Գաղութային

Համբարձման Տօնակատարութիւն

Ուրֆայի հայրենակցական միութեան տիկնանց վարչութիւնը կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը` յարգելու համար Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման օրը: Մայիս 15-ին կիներու եւ օրիորդներու հոծ բազմութիւն մը համախմբուած էին այս առիթով: Ատենապետին բացման խօսքէն ետք ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Յայտագիրը բաւական ճոխ էր. Համբարձման երգերով նուագախումբը բարձրացուց տրամադրութիւնները: Վիճակաձգութեամբ իւրաքանչիւրս ստացանք հաճելի նուէրներ: Յայտագիրին երկրորդ բաժինով կատարուեցան նուիրատուութիւններ` գոհացուցիչ հասոյթ մը...

Ազգային Ե. Մանուկեան Քոլեճի Ա.-Դ. Կարգերը Հանդիսութեամբ Մը Կը Նշեն Մայրերու Տօնը

Ուրբաթ, 31 մայիսին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ: Այնտեղ համախմբուած էին ոչ միայն մեր աշակերտներուն մայրերը, այլ նաեւ` մեծ մայրերը: Արդարեւ, շաբաթ մը առաջ պատրաստուած էին կակաչի ձեւով իւրայատուկ հրաւիրատոմսեր, աշակերտները կը մասնակցէին փորձերու, տարազներ կը պատրաստուէին ու ամէնքը անհամբեր էին իրենց լաւագոյնը հրամցնելու իրենց մամաներուն ու մեծ մամաներուն: Հասաւ սպասուած ժամը: Բեմի...

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Հայ Մշակոյթի Օր. «Նռան Հատիկներ»

Վերջապէս հասաւ ամենասպասուած եւ ցնծալի օրը` «Հայ մշակոյթի օր»-ը, որ այս տարի կը զուգադիպէր ուրբաթ, 17 մայիս 2013-ին: Արդարեւ Կ Բ վարժարանին համար աւանդութիւն դարձած այս օրուան ընթացքին  կը նշուի նաեւ ուսման հնագոյն դարբնոցներէն` վարժարանիս հիմնադրութեան տարեդարձը: Նման աւանդոյթ մը ամենապարզ, սակայն ամենացայտուն ապացոյցն է ազգային արժէքներու պահպանման: Այս տարի հայ մշակոյթին նուիրուած աւանդական հանդիսութիւնը կը կրէր տարբեր բնոյթ: Երեկոյեան...

Հայաստանի Ա.Հանրապետութեան 95-ամեակին Առիթով. Սարդարապատի Պատմական Յաղթանակին Նուիրուած Աշակերտական Տօնակատարութիւն

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 95-ամեակին առիթով Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ, այսօր, 27 մայիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ դրօշակի արարողութենէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը Աշակերտական խորհուրդին անունով արտասանեց...

Այնճարի Հայ Աւետ. Երկր. Վրժ.ի «Նայիրի» Երգչախումբին Ելոյթը

          Յարգելով վերջին տարիներու աւանդութիւնը, շաբաթ, 1 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Հետուիկ» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Այնճարի Հայ աւետ. երկր. վրժ.ի «Նայիրի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Լորի Այնթապլեանի: Ելոյթէն առաջ վեր. Րաֆֆի Մըսրլեան բացման խօսքով ողջունեց բոլոր ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավարին եւ դաշնակահարին, գնահատեց ծնողներուն քաջալերանքը նման ձեռնարկներու առիթով եւ շնորհաւորեց...

Հայ Աւետարանական Քոլեճին Մէջ Մայրերու Օրուան Նշում

Հովանաւորութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի հոգաբարձութեան, կազմակերպութեամբ վարժարանի Տիկնանց ընկերային յանձնախումբին, շաբաթ, 25 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու տօնին նուիրուած ձեռնարկ: Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհաւորեց մայրերու տօնը` մաղթելով բոլոր մայրերուն` առողջութիւն, երկար կեանք, յաջողութիւն եւ բախտաւոր օրեր: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ վարժարանի շրջանաւարտներէն Շուշան Արթինեանին...

Հայկական Տոհմիկ Օր

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Իզապէլ Տեկիրմենճեանի եւ հովանաւորութեամբ Պ. Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութիւններուն, նաեւ` գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն, շաբաթ, 11 մայիս 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, զոյգ քաղաքապետներուն եւ օրուան նախագահուհիին կողմէ տեղի ունեցաւ բացումը «Հայկական տոհմիկ օր»-ուան տօնավաճառին: Բացման խօսքը արտասանեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Յովհաննէսեան. ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց քաղաքապետներուն, նախագահուհիին, բոլոր բարերարներուն, որոնց...

