Զաւարեանական

zom11-420×207-1104

Շուշիի Ազատագրութեան Ռազմավարական Կարեւորութիւնը` Անցեալը, Ներկան Եւ Ապագան

ԵՂԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆ «Շուշին հայկական էր... Շուշին նորից հայկական է» Այսպէս տարածուեցաւ լուրը Շուշիի ազատագրութեան, կայծակի արագութեամբ արդէն իսկ արձագանգած էր շրջանային եւ նոյնիսկ թրքական մամուլը: Յստակ էր` Ազրպէյճան կորսնցուցած էր պատերազմը եւ Ստեփանակերտը`փրկուած: Ռազմավարական նշանակութիւն Շուշիի ազատագրման գործողութեան ծրագիրի մշակումը կազմուեցաւ մարտ-ապրիլ ամիսներուն, հետախուզական խումբերու կողմէ հակառակորդի ուժերու տեղակայման եւ քանակական տուեալները ճշդելէ ետք: Յարձակման ճակատային գիծը շուրջ 25 քմ...

zom11-420×207-1104

«Ով Տիրում Է Շուշիին, Նա Տիրում Է Արցախին»

ՍԱԳՕ ԽԱԼՈՅԵԱՆ Կրկին ամպոտած էր երկինքը հայ աշխարհի, անգամ մը եւս մահուան սուր ճանկերը կը հարուածէին: Թշնամին կը կարծէր, թէ պատենազուրկ էր մեր հայրենիքը եւ նկրտեցաւ ներխուժել մեր արցախեան հողերը, սակայն ան մոռցած էր հայուն առհաւութիւնը, հայուն ազատութեան սիրոյն պայքարը, վրիժառու բազուկը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: 22 տարիներ անցան այն օրէն, երբ անգամ մը եւս ծածանեցաւ եռագոյնը Շուշիի մէջ: Շուշիի ազատագրումը...

zom1

Տոլարը Եւ Լիբանանը

ԱՐԱ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք , երկրին տնտեսութիւնը վստահաբար կը գտնուէր իր ամէնէն վատ վիճակին մէջ: Աշխատանք տարուեցաւ մանաւանդ շինարարական մարզին մէջ, որպէսզի երկիրը վերականգնի եւ վերակառուցուի: Այս ծրագիրը լաւ մշակելու համար ծնունդ առաւ նոր դրամավարկային քաղաքականութիւն մը, որ նպատակ ունէր ամերիկեան տոլարի գործածութիւնը լիբանանեան թղթոսկիին կողքին: Բայց ինչո՞ւ տոլարը եւ ոչ` այլ դրամանիշ մը... - 1990-ի սկիզբը Խորհրդային...

zom1

Հայ Հոգիի Կազմութիւնն Ու Կարեւորութիւնը

ԲԱԼԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ          Հայ հոգին կը ծագի իր նախնական, պարզագոյն սակայն արմատական բնոյթով հայ ըտանիքին մէջ: Ստանալով մօր գուրգուրանքն ու հօր պաշտպանողական հանդարտեցուցիչ խնամքը` հայ երեխային համար բնական երեւոյթ մը կը դառնայ այս ընտանեկան ջերմ մթնոլորտը: Սակայն հայ դպրոցը,մշակութային կեդրոններն ու հայկական կառոյցները հայ հոգիի կազմութեան ու աճման  համար որքա՞ն կարեւորութիւն ունին: Հոս մեր աչքին առջեւ կու...

IMG-20140515-WA0002

Ուսանողական Տեղեկատու

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած ձեռնարկներ կազմակերպուեցան Լիբանանի տարածքին գտնուող զանազան համալսարաններու մէջ: Ստորեւ կը ներկայացուի հայ ուսանողութեան գործունէութեան ամփոփ տեղեկատու մը. Հայկազեան համալսարանին մէջ, հինգշաբթի 17 ապրիլին տեղի ունեցաւ «Ցեղասպանութեան որբերը» վաւերագրական ժապաւէնի  ցուցադրութիւնը: 19 ապրիլին, կազմակերպութեամբ Հայկական աւանդներ ակումբին, համալսարանի ուսանողները Պիքֆայա այցելեցին եւ Ապրիլեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղեցին: 23 ապրիլին...

