Այլազան

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պարարտ եւ իւղոտ ճաշերէ հեռու մնացէք: Այսօր պատրաստեցէք ձեր ճաշը պարզ ուտելիքներով: Մասնաւորաբար` բանջարեղէն եւ քիչ մըն ալ ձուկ: Լաւագոյնն է: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ուշադիր եղէք ձեզի առաքուած պատգամներուն, մասնաւորաբար` քաղաքակրթութեան մարզին մէջ: Մի՛ տարուիք անտարբերութենէ: Հետաքրքրուեցէք շրջապատի անցուդարձերով: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր ասպարէզին բերումով պիտի սկսիք նոր շրջանի մը: Պատրաստ...

50 Տարի Առաջ (23 Յուլիս 1964)

Շնորհիւ Պապի Ոճրագործ Մը Հռոմի Բանտէն Ազատ Արձակուեցաւ Այսօր Հռոմի մէջ կը գտնուի ոճրագործ մը, որ կը բաղձայ իր սրտին վրայ սեղմել պապը: Ռոզարիօ Սքալապրինօ է անունը անոր, քառասուներեք տարու է: Քսան տարիէ ի վեր բանտն է ան, որուն յանցանքն է ոճրի մը մեղսակից ըլլալը: Ցկեանս բանտարկութիւն կրած էր ան, բայց... Ազատ արձակուեցաւ: Պապը միջամտեց իրեն համար: Դէպքը հետեւեալն է:...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Հեռացէք աղմկոտ եւ ապականած մթնոլորտով վայրերէ, դէպի բնութիւն եւ տեսարժան վայրեր այցելեցէք: Այս եղանակին օգտուեցէք ծովէն, դաշտէն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Երջանկութիւնը մեծ երեւոյթներու մէջ մի՛ փնտռէք: Մանրամասնութիւններ կան, որոնք աւելի հաճելի ժամեր կ՛ընծայեն, քան` միւս մեծ կարծուածը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ժպտացէք, ժպտուն եղէք, որպէսզի կեանքը ուրախացնէ ձեզ: Ծուռ տրամադրութիւնը, տխրութիւնը կը...

50 Տարի Առաջ (22 Յուլիս 1964)

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներուն Մասնակցութիւնը Համաարաբական 6-րդ Ճամբարին (Եգիպտոս) Համաարաբական 6-րդ ճամբարը աւելի քան վեց հազար սկաուտներու մասնակցութեամբ, 12 արաբական երկիրներէ եկած` պիտի բացուի 28 օգոստոսին, Աղեքսանդրիոյ մօտ Ապու գիրի շրջանին մէջ եւ պիտի փակուի 8 սեպտեմբերին: Այս ճամբարին նախատեսուած են բազմաթիւ հանդիսութիւններ եւ պտոյտներ, ինչպէս նաեւ` դաստիարակչական հանդիպումներ: Մասնակցութեան հրաւէր ստացած են նաեւ, Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնի միջոցով, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները: Տասերկու սկաուտներ`...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր լուրերը հաղորդեցէք ձեզի մօտիկ անձերու: Անոնք կը հետաքրքրուին ձեզմով, ուրեմն դուք ալ անոնց լուրերը կրնաք լսել: Յարգեցէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Օրը լաւ չէ ձեր գործունէութեան համար: Դուռը գոցեցէք եւ գացէք արձակուրդի: Հանգստանալ ալ պէտք է: Ուրախացէք, զուարճացէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Առանձնանալը սխալ է, դուք պէտք ունիք օգնութեան եւ մտերմութեանը ձեր...

50 Տարի Առաջ (21 Յուլիս 1964)

Հայկական Կեանք Ամերիկեան «Թայմ» Թերթը Հայ Դատի Մասին «Թայմ» շաբաթաթերթը, որ երեք միլիոն սպառում ունի եւ Մ. Նահանգներու ամէնէն ազդեցիկ հրատարակութիւններէն մէկն է, 17 յուլիսի թիւով եւ Հանրապետական կուսակցութեան Պատգամաւորական ժողովի աշխատանքներուն յատկացուած իր էջերուն մէջ (էջ 19-24) կ՛անդրադառնայ ժողովի նախօրեակին վկայութեան կոչուած զանազան կազմակերպութիւններու զեկուցումներուն եւ քաղաքական հարցերու շուրջ պարզաբանական յայտարարութեանց ու յայտնելէ ետք, թէ` «170 կազմակերպութիւններ Պատգամաւորական ժողովին...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Աշխատանքի վայրին մէջ մթնոլորտը ծանր եւ շիկացած պիտի ըլլայ, բայց նոյն ատեն կարելի պիտի ըլլայ համբերութեամբ մեղմել կացութիւնը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ունիք նախաձեռնութիւններ: Պիտի կարենաք յարմար ձեւով իրագործել ձեր ծրագիրը եւ օրը աւարտել գոհունակութեամբ: Շարունակեցէք նոյն թափով: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Վստահեցէք ձեր ներքին ձայնին, ձեր զգացողութեան եւ պիտի զգաք թեթեւ ու...