2013 Տարի… «Հայ Մօր» Տարի…

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը ամէն տարի տարեկան իրենց ծրագրին մէջ անպայման յատուկ ձեռնարկ մը կը կազմակերպեն` նուիրուած հայ մօր: Այդ մասնաճիւղերէն մէկն էր Ամանոսի շրջանին մէջ գործող «Կարինէ» մասնաճիւղը, որ 23 մայիս 2013-ին Զալքայի «Պուզըր» ճաշարանին մէջ համախմբած էր շրջանի մայրերն ու մեծ մայրերը: Ներկայ էին նաեւ Շրջանային վարչութենէն ընկերուհիներ: Մուտքին ներկաները դիմաւորուեցան վարչական ընկերուհիներու կողմէ ծաղիկներով, հայկական երգերու խտասալիկով...

Ս. Պուլղուրճեան-Սիմիթեանի Այցելութիւնը Լօխ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարան

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը երկուշաբթի, 27 մայիս 2013-ին կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին հիւրընկալեց մանկական գիրքերու հեղինակ Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեանը` ընկերակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրադարանի ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանի եւ Ցոլինէ Խաչատուրեանի, ներկայութեամբ յանձնախումբի ընկերուհիներուն: Յանձնախումբի ատենապետ Մանուշակ Գիզիրեան բարի գալուստ մաղթելով` փոքրիկներուն ներկայացուց օրուան հիւրը: Հեղինակը շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ ընթերցանութիւն, բացատրութիւն եւ զրոյց կատարեց աշակերտներուն հետ` իր հրատարակած գիրքին շուրջ:...

Շտապ Օգնութեան Դասընթացք

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունքը յաճախ կը կազմակերպեն շտապ օգնութեան դասընթացքներ` գործակցաբար Լիբանանի կարմիր խաչին, գաղութիս տարբեր երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեանց համար: 29 մայիս 2013-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, «Թնճուկեան» սրահ հրաւիրուած էին Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանէն 40 աշակերտներ` ընկերակցութեամբ վարժարանի ընկերային ծառայող Զեփիւռ Պէրպէրեանի` ստանալու համար հետեւեալ...

Մայրերու Օր

Ուրբաթ, 3 մայիս 2013-ին, առաւօտեան Արագածի շրջանի Ժողովրդային տան «Ս. Գալայճեան» սրահը լեցուն էր հայ մամիկներով: Այդ օրը ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղը նշեց «Մայրերու օր» ձեռնարկը: Մասնաճիւղին վարչութիւնը ոչ մէկ ճիգ խնայած էր իրագործելու համար այս ձեռնարկը: Սրահի մուտքին բոլոր ներկաներուն մատուցուեցան նուէրներ: Սեղաններու վրայ զետեղուած փոքրիկ թաղարներուն ծաղիկներուն բոյրը տարածուած էր սրահին մէջ: Օրկանիստ Սեդօ Պաղտասարեանին կ՛ընկերակցէր հալէպահայ երգիչ Սագօ...

«Ջաւօ Շանթ» Մասնաճիւղին «Մայրերու Օրը»

Ամէն տարի կը տօնուին եկեղեցական եւ ազգային տօներ, ինչպէս որ մայրերու օրը կը տօնեն բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, մասնաւորապէս` կնոջական միութիւններ, յատուկ հանդիսութեամբ, յարգանքի, երախտագիտութեան եւ մաղթանքներուն միացնելով նուէր մը, փունջ մը ծաղիկ: Հինգշաբթի, 30 մայիս 2013-ին, ԼՕԽ-ի «Ջ. Շանթ» մասնաճիւղը Տըքուէնիի շրջանի կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր ձեռնարկ մը` մայրերու օրուան առթիւ: Ներկայ էին շրջանի մայրերն ու մեծ մայրերը, ինչպէս նաեւ Շրջանային...

Մայրերու Օր Եւ Համբարձում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան (Ժիպէյլ), 9 մայիս 2013-ին տեղի ունեցաւ սոյն ձեռնարկը, Ժիպէյլի Հայ կեդրոնի վերանորոգուած սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Մուտքին ներկաները ստացան ծաղիկներ եւ նուէրներ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Լուսին Պեզճեան, որ շնորհաւորեց հայ մայրերը, բոլորին մաղթեց ուժ, կորով եւ առողջութիւն: Ապա խօսք առաւ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան,...

