Մարզական

Սամպօ.  Հայաստանի Հաւաքականը 12 Մետալներով Աւարտեց Աշխարհի Բաժակը

Սամպօ. Հայաստանի Հաւաքականը 12 Մետալներով Աւարտեց Աշխարհի Բաժակը

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ 2026-ի Սամպոյի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը, որ տարեշրջանի առաջինն է «Էֆ. Այ. Էյ. Էս.»-ի օրացոյցին վրայ: Մրցումները հիւրընկալեց «Կազփրոմ» կրթամարզական համալիրը` մասնակցութեամբ աշխարհի ուժեղագոյն մարզիկներուն: Մարզիկները մրցեցան երեք տարբեր ձեւերու` մարզական սամպոյի, մարտական սամպոյի, ինչպէս նաեւ տեսողութեան խնդիրներ ունեցողներու սամպոյի կարգերուն մէջ: Երկու օրերու վրայ տեղի ունեցան բոլոր մրցումները` 14 կշիռներու կարգերուն մէջ: Հիւրընկալ երկիր...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Լիվըրփուլ Եւ Պարսելոնա Դուրս Մնացին

«Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլ Եւ Պարսելոնա Դուրս Մնացին

Երեքշաբթի գիշեր անցեալ տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ 6 անգամ տիտղոսակիր Լիվըրփուլ իրար դէմ ճակատեցան Անգլիոյ «Էնֆիլտ» դաշտին վրայ: Լիվըրփուլ առաջին կիսախաղին քիչ մը դժոարութիւն ունեցաւ վտանգելու ֆրանսական ակումբին բերդը, բայց Բ. կիսախաղին խաղաոճը փոխելով բաւական տիրապետեց, եւ կը սպասուէր, որ «Ռեմոնթատա» կատարէ ինչպէս պատահած էր 2005-ի աւարտականին` Ա. Սէ. Միլանի դէմ, ուր Ա. կիսախաղին 3-0 արդիւնքով...

2026-ի Մոնտիալ.  Իտալիոյ Ազգային Խումբը Կրնայ Մոնտիալին Մասնակցիլ…

2026-ի Մոնտիալ. Իտալիոյ Ազգային Խումբը Կրնայ Մոնտիալին Մասնակցիլ…

ՖԻՖԱ կրնայ մոնտիալէն առաջ զտումի հանգրուան մը կազմակերպել, եթէ Իրանի ազգային խումբը հրաժարի իր մասնակցութենէն: Ապրիլի սկիզբը, ֆրանսական «Էր. Էմ. Սէ. Սփոր»-ը եւ անգլիական «Տի Աթլեթիք»-ը յայտնած էին, թէ ՖԻՖԱ-ն, ըստ իր կանոնագիրի 6-րդ յօդուածին, կրնայ զտումի հանգրուան մը աւելցնել, եթէ մասնակից 48 խումբերէն որեւէ մէկը հրաժարի մասնակցելէ: Այս պարագային, եթէ Իրան չմասնակցի, առաւելութիւն պիտի ունենան Իտալիան եւ Դանիան Եւրոպայէն,...

«Էն. Պի. Էյ.»  Շաբաթ Օր Կը Սկսին Փլէյ-Օֆի Մրցումները

«Էն. Պի. Էյ.» Շաբաթ Օր Կը Սկսին Փլէյ-Օֆի Մրցումները

«էն. Պի. Էյ.»-ի բնական ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ, եւ բոլոր խումբերը աւարտելէ ետք իրենց 82 մրցումները, շաբաթ օր պիտի սկսին փլէյ-օֆի մրցումները: Բայց այսօր եւ վաղը տակաւին տեղի պիտի ունենան փլէյ-ինի զտումները, որմէ ետք պիտի յստականան Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջաններու վերջին 2 խումբերը: Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (10-րդ) պիտի մրցի Լոս Անճելըս Քլիփըրզի (9-րդ) դաշտին վրայ, ուր յաղթող խումբը պիտի մրցի Ֆինիքս...

