Այլազան

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անտարբեր էք ձեր պարտականութիւններուն հանդէպ. ուշադիր եղէք, որպէսզի դիտողութիւն չլսէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ապրեցէք սիրոյ արկածախնդրութիւն մը, սակայն զգուշացէք խորը թափանցելէ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ընտանեկան կեանքը ամուր հիմերու վրայ է. հակառակ ասոր` աշխատանքի դժուարութիւններ ունիք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Եթէ ձեզ լսող չկայ, աւելի բարձր խօսեցէք եւ` վճռական, որպէսզի յաջողիք:...

Պահպանենք Այն, Ինչ Որ Գեղեցիկ Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ վայրերը պէտք է պահպանուին: Ասոր համար անոնք պէտք է արձանագրուին յատուկ ցանկի մը վրայ: Մեր երկրագունդը լեցուն է սքանչելի վայրերով, որոնք կառուցուած են ո՛չ միայն մարդոց կողմէ, այլ նաեւ բնական հրաշալիքներ են: Այս վայրերը պէտք է պահպանել, որպէսզի ապագայ սերունդները կարենան իրենց կարգին զանոնք վայելել: Պահպանելու միջոցներ ապահովելու համար պէտք է որ վայրը...

50 Տարի Առաջ (20 Սեպտեմբեր 1964)

Մուսա Լերան Հերոսամարտին Տարեդարձը Բազմահազար Ժողովուրդ Եւ Բացառիկ Խանդավառութիւն Այնճարի Ծառաստաններուն Մէջ Մուսա Լերան հերոսամարտի տարեդարձը երէկ շքեղօրէն տօնուեցաւ Այնճարի զովասուն ծառաստանին մէջ, անհամար բազմութեան մը ներկայութեան, ու ինչ որ գնահատելի երեւոյթ մը կը հանդիսանայ` կատարեալ կարգապահութեամբ եւ խանդավառութեամբ: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, որ պատարագ մատուցեց եւ խօսեցաւ իմաստալից քարոզ մը` վեր առնելով հայ ժողովուրդի անմահութեան գաղափարը եւ ըմբոստ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Կարգ մը մարզանքներ զգայացունց արդիւնքներ կու տան. այդ մարզանքները շատ արագ պիտի չմոռնաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ընտանեկան շատ ջերմ մթնոլորտ, մանաւանդ` մանուկներու հետ. պիտի անդրադառնաք այնպիսի նիւթերու, որոնք պիտի ջերմացնեն ձեր սիրտը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Գործի մը տեսակցութեան ատեն ճկուն եղէք. մեծ առիթ մը ունիք իրագործելու: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)...

50 Տարի Առաջ (19 Սեպտեմբեր 1964)

Խմբագրական 49 Տարի Ետք... (Սուէտիոյ Ապստամբութեան Առթիւ) Սուէտիոյ արծուեբոյնը դէպի ազատութեան հորիզոն բացուող ճանապարհի առաջին հանգրուաններէն մէկն է, որուն վրայ բարձրացաւ հայուն արժանապատուութեան դրօշը: Ժամանակակից մեր պատմութիւնը սուգ ու աւեր միայն կտակած պիտի ըլլար յետնորդ սերունդներուն, եթէ նաեւ սրբազան ըմբոստութեանց, հերոսամարտերու եւ ազատութեան խոյանքներու շղթայով փառք եւ պատիւ փոխանցած չըլլար ապրողներուն: Մուսա Լեռ, Ուրֆա, Հաճըն, Շապին Գարահիսար եւ Սասուն, ինչպէս...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Սիրոյ պատմութիւնները առաջին կարգը կը գրաւեն. ժամանակը յարմար է հետեւելու օրուան պահանջին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շատ գաղտնապահ չէք եւ կը սիրէք յայտարարել ուրիշներու իրականութիւնները: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ստեղծագործական ներշնչումներ պիտի ունենաք, ընդլայնեցէք եւ զարգացուցէք ձեր երեւակայութիւնը: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Ձեր տնօրէնը չ՛անդրադառնար ձեր լաւ աշխատանքին: Կրնաք ճշմարտութիւնը ըսել եւ...

20140830_77426_mogherini-federica-2

Կին Դէմքեր. Ֆետերիքա Մողերինի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Կը սիրեմ ճամբորդել զանազան վայրեր, յաճախ եւ փոխադրական բոլոր միջոցներով: Կը սիրեմ կարդալ եւ ժամանակ անցընել ընտանիքիս եւ սիրած անձերուս հետ»: Ահա այսպէս կը ներկայացնէ ինքզինք Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը, որ յառաջիկայ նոյեմբեր 1-ին եւ 5 տարուան համար պիտի ստանձնէ եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատարի պաշտօնը: 41 տարեկան Մողերինին ծնած է Հռոմ, քաղաքական...

