Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կովսականը` Այս Անգամ

December 19, 2014
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԼԲԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

10525596_346753645488250_4843217035561671533_nՔաշաթաղ, Կովսական… 2012 թուականէն առաջ այս վայրերը հայրենի հողէն, արծուեբոյն Արցախէն պարզապէս շրջաններու անուններ էին, բայց հիմա անոնք ենթագիտակցութեանս, մտքիս ու առօրեային մէջ ունին հսկայ տեղ:

10405290_342106405952974_2060888783799309401_nՔաշաթաղը իր լեռնային վայրի բնութեամբ, քարքարոտ անհասանելի ճամբաներով ապրելու տարրական դիւրութիւնները չունենալով հանդերձ, հայրենիքէն հեռու բնակողի մը հոգւոյն մէջ շատ արագ կ՛արթնցնէ պատկանելիութեան, նուիրումի, վերադառնալու եւ, ինչո՞ւ չէ, հաստատուելու մտածումները:

21 տարեկան Քաշաթաղը իր չափազանց դժուարութիւններով ճիգ չի խնայեր զարգանալու ու յառաջդիմելու: Այս մէկը զգալի էր նաեւ Կովսականի մէջ: Տուներու թիթեղեայ տանիքները փոխարինուած էին տոկուն քարերով, հիւանդանոցը նորոգուած էր, ունեցած էին մանկապարտէզ մը, գորգագործարան մը եւ երիտասարդական հաւաքավայր մը: Վերաբնակեցուողին համար Կովսական այլեւս սպասման վայր չէր, Կովսականը դարձած էր իր տունը, ամէն մարդ լծուած էր աշխատանքի, կարծէք բոլորին համար հասկնալի էր այլեւս այդ հողին կարեւորութիւնը:

Զգալի էր հողագործութեամբ զբաղողներուն թիւի աճը: Կովսականցին գիտէր այլեւս իր հողին արժէքը, հասկցած էր, թէ երբ մշակէր այդ հողը, պիտի վայելէր անոր բարիքները, անով պիտի ապահովէր ապրելու նպաստաւոր պայմանները, այդ հողին միջոցով պիտի ամրացնէր իր զաւակին սէրը հայրենիքին հանդէպ, իր մանուկը պիտի հասկնար, թէ հայրենիքը աղքատութիւն ըսել չէ, այդ հողին բարիքները երիտասարդին մտքէն պիտի շոգիացնէր օտար ափերու վրայ տուն շինելու, աշխատելու ու հոն հաստատուելու մոլութիւնը: Պիտի հասկնար, թէ հողը աշխատանքի կը կարօտի, հողը աշխատասէր  ձեռքերու կարիքը ունի, ու անտէր, չհերկուած ու չոր հողը ծիլ չի տար:

ZOM_GovsaganԿովսականը այս անգամ սրտիս աւելի մտերմիկ էր ու ջերմ, նաեւ` մտածումներուս ու երեւակայութեանս: Այս անգամուան այցելութիւնը յուսահատեցնող չէր, այդտեղ  պայքարն ու աշխատանքը կը տիրապետէր եւ ոչ` ծուլութիւնն ու յուսահատութիւն, այս անգամ, ընդհակառակը, կը համապատասխանէր նկարագրութիւններուն ու կարճ տեսերիզներուն, որոնցմով սփիւռքահայը կը յագեցնէ հայրենիքի կարօտի ծարաւը մինչեւ առաջին հանդիպում: Այս անգամ կը նմանէր գրութիւններուն մէջ յիշուած նկարագրութիւններուն: Այս անգամ գեղեցիկ էր, յուսադրիչ ու կեանքով լեցուն:

Այդ համեստ գիւղին մէջ կային ժպտուն դէմքեր, բաւարարուած հոգիներ, աւելի քան ուրիշ որեւէ մէկ տեղ:

Հոն երիտասարդը կը սպասէ ամբողջացնելու իր 18-րդ գարունը` ծառայելու համար բանակին, զայն կը ճամբէին քէֆով: Հայրենիքին համար զոհուիլը, թշնամիին փամփուշտին դէմ կենալը, մութ գիշերներուն սահմանները հսկելը քէֆ էր ու պատիւ իրենց համար: Վստահաբար քէֆ ու ուրախութիւն պիտի ըլլար հերոսներու արիւնով ոռոգուած հողին պաշտպանը ըլլալը ու անոր բնակիչներու խաղաղութիւնն ու ապահովութեան պատնէշ հանդիսանալը:

Շատ լաւ կը յիշեմ բոլորին զայրոյթը, երբ օգոստոս ամսուան ընթացքին թշնամին քանի մը  անգամ կրակած ու խախտած էր զինադադարը, բոլորը, մեծէն պզտիկ, պատրաստ էին սահման երթալու ու հայրենիքի համար իրենց կեանքերը նուիրելու. այդպէս էր իրենց մտածողութիւնը, այդ շունչով մեծցած էին, միշտ պատրաստ էին թշնամիին դէմ կենալու:

Այս անգամ տարբեր դիտանկիւնէ կը նայէի Կովսականին, փորձեցի բացատրութիւն գտնել անփոփոխ թերի կողմերուն: Հասկցայ, թէ Կովսականի կամ Քաշաթաղի որեւէ մէկ գիւղի ճամբաները անտեղի քարքարոտ չէին մնացած, այդ ճամբաները կարծես պիտի տաշէին երիտասարդին ոտքերը, որպէսզի մանկութենէն վարժուէր սահմանի դժուար բնութեան: Այդ թաղերը անտեղի առանց լուսաւորման ձգուած չէին, անոնք երիտասարդին պիտի պատրաստէին լուսնի լոյսով փամփուշտները փոխելու, ընկերոջը պաշտպան կենալու, ու թշնամիին հետքերը փնտռելու: Հասկնալի էր այս անգամ, թէ այդ հողին բնոյթը տարբեր էր, հայրենասէրներու ծնունդ կու տար, հայ քաջորդիներ կը կերտէր: Այդ հողը հերոսածին էր:

 

Նախորդը

Երազներուս Աշխարհին Մէջ. Ի Յուշ Երանաշնորհ Մեսրոպ Սրբազանին

Յաջորդը

«Դէպի Երկիր» Գործուղումները Ինչո՞ւ Կարեւոր Են Եւ Ի՞նչ Ձեւով Կրնան Ազդել Գործուղուող ԶՈՄ-ականին Եւ Ճամբարներուն Մասնակցող Պատանիին Վրայ

RelatedPosts

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Զաւարեանական

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

November 9, 2026
Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի
Զաւարեանական

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.