1907foot-2

Կը Սիրե՞ս Ֆութպոլ Խաղալ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ֆութպոլի մեծ տօնը աւարտեցաւ, սակայն ֆութպոլի սիրահարները պիտի շարունակեն միշտ ֆութպոլի մրցումներ դիտել եւ ֆութպոլ խաղալ: Իսկ գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունին նաեւ ֆութպոլ խաղալու տարբերակներ... Ֆութ Ֆրիսթայլ Ծնունդ` 2001-ին, ծանուցումի մը մէջ: Ռոնալտինիօ այս վերջին տարիներու ամէնէն նշանաւոր մարզիկներէն մէկն է: 2001 թուականին պրազիլցի ֆութպոլի այս «արուեստագէտը» ծանուցումի մը մէջ գնդակով ցուցադրութիւն մը ըրաւ: Այս կարճ...

50 Տարի Առաջ (19 Յուլիս 1964)

Խմբագրական Պատմական Օր Մը Չորս տարի առաջ էր: Հայրենասիրութեան, վեհութեան եւ անշահախնդրութեան սքանչելի եւ պատկառազդու դաս մը եղան նախագահ Շեհապի հրաժարման եւ այդ հրաժարականը, ժողովուրդին միահամուռ թախանձանքին ընդառաջելով, ետ առնելու զոյգ քայլերը, որոնց միջեւ երկարող վեց ժամերը անդոհալի վրդովումի մը մատնած էին ամբողջ երկիրը, անոր բոլոր հատուածները եւ բոլոր հոսանքները անխտիր: Լիբանան փրկուած էր: Աստուած անգամ մը եւս եղած էր...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պիտի կարենաք հաստատել պիւտճէ մը արձակուրդի ամիսներուն կամ ձեր ճամբորդութիւնը հաւասարակշռելու նիւթական իմաստով: Պիտի օգտուիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Դուք ձեր նկարագիրով մնացէք, առանց ուրիշին նմանելու փորձ մը ընելու: Ձեր բնական ինքնութիւնը աւելի տպաւորիչ է, քան ինչ որ կրնայ ընել կեղծիքը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր բնական կեցուածքով պիտի կարենաք գրաւել շատերուն ուշադրութիւնը:...

50 Տարի Առաջ (18 Յուլիս 1964)

Խմբագրական Միշտ Նոյն Թուրքը Կիպրոսի տագնապին առթիւ, գայլը գառնուկի մորթ հագած, հաւար կը փրցնէ: Անգարա կը խօսի ցեղասպանութեան մասին, որ իբր թէ ծրագրուած կերպով կը կիրարկուի կիպրական կառավարութեան կողմէ` բնաջնջելու համար կղզիին թուրք փոքրամասնութիւնը: Մօտ երկու ամիս առաջ, ֆրանսացի անկողմնակալ թղթակից մը, որ Կիպրոս այցելած էր, անդրադառնալով Թուրքիոյ բարձրացուցած աղմուկին, ծանրօրէն դիտել կու տար, թէ Անգարա երբեք իրաւունք չունի խօսելու...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր մեծաւորները պիտի գնահատեն եւ գովեն ձեր գործունէութիւնը: Այս գնահատանքը պիտի մղէ ձեզ լաւագոյնս յառաջանալու, եթէ նոյնիսկ փոքր թերութիւն մը ունեցած ըլլաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Դիմեցէք անձի մը խորհուրդին, եթէ չէք գիտեր, թէ ձեզի համար ո՞ր մէկն է լաւը կամ բարին: Զգուշութիւնը միշտ ձեռնտու է, իմաստութիւն է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Հրապարակային...

lutter-contre-la-mauvaise-haleine-dents

Բնական Միջոցներ` Բերնին Անախորժ Հոտը Չքացնելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Գէշ հոտող բերնին պատճառները այլազան են` փտած ակռաներ, հիւանդ լինտեր, մարսողական հարցեր, եւ այլն... Բերնին մէջ կան միլիոնաւոր մանրէներ, որոնցմէ պէտք է ձերբազատիլ մաքուր շունչ ունենալու համար: Ահաւասիկ քանի մը բնական միջոց` բերնին վատ հոտերը չէզոքացնելու համար: 1 Ակռաները խոզանակել Բերնին մանրէները չէզոքացնելու համար անհրաժեշտ է ակռաները խոզանակել ճաշի ժումերէն ետք: Ակռաներուն միջեւ մնացած ուտելիքի մնացորդները գէշ...