Մարզական Կարճ Լուրեր

Մարզական Կարճ Լուրեր

. ԱՆԳԼԻՈՅ «Փրեմիեր լիկ»-ի 31-րդ հանգրուանին, պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց 11-րդ դիրքը գրաւող Պորնմաութէն եւ իր 9 կէտերու առաւելութիւնը կորսնցուց: Մանչեսթըր Սիթի կը գտնուի անոր շատ մօտ եւ 6 կէտերու նուազեցուց առաւելութիւնը: Յաջորդ ճակատումը Մանչեսթըրի դէմ (19 ապրիլին) վճռական կրնայ ըլլալ, մանաւանդ որ Արսենալ մէկ մրցում աւելի կատարած է: . ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ մէջ, Պայերն...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պայերն Միւնիխ Պիտի Կարենայ Դուրս Ձգել Ռէալ Մատրիտը

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայերն Միւնիխ Պիտի Կարենայ Դուրս Ձգել Ռէալ Մատրիտը

Անցեալ երեքշաբթի գիշեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի երթի մրցումին, Պայերն Միւնիխ բաւական լաւ ելոյթ մը ցուցաբերեց Ռէալ Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ եւ մանաւանդ առաջին կիսախաղին մեծ թիւով առիթներ կորսնցնելէ ետք 2-0 արդիւնքով կը յառաջանար մինչեւ 74-րդ վայրկեան, երբ ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ կրցաւ կոլ նշանակել Մանուէլ Նոյըրի բերդին մէջ: Պէտք է ըսել, որ մրցումի վերջին 20...

Մարմնամարզութիւն.  Հայ Մարզիկներու Յաջող Ելոյթները

Մարմնամարզութիւն. Հայ Մարզիկներու Յաջող Ելոյթները

Հայ մարզիկները յաջող ելոյթ ունեցան 2026-ի աշխարհի բաժակի 5-րդ մրցաշարքին` Օսիեքի մէջ (Խրուաթիա): Անցեալ փետրուարին Քոթպուսէն (Գերմանիա), Պաքուէն (Ազրպէյճան), Անթալիայէն (Թուրքիա) եւ Գահիրէէն (Եգիպտոս) ետք Օսիեք անցեալ շաբաթ հիւրընկալած էր 5-րդ մրցաշարքը: Տարեշրջանի վերջին ելոյթը սկզբունքով Տոհան (Քաթար) պիտի հիւրընկալէր, բայց Միջին Արեւելքի անկայուն վիճակին պատճառով ջնջուած էր 6-րդ մրցաշարքը: Համլեթ Մանուկեան Գահիրէի մէջ ոսկի մետալը շահելէ ետք կրցաւ ոսկի...

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Վարդանեան Յաղթեց Ապտուրաքովին

«Էմ. Էմ. Էյ.» Վարդանեան Յաղթեց Ապտուրաքովին

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ խառն մենամարտերու «Էյ. Սի. Էյ. 202» մրցաշարքը, որուն ընթացքին կատարուեցան տպաւորիչ մենամարտեր եւ կարեւոր փոփոխութիւններ դասաւորումներուն մէջ: Յատուկ ուշադրութեան կեդրոն դարձան հայ մարտիկներ Էտուարտ Վարդանեանի եւ Այգ Կազարեանի ելոյթները: Վարդանեան տպաւորիչ վերադարձ կատարեց եւ յայտարարեց տիտղոսի թեկնածութեան մասին: Հայ համակիրներուն համար գլխաւոր իրադարձութիւն դարձաւ Էտուարտ Վարդանեանի վերադարձը, որ բարձրացաւ կիսամիջին կշիռ եւ անմիջապէս ինքզինք փաստեց...

Ճատրակ.  Ռոպերթ Յովհաննիսեան Լաւ Դիրքի Վրայ` 5 Հանգրուաններէ Ետք

Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան Լաւ Դիրքի Վրայ` 5 Հանգրուաններէ Ետք

Քաթովիչէի մէջ (Լեհաստան) տեղի կ՛ունենայ ճատրակի Եւրոպայի անհատական ախոյեանութիւնը: 150 վարպետներ կը մասնակցին այս անհատական ախոյեանութեան, ուր Հայաստանէն կը մասնակցին 15 վարպետներ: Առաջին 10-ին մէջ դասուած են Շանթ Սարգսեան (թիւ 5) եւ Հայկ Մարտիրոսեան (թիւ 10): Հայկ Մարտիրոսեան, որ թիւ 12 դիրքի վրայ դասուած է այժմ, 5 հանգրուաններէ ետք կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` չնչին տարբերութեամբ սպանացի Էտուարտօ Իթորիզակա Պոնելլիէն: Շանթ...

2026-ի Մոնտիալ.  Իրան Պիտի Մասնակցի՞, Թէ՞ Ոչ

2026-ի Մոնտիալ. Իրան Պիտի Մասնակցի՞, Թէ՞ Ոչ

Տակաւին յստակ չէ, թէ Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբը պիտի մասնակցի՞ ամրան տեղի ունենալիք Մոնտիալին, թէ՞ ոչ: Շատ կարծիքներ կան մասնակցութեան կամ պոյքոթի վերաբերեալ: Միացեալ Նահանգներ բնակող իրանցիներ կը կարծեն, թէ Իրան պէտք է մասնակցի, որովհետեւ հարցը քաղաքական է եւ մարզիկներուն չի վերաբերիր, հակառակ անոր որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը Տանըլտ Թրամփ անցեալ ամիս հրապարակաւ յայտնած էր, թէ աւելի լաւ է Իրանի...