ZOM-deghegadou-F

ԶՈՄ-ի Տեղեկատու

- Այս տարի ԶՈՄ-ի «Դէպի Երկիր» գործուղումներու 10-ամեակն է: Այս առիթով, աշխատանքի ծիրը ա՛լ աւելի լայն պիտի ըլլայ, եւ մէկէ աւելի պատանեկան ճամբարներ պիտի կազմակերպուին յուլիս ամսուան ընթացքին թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի մէջ: - Զաւարեան ուսանողական միութեան յարաբերական յանձնախումբի աշխատանքներուն ծիրին մէջ ծանօթացման հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ուսանողական թեւի ներկայացուցիչներուն հետ, Սայֆի «Պէյթ Քեթեիպին»-ին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան...

IMG_2710

Մեր Խօսքը

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի կողմէ 24 ապրիլին Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ կատարուած ցոյցին ընթացքին ԶՈՄ-ի արտասանած խօսքը: 99 տարիներու հեռաւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը չի դարձներ պարզապէս պատմական դէպք մը, որ պէտք է շրջանցել: Արդարեւ, այսօր Ցեղասպանութեան հետեւանքները կը կրեն միլիոնաւոր հայեր, որոնք կը ծնին ու կ՛ապրին սփիւռքի մէջ, իրենց հայրենի հողին կարօտով: Ցեղասպանութեան հետեւանքները կը կրէ նաեւ...

IMG_2710

«Առանց Հատուցումին, Յատկապէս Հողային Հատուցումին, Մեր Ներկայ Հայաստանը Երբե՛ք Ապահով Պիտի Չըլլայ», Կ՛ըսէ Տիգրան Խալիկեան

Ցեղասպանութիւնը 1915-ին եզրափակուած չէ, անիկա տակաւին ընթացքի մէջ է: Հակառակ պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ տեղի ունեցող բոլոր դրական արդիւնքներուն եւ աշխատանքներուն յարատեւութեան, պարտուողական մտածում չ՛ըլլար ենթադրելը, որ հայութիւնը, իր պարփակած բոլոր սահմանումներով, ընդհանրապէս հետզհետէ կը հիւծի: Հարկ է լաւ ճանչնանք մենք մեզ, ընկալենք մեր ներկան, իրավիճակը, ինչպէս որ է, որպէսզի կարենանք մեր ծրագիրը հիմնել այդ ժխտական ներկան շրջելու վրայ: Միայն սթափելէ...

«Ջաւախքի Հարցերուն Լուծման Համար Սփիւռքը Շա՛տ Բան Կրնայ Ընել» Կ՛ըսէ Արտակ Գաբրիէլեան

Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, նախքան Արցախի Ազրպէյճանին կցումը, արդէն իսկ Ջաւախքը կցուեցաւ Վրաստանին: 2003-էն սկսեալ Վրաստան քայլ առ քայլ սկսաւ ի գործ դնել Ջաւախքը հայաթափելու ռազմավարութիւնը:  Տասը տարի անց այդ ռազմավարութիւնը տակաւին բուռն կերպով կը շարունակուի: Պատմական Գուգարք նահանգի ներկայիս 67 տոկոս հայ բնակչութիւն ընդգրկող հայկական Ջաւախքը ենթակայ է հայաթափման եւ իբրեւ հետեւանք` դադրելու գործնականապէս եւ ապրող հայկական հող ըլլալէ: Հակառակ...

zom11-420×207-1104

Տեղեկատու

Շաբաթ,  22 մարտ 2014-ին տեղի ունեցաւ ԶՈՄ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, «Եռագոյն-Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ մեծ թիւով նախկին ու ներկայ ԶՈՄ-ականներու եւ բարեկամներու: Փետրուար 24-ին ԶՈՄ-ը իր մասնակցութիւնը բերաւ Զուիցերիոյ դեսպանատուն ուղղուած պատուիրակութեան, որ դեսպանատան ներկայացուցիչին հետ քննարկեց Տողու Փերինչեքի գծով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին արձակած վճիռը: «Դէպի Երկիր» յանձնախումբը այցելած է ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի եւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղներու սկաուտական...