50 Տարի Առաջ (18 Սեպտեմբեր 1964)

Կիլիկեան Աթոռը Երկու Դէտերով Կը Մասնակցի Վատիկան Բ. Տիեզերական Ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանէն ստացանք 15 սեպտեմբեր թուակիր հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.- Վատիկանի Տիեզերական Բ. ժողովի Գ. նստաշրջանը բացուեցաւ 14 սեպտեմբեր 1964, երկուշաբթի, Վատիկանի մէջ : Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այս Գ. նստաշրջանին եւս պաշտօնապէս հրաւիրուած էր իր դէտերը ղրկելու: Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետին կարգադրութեամբ, այս Գ. նստաշրջանին առաջին մասին (14...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Վերադարձէք ձեր մանկական յուշերուն, աչքէ անցուցէք այդ օրերու նկարները, եւ հոգեկան գոհունակութիւն պիտի ունենաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Մանուկներու հետ շատ լաւ յարաբերութիւն պիտի ունենաք. այսպիսով, դուք ալ կը մանկանաք եւ կ՛ուրախանաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եկամուտի որոշ գումար մը ձեզի պիտի տայ որոշ ազատութիւն: Այսուհանդերձ, նկատի ունեցէ՛ք խնայասիրութիւնը: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23...

50 Տարի Առաջ (17 Սեպտեմբեր 1964)

Հայկական Կեանք Արաբ Ուսանողներու Համագումարը Ամերիկայի Մէջ Եւ Հայկական Ջարդերը Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ մեզի Նիւ Եորքէն. Ամերիկայի մէջ գտնուող արաբ ուսանողներու 13-րդ համագումարը տեղի ունեցաւ 24-29 օգոստոս 1964, Փիցպըրկի Քառնեկի հիմնարկին մէջ: Մօտ 600 ներկայացուցիչներ ներկայ էին հնգօրեայ համագումարին. անոնք ուսումնասիրեցին արաբական հարցերը եւ որոշումներ տուին: Այս տարի համագումարին հետ միաժամանակ տեղի ունեցան նաեւ քանի մը ցուցահանդէսներ, ինչպէս` արաբ աշխարհի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Մարդիկ կան որոնք չեն կրնար ձերբազատիլ իրենց գէշ յիշատակներէն: Ջանացէք ապրիլ օրը օրին, այնպէս` ինչպէս կեանքը կը բերէ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Օրը յարմար է ամէն տեսակ աշխատանքի: Ձեր տասը մատներով հրաշքներ պիտի գործէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Փոխանակ շատ գործեր պարտադրելու դուք ձեզի` աշխատեցէք փոքր քայլերով: Գործերը աւարտեցէք յաջորդաբար: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն...

50 Տարի Առաջ (16 Սեպտեմբեր 1964)

Փոքրամասնութեանց Խնդիրը Թուրքիոյ Մէջ «Սրբենք Արթինին Եւ Վասիլին Մտավախութիւնը» Կը Գրէ «Տիւշիւնեն Ատամ» Վարլըքի Տուրքը Ռումբի Մը Պէս Կը Պայթի Իրենց Մտքին Մէջ Թրքական «Տիւշիւնեն Ատամ» թերթը ուշագրաւ յօդուած մը հրատարակած է փոքրամասնութեանց խնդրի մասին` ընդգծելով կարգ մը ճշմարտութիւններ, որոնք յատկանշական են այս օրերուն, մանաւանդ, երբ հելլենահպատակները կ՛արտաքսուին Թուրքայէն.- Այն մարդիկը, որոնք իբրեւ «փոքրամասնութիւն» Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին եւ որեւէ տարբերութիւն...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Մանուկներուն հետ համբերատար եղէք եւ ձգեցէք, որ սխալներ ընեն. ամէնքս ալ սխալներ ըրած ենք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ուրիշին ունեցածը ձերինէն աւելի լաւ չէ. գոհացէք ձեր ունեցածով եւ գնահատել գիտցէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր ծրագիրները լաւ ընթացքի մէջ են. ջանացէք շարունակել նոյն ձեւով. սխալներէ զգուշացէք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Ձեր շուրջինները...