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեց. Պարսելոնա Իր Դաշտին Վրայ Պարտուեցաւ

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեց. Պարսելոնա Իր Դաշտին Վրայ Պարտուեցաւ

«Ոսկի գնդակ»-ը շահած Ուսման Տեմպելէ ձախող ելոյթ մը ունեցաւ, բայց Քվիչա Քվարացխելիա սոլօ կոլ մը աւելցուց իր հաւաքածոյին վրայ, եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիվըրփուլը` «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի երթի իր մրցումին: Վրացի ձախ ծայրի յառաջապահը Բ. կիսախաղի կէսերուն քանի մը մարզիկ խաբելէ ետք խաբեց նաեւ Լիվըրփուլի բերդապահը եւ նշանակեց իր 8-րդ կոլը այս տարուան մրցաշարքին: Տեզիրէ...

Բռնցքամարտ.  Ազգային Խումբը Պատրաստ Է Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Բռնցքամարտ. Ազգային Խումբը Պատրաստ Է Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնը ներկայացուց ազգային խումբի պաշտօնական կազմը, որ կը մասնակցի 2026-ի բռնցքամարտի աշխարհի բաժակի առաջին փուլին: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Պրազիլի մէջ 20-էն 26 ապրիլ` «Ուորլտ Պոքսինկ» կազմակերպութեան հովանիի տակ: Մրցումներուն կը մասնակցին տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները: Հայաստան պիտի մասնակցի 9 բռնցքամարտիկներով` հետեւեալ ձեւով: ԱՂՋԻԿՆԵՐ Անուշ Գրիգորեան (51 քկ) եւ Էլիտա Քոչարեան (65 քկ) ՏՂԱՔ Ռուտոլֆ Գարբոյեան (50 քկ)...

Կերակուսեան Ուշադրութիւն Գրաւած Է…

Կերակուսեան Ուշադրութիւն Գրաւած Է…

Հայաստանի ազգային խումբին հետ իր առաջին ելոյթը ունենալէ ետք, Անգլիոյ Սանտերլենտի 18 տարեկան յառաջապահ Ֆինն Կերակուսեանի ակումբի ապագան յայտնուեցաւ ուշադրութեան կեդրոն: Թէեւ յառաջապահը տակաւին ելոյթ ունեցած չէ Սանտերլենտի հիմնական կազմին հետ, սակայն ակումբին ֆրանսացի գլխաւոր մարզիչ Ռեժի Լը Պրի բարձր գնահատած է անոր ներուժն ու հիմնական ակումբ տեղափոխուելու առիթը: Անդրադառնալով հայ ֆութպոլիստի որակներուն` Լը Պրի ըսած է. «Ան քանի մը...

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակ.  Անդրանիկ` Առաջին Լիկայի Միակ Ներկայացուցիչը

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակ. Անդրանիկ` Առաջին Լիկայի Միակ Ներկայացուցիչը

Ֆութպոլի «Անդրանիկ» ակումբը դարձաւ առաջին լիկայի (Հայաստանի Բ. դասակարգ) միակ ներկայացուցիչը, որ կրցաւ հասնիլ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի կիսաւարտական հանգրուան: Բ. դասակարգի ճակատումի քառորդ աւարտականին, Արամ Ոսկանեանի գլխաւորած խումբը Սիւնիքի դէմ 5-2 արդիւնքով լայն յաղթանակ մը տարաւ` երթի մրցումը 0-0 արդիւնքով աւարտելէ ետք: Արարատ - Արմենիա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շիրակը եւ երթի 1-0 արդիւնքով յաղթանակն ալ աւելցնելով հաստատ քայլերով հասաւ...

Բռնցքամարտ.  Ազգային Խումբը Պատրաստ Է Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Անգլիոյ Բաժակի Մրցաշարքի Իսաւարտականի Ճակատումները Յստակացան

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը հրապարակեց 2025-2026 տարեշրջանի Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի («Էֆ. Էյ. Քափ») կիսաւարտականի փուլի վիճակաձգութեան արդիւնքները: Աւարտական տոմսին համար պիտի պայքարին Լոնտոնի Չելսին ընդդէմ Լիծ Եունայթըտի, իսկ Մանչեսթըր Սիթի պիտի մրցի Սաութհեմփթընի դէմ: Մրցաշարքի այս հանգրուանի ելոյթները տեղի պիտի ունենան 25 եւ 26 ապրիլին: Նշենք, որ քառորդ աւարտականին Մանչեսթըր Սիթի 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Լիվըրփուլը, Չելսի ջախջախիչ...

