Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Յայտնաբերուած Է, Թէ Երկրագունդը Գունդի Ձեւ Ունի

September 13, 2014
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Manga_yergrakount-12600 տարիներ առաջ յոյն գիտնականներ մտածած են, որ երկրագունդը կլոր էր, որովհետեւ այս մտածումը իրենց տրամաբանական կը թուէր:

Պատկերներ Աշխարհէն

Ն. Ք. 6-րդ դարուն հին ժամանակներու յոյն գիտնականները կը փորձեն բացատրել, թէ աշխարհը ինչպէ՛ս կը գործէ: Կարգ մը գիտնականներ կ՛երեւակայեն, թէ երկրագունդը կլոր է: Անոնք կը մտածեն, թէ մեր մոլորակը կը գտնուի տիեզերքին կեդրոնը: Ըստ անոնց, միւս աստղերը (լուսինը, արեւը, մոլորակներ…) անոր շուրջ կը դառնան:

Manga_yergrakount-2Գիտական Ուսումնասիրութիւններ

Հետագային, Ն. Ք. 4-րդ դարուն, ուրիշ յոյն գիտնականներ գիտութեան ընդմէջէն կը փորձեն փաստել, որ երկրագունդը կլոր է: Ասոր համար անոնք կը ճամբորդեն, կ՛ուսումնասիրեն երկինքը եւ աստղերուն շարժումը:

Յոյն նշանաւոր գիտնական Արիստոտել կ՛ուսումնասիրէ լուսինի խաւարումները: Ան կը նշմարէ, թէ երկրագունդին շուքը լուսինին վրայ կլորակ է: Անոր համար ասիկա փաստ էր, որ երկրագունդը գունդ մըն է:

Հաշիւներ

Էրասթոթեն գիտնականը կը հաշուէ երկրագունդին շրջագիծը: Ասոր համար ան կ՛ուսումնասիրէ գաւազանի մը շուքին չափը նոյն ժամուն, սակայն իրարմէ հեռու երկու քաղաքներու մէջ: Այս հաշիւներուն շնորհիւ ան կը գտնէ, թէ շրջագիծը հաւասար էր 39,000 քիլոմեթրի: Անոր պատասխանը շատ մօտիկ է իրականութեան. մենք այժմ գիտենք, թէ երկրագունդին շրջագիծը 40,000 քմ է:

 

*
*   *

 

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ Նիքոլաս Քոփերնիք (1473-1543), որ լեհ մեծ աստղագէտ մըն է, եղած է առաջին գիտնականը, որ բացատրած է, թէ երկրագունդը կը դառնայ արեւուն շուրջ:

 

Արուեստ Տիեզերքին Մէջ`
Լուսինին Վրայի Պզտիկ Տունը

Manga_loussinin-vraՄենք շատ գեղեցիկ պզտիկ տուներու կը հանդիպինք աշխարհի չորս կողմերը:

Սակայն գիտէի՞ր, թէ մօտ ատենէն կրնայ ըլլալ պզտիկ տուն մըն ալ գոյութիւն ունենայ լուսինին վրայ:

Մայքըլ Կենպըրկ շուէտացի արուեստագէտ մըն է: Տասը տարիներէ ի վեր ան երազ մը ունի. արուեստի գործ մը իրականացնել լուսինին վրայ: Ան կը յուսայ, որ նման տարօրինակ գործերու սիրահարները օգնեն իր երազը իրականացնելու համար:

Ան կ՛ուզէ շինել պզտիկ կարմիր տուն մը, որ լուսին պիտի ղրկուի անջրպետանաւի մը միջոցով` ծալուած վիճակի մէջ: Երբ ան դրուի լուսինի գետնին վրայ, պիտի կարենայ մինակը բացուիլ:

 

Ծառերու «Փաթթուկ»-ի Մրցանիշ

Manga_mrtsanichՆեփալէն 2001 աշակերտներ նոր մրցանիշ մը արձանագրեցին. ծառերու մեծագոյն հաւաքական «փաթթուկ»-ը:

Ծառերուն «փաթթուկ» մը ընել անոնց ցոյց տալու համար, թէ անոնք մեզի համար շատ կարեւոր են:

Այս գեղեցիկ կեցուածքը ունեցած են Նեփալի մէջ (Ասիա) Քաթմանտուի մօտ Կոքարնա գիւղէն 2001 աշակերտներ: 5 յունիսին` բնութեան միջազգային օրուան առիթով, անոնք արձանագրած են ծառերու հաւաքական «փաթթուկներու» մրցանիշը: Կ՛ըսեն, թէ այս շարժումը շատ լաւ ազդեցութիւն ունի եւ կը հանդարտեցնէ:

Քոալան Ալ

Մելպուռնի համալսարանին կենդանաբանական պարտէզներու անասուններու մասնագէտները ուսումնասիրած են քոալաներուն վարմունքը` շատ տաք ժամանակաշրջաններուն:

Զովանալու համար քոալան բազմաթիւ ընտրանքներ ունի. քրտնիլ, սակայն ան շատ քիչ կը քրտնի, կամ գետնի տակ պահուըտիլ: Բայց քոալան կը նախընտրէ ծառերուն վրայ մնալ: Գիտնականները անդրադարձած են, թէ զովանալու համար քոալան պարզապէս մեծ «փաթթուկ»-ներ կ՛ընէ ծառերուն: Ան կ՛երկննայ նախընտրաբար սեւ աքասիաներու վրայ, որոնց կեղեւը օդի ջերմաստիճանէն 5-7 աստիճան աւելի զով է:

