Երեքշաբթի գիշեր տեղի ունեցան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի առաջին օրուան երթի մրցումները:
Սպանիոյ մէջ, Աթլեթիքօ Մատրիտ կը հիւրընկալէր Թոթենհամը, որուն մարզիչը զարմանալիօրէն դաշտ ներկայացած էր իր պահեստի բերդապահով, մանաւանդ որ իտալացի բերդապահ Կիւլիեմլօ Վիքարիօ վերջերս լաւ ելոյթ չէր ունենար: Բայց պէտք է ըսել, որ չեխ բերդապահ Անթոնին Քինսքի այդ փորձառութիւնը չունէր եւ տարեշրջանի իր երկրորդ պաշտօնական մրցումին 15 վայրկեաններու ընթացքին 3 կոլեր ստացաւ ու… փոխարինուեցաւ Վիքարիոյով:
Մարքոս Լորենթէ, Անթուան Կրիզման եւ Խուլիան Ալվարես նշանակեցին Մատրիտի կազմին կոլերը: Վիքարիօ իր կարգին 2 կոլեր ստացաւ Ռոպին Լէ Նորմանտի եւ Խուլիան Ալվարեսի միջոցով, մինչ Փետրօ Փորրոյի եւ Տոմինիք Սոլանքէի կոլերը դժուար թէ կարենան փոխել ճակատումներու արդիւնքը` դարձին:
Աթլեթիքօ Մատրիտէն 1 կոլ աւելի կրցաւ նշանակել Պայերն Միւնիխ, որ Իտալիոյ մէջ դժուար երեւոյթով «դիւրին» մրցում մը ունեցաւ Պերկամոյի մէջ` Աթալանթայի դէմ:
12-րդ վայրկեանէն 25-րդ վայրկեան, Եոսիփ Սթանիշիչ, Մայքըլ Օլիսէ եւ Սերժ Կնապրի նշանակեց Պայերնի առաջին երկու կոլերը: Նիքոլաս Ճեքսըն, Օլիսէ եւ Ժամալ Մուսխալա 3 կոլեր աւելցուցին Բ. կիսախաղին, մինչ Աթալանթա իր միակ կոլը նշանակեց Մարիօ Փասալիչի շնորհիւ` 93-րդ վայրկեանին:
Պայերն մեծ քայլ մը առջեւ նետեց դէպի քառորդ աւարտական դարձի մրցումէն առաջ, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ:
Լիվըրփուլ ամէն ինչ փորձեց կոլ մը նշանակելու Թուրքիոյ մէջ` Կալաթասարայի դէմ մրցումին: Մարիօ Լեմինա քոռնըրէ մը ետք նշանակեց մրցումին միակ կոլը, հակառակ անոր որ Լիվըրփուլ բաւական ճնշեց, բայց չկրցաւ վերջին վայրկեանին վճռական կոլը նշանակել:
Օրուան ամէնէն «անհամ» մրցումը տեղի ունեցաւ Անգլիոյ մէջ, ուր Նիւքեսըլ «Սենթ Ճէյմս Փարք»-ի մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Պարսելոնայի հետ:
Հարվի Պարնզ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ եւ նշանակեց Նիւքեսըլի միակ կոլը 86-րդ վայրկեանին, բայց Պարսելոնա փենալթիով կրցաւ հաւասարիլ 96-րդ վայրկեանին, երբ Լամին Եամալ նշանակեց վճռական կոլը:


