ակնկալէ 600 հազար օտար զբօսաշրջիկ: Անոնք պիտի աւելնան 3 միլիոն պրազիլցիներուն վրայ, որոնք երկրին մէջ պիտի տեղափոխուին տարբեր խաղերու ներկայ գտնուելու համար:
  • 150 հազար ոստիկաններ եւ ապահովութեան անձնական ընկերութիւններու 20 հազար անդամներ պիտի հսկեն ապահովութեան` դաշտերէն ներս թէ դուրս:
  • 2 պրազիլցիներէն մէկը միայն ուրախ է, որ երկիրը Մոնտիալը կ՛ընդունի: Շատեր ընդվզած են ծախսուած գումարները տեսնելով, մինչ մեծ թիւով բնակիչներ թշուառութեան մէջ կ՛ապրին:
  • Բարկացած բնակչութիւնը կը սպառնայ ցոյցերը շարունակել եւ գործադուլներ կազմակերպել մրցաշարքին ընթացքին:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ…

Ամերիկացի Չատ Ֆել 51 սմ տրամագիծով ծամոնէ փուչիկ մը ուռեցուց:
Ամերիկացի Չատ Ֆել 51 սմ տրամագիծով ծամոնէ փուչիկ մը ուռեցուց:
0706anhavadali-1
Գիտէի՞ր, թէ Օլեքսանտր Պոզեիք կրնայ չորս ջութակ նուագել միաժամանակ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Միջին հաշուով ականջ մը կ՛երկարի 0,03 սմ ամէն տարի:
  • Հին Հռոմի մէջ ճաղատ մարդիկը յաճախ մազեր կը գծէին իրենց գլխուն վրայ:
  • Եթէ Քալիֆորնիոյ մէջ ամէն տարի աճող ելակները քով-քովի դրուէին, անոնք կրնային աշխարհի շուրջը 15 անգամ ընել:
  • Թռչունները չեն քրտնիր: Անոնք քրտինքի գեղձեր չունին:
  • Ընձուղտներու կճղակները ճաշի պնակներու չափ մեծ են:
  • Միացեալ Նահանգներու Մերիլենտ նահանգի Պալթիմոր քաղաքին մէջ օրէնքի դէմ է առիւծ մը շարժապատկերի սրահ մտցնել:
  • Ռենտի Կարտնըր արթուն մնաց 264 ժամ եւ 12 վայրկեան, 1964 թուականին: Ետքը ան քնացաւ միայն 14 ժամ եւ 40 վայրկեան:
  • Չղջիկները բութամատ ունին:
  • Կոկորդիլոսը կրնայ մինչեւ մէկ ժամ մնալ ջուրին տակ առանց շնչելու: Ան ասիկա կրնայ իրականացնել իր սրտին տրոփումները դանդաղեցնելով վայրկեանին մէջ մինչեւ երկու կամ երեք տրոփումի:
  • Մարդոց մեծ մասը օրական 50-100 գլխու մազ կը կորսնցնէ:
  • Հաուայի այբուբենը միայն 12 գիր ունի:
  • Փիղերը միակ ստնաւոր անասուններն են, որոնք չեն կրնար ցատկել:
  • Հոնկ Քոնկէն Պերի Հիփ 81 ժամ եւ 23 վայրկեան անցուց 1000 քարաօքէյի երգեր երգելով:
  • Մեղուները մէկ վայրկեանի մէջ իրենց թեւերը կը շարժեն 11,500 անգամ:
  • Աշխարհի ամէնէն մեծ ձիւնի փաթիլը ունէր 38 սմ լայնք եւ 20 սմ հաստութիւն: Ան ինկաւ Մոնթանայի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, 28 յունուար 1887-ին:
  • Կարելի է գնել պանիրի հոտ ունեցող անուշահոտ:
  • Մեր կեանքին ընթացքին մենք մօտաւորապէս 600 միլիոն անգամ շունչ կ՛առնենք, այսինքն` օրական մօտաւորապէս 23,000 անգամ:
  • Տասը անձէն մէկը կ՛ապրի կղզիի մը վրայ:

 

