«Դէպի Երկիր» Գործուղումները Ինչո՞ւ Կարեւոր Են Եւ Ի՞նչ Ձեւով Կրնան Ազդել Գործուղուող ԶՈՄ-ականին Եւ Ճամբարներուն Մասնակցող Պատանիին Վրայ
«Դէպի Երկիր» գործուղումները կարեւոր են, որովհետեւ առիթ կու տան սփիւռքահայուն` ապրելու հայրենիքի մէջ, ոչ որպէս զբօսաշրջիկ, որ կը պտտի Երեւանի լաւագոյն ճաշարանները եւ կը մնայ լաւագոյն պանդոկներուն մէջ: Գործուղուողը կ՛ապրի Արցախ, գիւղի մը մէջ, որ ոչ անպայման լաւագոյն գիւղն է. ընդհակառակը, հոն կրնան ըլլալ ջուրի, գործի, սննդամթերքի դժուարութիւններ: Գործուղուող ԶՈՄ-ականը կ՛ապրի հայ գիւղացիի մը կեանքը, կ՛ապրի Արցախի ժողովուրդին պէս, որ...