Եուլիան Նակելզման Ճնշումի Տակ

Եուլիան Նակելզման Ճնշումի Տակ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եուլիան Նակելզմանի վրայ ճնշումները կը բարձրանան, մանաւանդ Ռէալ Մատրիտի դէմ Պայերն Միւնիխի երեքշաբթի օրուան մրցումէն ետք: Արդարեւ, «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի ճակատումին, Պայերն Միւնիխ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր եւ մրցումին լաւագոյն մարզիկ ընտրուած էր Պայերնի վեթերան բերդապահ Մանուէլ Նոյըր: 40 տարեկան Նոյըր հինգ աստղանի ելոյթ ունեցաւ` զսպելով ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէի եւ պրազիլցի Վինիսիուս Ճունիորի վտանգաւոր...

Ճիւտօ.  Հայաստան 5 Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Ճիւտօ. Հայաստան 5 Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, 16-էն 19 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ ճիւտոյի 2026-ի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի հաւաքականը պիտի մասնակցի 5 մարզիկներով. ան նախապէս կը մասնակցէր առաւելագոյնը 3 մարզիկներով, մինչ 2023-ին մասնակից ալ չունէր: 60 քկ կշիռի մրցումներուն Աշիկ Անդրէեան եւ Վահէ Աղասեան պիտի ներկայացնեն Հայաստանը, Դաւիթ Աբրահամեան (66 քկ), Արտակ Թորոսեան (73 քկ) եւ Գոռ Կարապետեան (100 քկ) իրենց կարգին պիտի...

Ճատրակ.  Ապրիլ Ամսուան Դասաւորման Մէջ Հայաստանի 6 Վարպետներ

Ճատրակ. Ապրիլ Ամսուան Դասաւորման Մէջ Հայաստանի 6 Վարպետներ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնի ապրիլ ամսուան դասաւորման մէջ Հայաստան ունի 6 վարպետներ: Տղոց դասաւորման մէջ ընդգրկուած են Շանթ Սարգսեան (69-րդ), Հայկ Մարտիրոսեան (92-րդ) եւ Արամ Յակոբեան (96-րդ): Տղոց թիւ 1 դիրքը կը գրաւէ Մակնուս Քարլսեն (Նորվեկիա): Աղջկանց դասաւորման մէջ, Հայաստան ունի 3 ներկայացուցիչ` Էլինա Դանիէլեան (45-րդ), Մարիամ Մկրտչեան (69-րդ) եւ Լիլիթ Մկրտչեան (74-րդ): Աղջկանց թիւ 1 դիրքը կը գրաւէ Հու Եիֆան...

Դաւիթեան Եւ Սիմոնեան Ռոթորին Յաղթանակը Կերտեցին

Դաւիթեան Եւ Սիմոնեան Ռոթորին Յաղթանակը Կերտեցին

Ռուսիոյ ֆութպոլի առաջին դասակարգի (Բ. կարգ) 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Վոլկոկրատի Ռոթոր ակումբը 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նեֆթեխիմիկի: Հիւր ակումբը` Նեֆթեխիմիկ 16-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ յառաջապահ Ռաշիտ Մակոմետովի: Այս կոլէն 8 վայրկեան ետք, միջնապահ Արտեմ Սիմոնեան կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը գեղեցիկ հարուածով: Վերջնական արդիւնքը հաստատուեցաւ 86-րդ վայրկեանին, երբ Սիմոնեանի ազգականը` Դաւիթ Դաւիթեան, որ 79-րդ վայրկեանին փոխարինած էր զայն, գեղեցիկ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պայերն Միւնիխ Յաղթեց Մատրիտի Մէջ

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայերն Միւնիխ Յաղթեց Մատրիտի Մէջ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի հանգրուանի առաջին օրուան մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ, «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէր Պայերն Միւնիխը: 1976, 1987, 1988, 2000, 2001, 2002, 2004, 2007, 2012, 2014, 2017, 2018 եւ 2024-ի ճակատումներէն ետք «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2026-ի ճակատումի երթի մրցումը աւարտեցաւ Պայերնի յաղթանակով` 1 մայիս 2001-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով: Պայերն Միւնիխ մրցումի առաջին կիսախաղէն կրնար ապահովել կիսաւարտականի իր...

Page 47 of 1275 1 … 46 47 48 … 1,275

Արխիւներ