zom1

Քեսապը` Մեր Անցեալը, Մեր Ապագան

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Երբ երկու տարիներ առաջ Սուրիոյ պատերազմը իր բոցերը ուղղեց Հալէպ, ընկերային ցանցերուն շրջանակներուն մէջ բարձրացան Հալէպին համար իրար հակադրուող տեսութիւններ եւ «ռազմավարութեան» տարբեր առաջարկներ: Մաս մը դիմեց աղօթարշաւի (Հալէպին համար աղօթելու թուային արշաւ, որուն ձեւերէն են աղօթք խորհրդանշող նկարներու տարածումը), մաս մը կոչ ուղղեց հալէպահայերուն` չգաղթել «Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն ապաստան տուած» երկրէն, ոմանք արդէն առաջին առիթով անցան Լիբանան, իսկ...

zom1

Դաշտը Թողուց, Սուր Հրացան…

ԼԱԼԷ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Վերջին քանի մը տարիներուն Միջին Արեւելքը կրակ ու բոց, յեղափոխութեան մը մէջ է: Յեղափոխութիւն մը, որ տարիներէ ի վեր սպասուած էր, եւ ըստ շատերու` ծրագրուած: Արաբական յեղափոխութեան առաջին իսկ օրէն քաղաքագէտներ, պատմաբաններ եւ լրագրողներ սկսան վերլուծումներ ընել, թէ այս շարժումը ծնած չէ ժողովուրդին ազատութեան տենչէն, այլ` քաղաքական հաշիւներէ: Թէ` այս յեղափոխութիւնը պարզապէս կրօնական պատերազմ մըն է, որպէսզի իսլամը ...

zom1

Մտածումներ Քեսապի Հարցին Շուրջ

ՆԱԶԱՐԷԹ ԳԷՈՐԳԵԱՆ «Զարմանում եմ ես, որ նորից-նորից, գլուխը կորցրած, Ընթանում ենք մենք անցած ուղիով արդէն բթացած: Զարմանում եմ ես դատարկ ու պարապ ինչ-որ յոյսերից, Զարմանում եմ ես, որ չեմ զարմանում էլ ոչ մի բանից, Խուլ ու հնազանդ չարին յանձնուած այս մեծ աշխարհից Եւ մարդկանց անդունդը տանող ճանապարհներից»: ԱՐԹՈՒՐ ՄԵՍՉԵԱՆ «Իմ ընտանիքս երկու ժամ առաջ արդէն Լաթաքիա փախցուցի...», եղաւ ալեւի վարձուորին...

ECHR-ZOM

Փերինչեքի Վճիռը. Արդարութիւնը… Խօսքի Ազատութեան Եւ Ատելութեան Միջեւ

ԵՂԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆ 17 դեկտեմբեր 2013-ին Եւրոմիութեան Մարդկային իրաւունքներու դատարանը որոշում կայացուց  Տողու Փերինչեքի հարցով, որ Զուիցերիոյ մէջ ժխտած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ըստ դատարանին, Փերինչեքի ժխտումը խօսքի ազատութեան սահմաններուն մէջ կ՛իյնայ: Ըստ որոշումին` 1.- Ցեղասպանութիւնը որպէս ճշդօրէն սահմանուած օրինական գաղափար կարելի չէ փաստել: 2.- Դատարանը կը կարծէ, թէ այս պատմական եղելութեան շուրջ որոշ տարակարծութիւններ կան, եւ որ` տակաւին բանավէճի ալիք կը...

ECHR-ZOM

Փերինչեքի Վճիռը. Միշտ Պատրաստ` Հակազդելու Խեղաթիւրման

ԱՆԻ Խօսքի ազատութիւնը կարծիք մը կամ որեւէ գաղափար արտայայտելու իրաւունքն է, որ մարդկային իրաւունքներու եւրոպական պայմանադրութեան մէջ նշուած է 10-րդ յօդուածով: Ժողովրդավար երկիրներուն մէջ անհրաժեշտ տարր մըն է, որ առիթը կու տայ փոքրամասնութիւններուն ունենալու իրենց ձայնը: Կարելի է կարծիք յայտնել նիւթի մը շուրջ, որ կրնայ առիթ տալ մօտեցման տարբերութիւններու. իսկ իրողութիւն մը, ինչպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ արդէն զանազան երկիրներու եւ...

