Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Խոստումը Լաւ Դաստիարակութեան Միջոց Չէ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Շատ մը ծնողներ յաճախ խոստումներ կու տան իրենց զաւակներուն, որպէսզի փոքրիկը կատարէ իրենց կամքը, ցանկութիւնը: Դաստիարակութեան այս միջոցը լաւագոյնը չէ: Յաճախ կը լսենք, երբ ծնողները կ՛ըսեն. «Եթէ բարի ըլլաս, ուզած խաղալիքդ պիտի գնեմ», կամ` «Եթէ պաչիկ մը տաս, պաղպաղակ պիտի գնեմ», ինչպէս նաեւ` «Եթէ լաւ նիշ ստանաս, ուզածդ պիտի առնեմ...»: Երեխաները բաւականաչափ խելացի են եւ կ՛օգտագործեն այդ...




