50 Տարի Առաջ (17 Յուլիս 1964)

Խմբագրական Ազգային Ամօթ Ամառը, օդափոխութեան եղանակին, աւելի առիթ կ՛ունենանք շփման մէջ մտնելու տարրի մը հետ, որ, ազգային ամօթ, ոչ միայն կը յամառի թրքախօսութեան իր հին ախտին մէջ, այլ, անքաւելի յանցանք, հետզհետէ կը զարգացնէ այդ լեզուն իր շրթներուն վրայ, ու նաեւ` հոգիին մէջ: Թրքախօսութիւնը, որուն մասին այնքան մելան հոսեցուցած է մեր մամուլը` կարենալ մէկ անգամ ընդմիշտ անհետացնելու համար այդ նախատինքը, աւեր...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Այսօր ձեր բաղձանքները իրականութիւն պիտի ըլլան, անշուշտ կարելիութեան չափով: Գոհացուցիչ է օրը, անկասկած: Ուրախացէք բարեկամներով: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան, առանց ժամանակ կորսնցնելու հետեւեցէք բուժման գործընթացին: Ուրիշներու խօսքին մի հետեւիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ամառնային հանգիստի օր մը ապահովեցէք ձեզի համար, հրաւիրեցէք ձեր բարեկամները եւ միասնաբար զրուցեցէք եւ ուրախ տրամադրութեամբ...

50 Տարի Առաջ (16 Յուլիս 1964)

Գեղեցիկ Իրագործում Մը Նիւ Եորքի Համաշխարհային Ցուցահանդէսի Հայկական Փառատօնին Առթիւ Հրատարակուած Գրքոյկը 1964 մայիս 31-ի կիրակի օր Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ նահանգներէն եւ քաղաքներէն Նիւ Եորք ժամանած բազմահազար հայեր Հայկական օրուան փառատօնին իրենց հետ տարին մշակութային եւ գեղարուեստական բացառիկ վայելքի մը անմոռանալի տպաւորութիւնը: Արդեօք այդ բացառիկ վայելքին իրենց հետ տարի՞ն այդ փառատօնին առթիւ պատրաստուած եւ լոյս տեսած պատմական դառնալու կոչուած շքեղ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Զբաղեցէք ձեր անձնական կարիքներով, մի՛ ցրուէք ձեր ուժերը, կատարեցէք անհրաժեշտը եւ բաժին հանեցէք հանգստանալու, հաճոյանալու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Առանց ձեր ներկայութեան` որոշուած տօնը բացակայութիւն պիտի արձանագրէ: Մի՛ զրկուիք նման հաճելի պահեր ապրելու առիթէն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Այս օրերուն կը նաւարկէք երազելով: Մօտ է այն օրը, երբ պիտի կարենաք ձեր ուզած ձեւով...

50 Տարի Առաջ (15 Յուլիս 1964)

Ո՞վ Էր Հայագէտ Հէնրիկ Հիւպշման Ծնած է Փրուսիոյ Էրֆուրթ քաղաքը 1848 յուլիս 1-ին: Տոքթորութեան աստիճան ստացաւ 1872-ին, Միւնիխի համալսարանէն: Նոյն տարին Միւնիխի մէջ հրատարակեց «Հոլովումներու վարդապետութիւնը», որուն մէջ հայ լեզուին վերաբերեալ կարեւոր տեղեկութիւններ կան: 1873-ին հրատարակեց քանի մը ուսումնասիրութիւններ Ավիստայի մասին: 1875-ին Լայփցիկի համալսարանին ուսուցիչ անուանուեցաւ ներկայացնելով յիշատակագիր մը, արաբական տիրապետութեան շրջանին Հայաստանի վիճակի մասին քաղելով Սեփիոսէն, զոր գերմաներէնի թարգմանեց: 1875-ին...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Դրական խանդավառութիւն` բոլոր «խոյ»-երուն համար: Եղէք գործունեայ եւ աշխատասէր, ոչինչ ակնկալելով ուրիշներէ: Ապաւինեցէք ձեր ուժին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Բարեկամութեան մարզին մէջ պիտի ըլլաք սիրալիր եւ հիւրընկալ: Ձեր ծառայասիրութեան համար զօրաւոր պրաւօ մը պիտի ստանաք: Օրը ուրախ է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Դանդաղեցուցէք ձեր գործունէութեան կշռոյթը, որպէսզի քիչ մըն ալ մտածէք արձակուրդի մասին:...

50 Տարի Առաջ (14 Յուլիս 1964)

Նամակ Կիպրոսէն Կացութիւնը Կը Վատթարանայ Կիպրոսի Մէջ Հայերը Ազատ Շունչ Պիտի Քաշեն Չէզոք Գօտիի Մը Ստեղծումով   (Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Կիպրոսի կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ: Կիպրահայութիւնը, որ ահագին նիւթական վնասներու ենթարկուեցաւ, անորոշ վիճակի մէջ է: Ինչպէս ծանօթ է, հայութեան մէկ կարեւոր մասը կը բնակէր Նիկոսիոյ թրքական շրջանին մէջ: Ընդհարումներու ընթացքին անոնք բոլորն ալ անցան յունական շրջանը եւ ասոնցմէ բաւական թիւով հայրենակիցներ...

Page 381 of 483 1 … 380 381 382 … 483