zom1

Karabakh.Org… Ամբողջ Պատմութիւնը Խեղաթիւրող Ազրպէյճանական Ապատեղեկատուութեան Դրսեւորում Մը

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ Ազրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ զինադադարի յաճախակի խախտման զուգահեռ, ազրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ կը սաստկանայ եւ կը տարածուի տարբեր լրատուական եւ քարոզչական միջոցներով: Մեր կողմէ համարժէք պատասխանը պէտք է շրջանցէ մամուլի սահմանները եւ հասնի համացանցին` այնտեղ ստեղծելով եւ ամրապնդելով քարոզչութեան բարձրագոյն դրսեւորումը: Երբ «Կուկըլ»-ի վրայ կը փնտռէի արցախեան պայքարի ժամանակագրութիւնը, առջեւս բացուեցաւ «karabakh.org» կայքէջը, ուր ազրպէյճանական տեսանկիւնէ ներկայացուած...

zom1

Մեր Խօսքը

Վերջերս բնական երեւոյթ դարձած է քննադատել մեր աշակերտներն ու պատանիները` ըսելով, թէ անոնք այլեւս չունին այն հետաքրքրութիւններն ու յանձնառութիւնը, զորս ունեցած են մեր սերունդը կամ մեզմէ աւելի աւագ սերունդները: Եթէ քննական մօտեցումով փորձենք մօտենալ հարցին, կը նկատենք, որ թէեւ այս իրողութիւնը կրնայ երբեմն երեւութապէս ճիշդ ըլլալ, բայց անիկա կապուած է ուրիշ ահագին գործօններու հետ: Արդարեւ, 20-րդ դարու վերջին տասնամեակն ու...

zom1

Յատուկ Հոգածութեան Պահանջը Ունեցող Աշակերտները

Մեր առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք ֆիզիքական կամ մտային դժուարութիւն ունեցող աշակերտներու, որոնք անմիջապէս մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն: Այսպիսի աշակերտներ կը կարօտին յատուկ հոգատարութեան, զոր չենք գտներ հայկական վարժարաններուն մէջ: Այս մէկը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ այս աշակերտներուն կեանքին վրայ, տրուած ըլլալով, որ անոնք կա՛մ կը մնան թերաւարտ եւ կա՛մ կը ստիպուին յաճախել օտար վարժարաններ: Աւելի լաւ հասկնալու համար...

zom1

Բարձրորակ Կրթութեան Պիւտճէն

ՇԱՂԻԿ  ՉԱՓԱՐԵԱՆ Գաղութային առօրեայ հարցերու շարքին կարեւորագոյններէն կը նկատուին հայկական վարժարաններու տնտեսական տագնապը եւ կրթական մակարդակի անկումը: Յաճախ կը մտածենք լուծումներու մասին: Ընդհանրապէս այդ  լուծումները կը մոռցուին խօսակցութեան աւարտին, կամ շատ հաւանական է, որ զրոյցը եզրափակենք` «դրամէն լուր տուր» արտայայտութեամբ: Հակառակ պարագային, երբ աւելի գործնական քայլեր նախաձեռնել ուզենք` հայկական վարժարաններու մէջ բարենորոգումներ կատարելու, առաջին գործը կ՛ըլլայ հովանաւորներու փնտռտուքի աշխատանքը` փոխանակ...

zom1

Ռոստոմի Մահուան 95-ամեակ. Մասունքներ Ռոստոմէն

ՆԱԶԱՐԷԹ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Եղի՛ր այն փոփոխութիւնը, զոր կ՛ուզես տեսնել աշխարհի մէջ ՄԱՀԱԹՄԱ ԿԱՆՏԻ   --------------------------------------------------------------------------- Ցղնա գիւղի միջով հոսում է մի փոքր գետակ, որի ջուրը ամառները չէր բաւականանում ամէնքի այգիները ջրելու համար: Ռոստոմը յաճախ լսում էր, թէ ինչպէս գիւղի չքաւոր բնակիչները տրտնջում են, թէ ամբողջ ջուրը գնում էր հարուստներին, իսկ իրենց այգիները փչանում են առանց ջրի: Եւ ահա մի օր, հազիւ 10-11...

Page 12 of 18 1 … 11 12 13 … 18