Մայրերու Օրուան Հաւաք

Սեւան Կարապետեան-Ադամեան Երեքշաբթի, 21 մայիս 2013-ին, ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղը այս տարի եւս նշեց Հայ մօր տօնը, սակայն այս անգամ` վերանորոգուած ակումբի մէջ: Մասնաճիւղի վարչութեան անդամները ճիգ չէին խնայած ձեռնարկը ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ անցընելու համար: Մուտքին բաժնուեցան համեստ նուէրներ. բարի գալուստի խօսք ուղղեց ատենապետ Աստղիկ Կէտիկեան, իսկ յայտագիրը շարունակեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան` որպէս օրուան հանդիսավար: Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ...

Համբարձման Տօնին Առիթով Պտոյտ

ԼՕԽ-ի Թրիփոլիի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղը տօնեց Համբարձումը Աշքութի ճաշարաններէն մէկուն մէջ` մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ականներու, անոնց զաւակներուն եւ թոռնիկներուն: Թէեւ Համբարձումը տեղի ունեցած է Ձիթենեաց լերան վրայ, սակայն մենք հաւաքուեցանք գարնանային մշտադալար ծառերուն տակ: Այս առիթով ժողովրդային հայկական աւանդութիւններ պահպանելու միտումով պատրաստուած էին քառեակներ, որոնց ընթերցումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց: Անկէ ետք չափահասներն ու մանուկները միասնաբար երգեցին ու պարեցին: Հայաստանի մէջ Համբարձման օրը շատեր...

Համբարձման Եւ Մայրերու Տօն

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած Համբարձման եւ Մայրերու օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 16 մայիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, «Ուայթ թաուըր» պանդոկի «Արարատ փալաս» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սօսի Քէօյլեանի եւ 70 հրաւիրեալներու: Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Զեփիւռ Պոնիագրապեան, որ ներկաներուն բացատրեց զոյգ տօներուն իմաստը. ան շնորհակալական խօսք ուղղեց շրջանի «Ռուբէն» կոմիտէին, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի...

«Սարդարապատով Վերածնուած Հայրենիք»

Մայիս ամիսը յաղթանակներու ամիս է, որոնց բուն մեկնակէտ-յաղթանակն է Սարդարապատը, ուր վճռուեցաւ հայութեան լինելութեան գերխնդիրը: Այդ յաղթանակը վերիմաստաւորելու եւ վերարժեւորելու էր կոչուած դասախօսական երեկոն, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 17 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նիկոսիոյ Ազգային առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Կիպրոսի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ: Երեկոն կը վայելէր հովանաւորութիւնը կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ նախագահութիւնը` պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի:...

Քուէյթահայութիւնը Նշեց Մայիսեան Յաղթանակի 95-ամեակը

ՄԱՐԱԼ ՀԱՄՊՈՅԵԱՆ Մայիս 28-ի հանդիսութեան Քուէյթի Կեդրոնական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 16 մայիս 2013-ին, Մովենփիք պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 95-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն-խրախճանք, որ իրականացաւ յանձնախումբին եռամսեայ հետեւողական եւ տքնաջան աշխատանքով: Այս օրը իսկական յաղթանակի օր էր: 400 ներկաներու մասնակցութիւնը այդ մասին կը վկայէր: Սրահը շքեղօրէն զարդարուած էր եռագոյն դրօշակներով, հանրապետութեան զինանշաններով, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի դրօշակներով: Հանդիսութիւնը...

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան Գարնանային Ցուցահանդէս-Վաճառք Եւ Վիճակահանութիւն

25 մայիս 2013-ին Երեւանի «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած առաջին «Գարնանային բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառք»-ը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՕՄ-ի Հայաստանի աւելի քան քառասուն մասնաճիւղեր: Ցուցահանդէսին նպատակն էր մէկտեղել ու ցուցադրել Հայաստանի տարբեր մարզերուն բնորոշ կերակրատեսակներ, հայ մշակոյթը ներկայացնող ձեռագործներ, զարդեր, խեցեգործութեան նմուշներ: Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Սուրիայէն եւ Իրանէն ՀՕՄ-ի անդամներ,...

Մայիսեան Տօնակատարութիւնը Առաւել Բարձրացուց Հալէպահայութեան Ազգային Ոգին

Հալէպ քաղաքին ապրած դժուարին ու ծանր պայմաններուն մէջ հալէպահայութիւնը նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. անկախութեան 95-ամեակը: Կիրակի, 26 մայիս 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ հալէպահայութիւնը արժանաւոր կերպով նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման տօնը` Սարդարապատի հերոսամարտով անմահացած քաջամարտիկներու զոհողութեամբ շահուած: Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանը: Ներկայ էին հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետն ու հայ...

Page 89 of 114 1 … 88 89 90 … 114

Արխիւներ