50 Տարի Առաջ (15 Սեպտեմբեր 1964)

Կարեւոր Ֆոնտ Մը Հայ Կրթական Հիմնարկութեան Եօթանասուն Հազար Տոլար Փոխանցուած Է, Կտակարարներու Մահէն Ետք Իրենց Մնացած Հարստութիւնն Ալ Պիտի Աւելնայ Ֆոնտին Վրայ Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան քարտուղարութիւնը մամուլին յանձնած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.- Այս ֆոնտը մեծագոյն ֆոնտն է տիկին Սոֆիա Յակոբեանի 260,000 տոլարի նուիրատուութենէն ետք, զոր կը ստանայ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը: Տէր եւ տիկին Պօղոս Տէր Պետրոսեաններ արդէն վերոյիշեալ ֆոնտին անվերակոչելիօրէն...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Աշխատանքին մէջ ձեր շուրջինները ձեր հմտութեան պէտք ունին. ստիպուած էք օգնելու եւ պիտի գնահատուիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շատ լաւ կ՛աշխատիք եւ վարպետները շատ գոհ են ձեզմէ: Ուրիշ ելք չկայ աւելի լաւ վճարում մը ունենալու համար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Մեծ հմայք ունիք ձեր շուրջինները հրապուրելու համար. այսուամենայնիւ, մի՛ չափազանցէք, կրնաք վնասել: ԽԵՑԳԵՏԻՆ...

Manga_yergrakount-1-f

Ինչպէ՞ս Յայտնաբերուած Է, Թէ Երկրագունդը Գունդի Ձեւ Ունի

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 2600 տարիներ առաջ յոյն գիտնականներ մտածած են, որ երկրագունդը կլոր էր, որովհետեւ այս մտածումը իրենց տրամաբանական կը թուէր: Պատկերներ Աշխարհէն Ն. Ք. 6-րդ դարուն հին ժամանակներու յոյն գիտնականները կը փորձեն բացատրել, թէ աշխարհը ինչպէ՛ս կը գործէ: Կարգ մը գիտնականներ կ՛երեւակայեն, թէ երկրագունդը կլոր է: Անոնք կը մտածեն, թէ մեր մոլորակը կը գտնուի տիեզերքին կեդրոնը: Ըստ անոնց,...

50 Տարի Առաջ (13 Սեպտեմբեր 1964)

«Երեսունեօթը Թուին Ահաւո՛ր...» 1937, վկայութեամբ Հայաստանի բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի` տարեթիւ երկրորդ Սպանդի: Սպանդ` կիրարկուած ոչ թէ թուրքին կողմէ, այլ` ռուսին եւ հայուն պոլշեւիկ: «Երեսունեօթը թուին ահաւոր» անճիտուեցան, անյայտացան կամ աքսորուեցան Հայաստանի գրողներ պոէտներ մեծանուն` Չարենց, Բակունց, Թոթովենց, Զապէլ Եսայեան, Լեռ Կամսար, Մահարի, Նորենց, Ալազան, Մկրտիչ Արմէն եւ ցանկ մը, որ ծայր չունի: «Երեսունեօթը թուին ահաւոր» պատուհասուեցան Հայաստանի վարիչներ` պետական թէ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Զգուշութեամբ ծախսեցէք. դրամ պահեցէք անակնկալ պատահարներու համար: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Հակառակ սեռին հետ յաջողութիւն պիտի արձանագրէք. օրը պիտի անցնի յաջող եւ զուարթ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ականջ տուէք ձեր ֆիզիքական կարիքներուն. ձեր առողջութիւնը այնքան ալ կայուն չէ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Մի՛ մերժէք մասնակցիլ խնճոյքի մը, ուր պիտի ունենաք անակնկալ հանդիպումներ....

50 Տարի Առաջ (12 Սեպտեմբեր 1964)

Խմբագրական Թանկագին Նպաստ Մը Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակին առիթով, Հայ դատին ի նպաստ բացուելիք համազգային պայքարը իր նպատակին հասնելու համար պիտի ունենայ ընդհանրական բնոյթ: Պիտի օգտագործուին մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցները` առաւելագոյն տարողութիւնը տալու համար այդ պայքարին, նոյն ատեն` ցնցելու միջազգային հանրային կարծիքը` հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն ճշգրիտ եւ յստակ պատկերացումով: Այդ միջոցներէն մէկը կը նկատենք զօրաշարժը այն հայերուն, որոնք արտասահմանի...

Page 375 of 483 1 … 374 375 376 … 483