 

Կ՛ուզե՞ս Վիտէօ Խաղերու Աշխարհի
Մեծագոյն Հաւաքածոն Ունենալ

Manga_havakadsoՄայքըլ Թոմասըն Նիւ Եորքէն երիտասարդ մըն է, որ ունի մեծ հետաքրքրութիւն մը` վիտէօ խաղերը: Ան ունի աշխարհի մէջ վիտէօ խաղերու մեծագոյն հաւաքածոն, մօտաւորապէս 11,000 խաղեր: Այս ձեւով է, որ անոր անունը անցած է Կինեսի մրցանիշներու գիրքին մէջ:

Մայքըլ խոստովանած է, թէ ան միջին հաշուով օրական երկու խաղ կը գնէ` այդ խաղերուն տրամադրելով տարեկան մօտաւորապէս 3000 տոլար: Ներկայիս անոր հաւաքածոյին արժէքը կը հասնի 700,000 տոլարի: Ան որոշած է  իր հաւաքածոն ծախել համացանցի յատուկ կայքի մը ընդմէջէն: Հետաքրքրուող անձ մը անոր առաջարկեց 750,250 տոլար` իր իսկական արժէքէն աւելի բարձր գին մը:

Սակայն եթէ կը կարծէք, թէ Մայքըլ վերջապէս պատրաստ է իր այս ժամանցէն ձերբազատելու,  կը սխալիք: Ան տակաւին կը շարունակէ հաւաքել վիտէօ խաղեր:

 

Աշխարհի Մեծագոյն
Թուղթէ Օդանաւը

Manga_toughte-otanav«Փիմա Մուզիոմ»-ը ամերիկեան անձնական թանգարան մըն է: Այս ամառ անիկա կազմակերպեց 14 տարեկանէն աւելի փոքրերու յատկացուած մրցում մը: Ան մասնակցողներուն կ՛առաջարկէր յղանալ ձեւը շինելու թուղթէ օդանաւ մը, որ պիտի կարենայ ամէնէն հեռուն թռչիլ:

Արթուրոյի Անապատի Արծիւը

Մրցումին յաղթողը 12 տարեկան Արթուրօ Վալտենեկրոն է:

Իր թուղթէ օդանաւին օրինակին հիմամբ շինուած են հսկայական օրինակներ: Թուղթէ հսկայ 3-րդ օդանաւը, որ անուանուեցաւ Արթուրո՛զ Տեզըրթ Իկըլ (Արթուրոյին անապատի արծիւը), շինուեցաւ փիզզայի տուփերու խաւաքարտին նման խաւաքարտի մեծ կտորներով: Գիտնականները այս օդանաւը թռցուցին Արիզոնայի անապատին մէջ:

Ժամական 160 Քմ Արագութեամբ Թռիչք Մը

Հակառակ զօրաւոր հովերուն, օդանաւը կրցաւ տասնեակ մը երկվայրկեաններ թռչիլ ժամական 160 քմ արագութեամբ: Անոր թռիչքը նկարուեցաւ օդանաւին վրայ դրուած տեսախցիկով մը: Սակայն դժբախտաբար օդանաւին թռիչքը վերջ գտաւ, երբ օդանաւը ինկաւ եւ ջախջախուեցաւ անապատին մէջ:

 

Հետաքրքրական

Ամէնէն Երկար Օրը Ունեցող
Առաջին 5 Մոլորակները

Manga_hedakrkraganԵրկրագունդին վրայ մէկ օրը կը տեւէ 24 ժամ: Այսինքն` արեւը 24 ժամէն է, որ կ՛անցնի կէսօրին երկինքին մէջ գրաւած իր դիրքէն եւ դարձեալ կը վերադառնայ այդ դիրքին:

Սակայն գիտէի՞ր, թէ ուրիշ մոլորակներու վրայ օրը նոյն տեւողութիւնը չունի:

1.- Փայլածու մոլորակին վրայ օրը կը տեւէ երկրագունդի 175 օր եւ 21,6 ժամ:
2.- Արուսեակ մոլորակին վրայ օրը կը տեւէ երկրագունդի 116 օր եւ 18 ժամ:
3.- Հրատ մոլորակին վրայ օրը կը տեւէ 24,7 երկրագունդի ժամեր:
4.- Երկրագունդին վրայ օրը կը տեւէ 24 ժամ:
5.- Ուրանիւս մոլորակին վրայ օրը կը տեւէ 17,2 երկրագունդի ժամեր:

 

 Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել աւելին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել աւելին հասցնող ճամբան:
Կէտերը իրարու միացո՛ւր` 1-115 գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացո՛ւր` 1-115 գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մէկ կէտ պարունակող բաժինները սեւ ներկէ` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Մէկ կէտ պարունակող բաժինները սեւ ներկէ` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս թիւերը դնել տախտակին մէջ` իրենց համապատասխանող տեղերը:
Կրնա՞ս թիւերը դնել տախտակին մէջ` իրենց համապատասխանող տեղերը:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Սեպտեմբեր 1964)

Յաջորդը

Խաչվերաց. Տօն Վերացման Սրբոյ Խաչին (Այդ Առիթով Նաեւ Խորհրդածութիւններ Խաչի Մասին)

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.