 Ֆութպոլ` Գերմանացիները, Անգլիացիները,
Սպանացիները… Բոլորը Նո՞յն Ձեւով Կը Խաղան

Maga_footballՈ՛չ: Ըստ իրենց քաղաքացիութեան, խումբերը տարբեր կը խաղան:

Օրինակի համար, Եւրոպայի մէջ կարելի է տարբերել հիւսիսային երկիրներու խաղը եւ հարաւային երկիրներու խաղը: Անգլիացիները եւ գերմանացիները շատ տոկուն մարմիններու խաղ մը ունին, ուղղակի եւ յարձակողական: Անոնք կ՛ուզեն կէտեր արձանագրել, յաղթել:

Իտալացիները չեն ուզեր կորսնցնել: Այս պարագան տարբեր է. անոնք նախընտրաբար պաշտպանողական եւ թաքթիք խաղ մը կը խաղան: Սպանիոյ պարագային դժուար է զանազանել, որովհետեւ այս երկրին խումբերը խաղալու տարբեր ոճեր ունին: Պարսելոնան բաւական յարձակողական է:

Պրազիլի մէջ մարզիկներ գնդակին շուրջ կը դառնան եւ գնդակը իրարու շատ կը փոխանցեն: Ասիկա իրենց երաժշտութեան` սամպային կշռոյթին հետ կ՛ընթանայ:

Խաղալու այս ոճերը կը յառաջանան մշակոյթներէն, երկիրներուն պատմութենէն… ֆութպոլի մարզիկները տարբեր ձեւով կը մարզուին: Սակայն ներկայիս խումբերը միշտ աւելի տարբեր երկիրներէ խաղցողներ կ՛առնեն: Խաղի տարբերութիւնները նուազ յստակ են: Անգլիական խումբի մը մէջ խաղցող պրազիլցի մը բնաւ պիտի չխաղայ այնպէս, ինչպէս կը խաղայ իր երկրին մէջ: Ան իր խաղը պիտի յարմարցնէ, սակայն հետը պիտի բերէ նաեւ «իր» ֆութպոլէն բաժին մը:

 

Ինչպէ՞ս Ուտել Համպըրկըրը

Manga_hamburgerԵրբ համպըրկըր մը կ՛ուտենք, ի՞նչ կարելի է ընել, որպէսզի լոլիկի շերտը վարէն չսահի, կամ` քեչափը չհոսի կզակին երկայնքին…

Ճափոնցի գիտնականներ մտածած են այս նուրբ հարցին մասին: Անոնք վերջապէս կրցած են գտնել մաքուր կերպով համպըրկըր մը ուտելու միջոցը:

Ամէն ինչ կախեալ է մատները դնելու տեղէն:

Պէտք է հացը բռնել բութամատերով եւ ճկոյթներով` տակէն, եւ մէջտեղի վեց մատներով` վրայէն:

Սակայն գիտնականները չեն ճշդեր, եթէ այս միջոցը կարելի է գործածել նաեւ միսի երկու, կամ նոյնիսկ երեք շերտով համպըրկըրներու պարագային:

 

Միլիառատէրերու Երկիրը

Manga_milliarderԱնգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ է, որ կ՛ապրին ամէնէն շատ թիւով միլիառատէրեր: Լոնտոնի մէջ անոնց թիւը 72-ի կը հասնի, մինչ Մոսկուայի մէջ անոնք 48 հոգի են, Նիւ Եորքի մէջ` 43, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ` 42, Լոս Անճելըսի մէջ` 38, եւ Հոնկ Քոնկի մէջ` 34:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կէտերը իրարու միացուր` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր` գտնելու համար պահուած պատկերը 
Քանի՞ տեսակ անասուն պահուած է այս պատկերին մէջ: Անոնց մէջ կայ անասուն մը, որ կրկնուած է:
Քանի՞ տեսակ անասուն պահուած է այս պատկերին մէջ: Անոնց մէջ կայ անասուն մը, որ կրկնուած է:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Քանի՞ ժամէն դուն պիտի կարենաս այս լաբիւրինթոսը անցնիլ:
Քանի՞ ժամէն դուն պիտի կարենաս այս լաբիւրինթոսը անցնիլ:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Յունիս 1964)

Յաջորդը

Զմմառու Ուխտի Օր

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։