Գաղութային

ԱԶԳ. ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՏՀՈՒՐ ՇՈՒԷՅՐԻ ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ

Կենսոլորտի պահպանման համար ի գործ դրած իր դաստիարակչական ծրագիրներու շարքին, շաբաթ, 11 փետրուարին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտութիւնը մասնակցեցաւ «Շուէյր էվըրկրին» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան գործակցութեամբ կազմակերպուած ծառատնկումի աշխատանքին: Քոլեճին երկրորդականի բաժինէն աշակերտներ, Տհուր Շուէյրի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած երկրագործական գործիքներով եւ կենսոլորտի նախարարութեան ներկայացուցիչին ցուցմունքներով, 200 ծառեր ցանեցին գիւղաքաղաքին կեդրոնական հրապարակին մօտակայ բլուրի մը վրայ, որ...

Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԿԸ ՄՆԱՆ ՔԱՋՆ ՎԱՐԴԱՆԻ ԿԱՆՉԻՆ

Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը չորեքշաբթի, 15 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-էն սկսեալ կոկիկ յայտագիրով մը նշեց Վարդանանց տօնը: Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ 9-րդ դասարանի աշակերտուհի Փերլա Գանթարճեան, որ համառօտ կերպով անդրադարձաւ Քաջն Վարդանի, Ղեւոնդ Երէցի եւ իրենց ընկերակցիներուն կատարած քաջագործութեան, որուն շնորհիւ հայը ճակատաբաց կը նայի պատմութեան: Բացման խօսքէն ետք մանկապարտէզի...

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ՏԱՐԲԵՐ ՕՐ»-Ը

Ուրբաթ, 10 փետրուար 2012-ին Ազգային Աբգարեան վարժարանին մէջ ուրախ մթնոլորտ մը կը տիրէր: Կիսամեակի քննութիւնները ամբողջացած էին եւ աշակերտները առաւօտ կանուխ ուրախ-զուարթ դպրոց ներկայացած էին` առանց պայուսակի, դպրոցական «տարբեր օր» մը անցընելու դպրոցէն ներս: Յայտագիրը սկսաւ Վարդանանց տօնակատարութեամբ, որ առաջինէն վեցերորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին խմբային արտասանութիւններ, Վարդանանցի, բարեկենդանի երգեր եւ թատրոն: Անոնք լաւապէս պատրաստուած էին եւ շատ գեղեցիկ ձեւով ներկայացուցին...

ԼՕԽ-Ի «ԱՇԽԷՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Հայկական տօնական օրերը առիթներ կը ստեղծեն մեր միութենական կառոյցներուն` յիշելու մեր աւանդութիւնները, պահելու մեր հայկական ինքնութիւնը, դիմագիծը: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղը (Նոր Մարաշ), հաւատարիմ իր առաքելութեան, կազմակերպեց Բարեկենդանի հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ 7 փետրուար 2012-ին, «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ: Ներկայ եղան` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, մասնաճիւղի անդամուհիները եւ միութեան համակիր բարեկամուհիներ, Պուրճ Համուտի մէջ գործող...

Ս.ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ – ՏՈՀԱ, ՔԱԹԱՐ

ԳԱՐՈԼԻՆ ՄՍՐԻԷ - ՍԵՐՈԲԵԱՆ Վերջերս, տնտեսական պայմաններու բերումով Քաթար տեղափոխուած հայերը, Հայաստանէն թէ սփիւռքէն, թիւի արագընթաց աճ կ՛արձանագրեն: Ուստի, երբ այնտեղ տակաւին անգոյ է զիրենք մէկ յարկի տակ հաւաքող հայ եկեղեցին, անոնք հարկադրուած են հայերէնահունջ իրենց պատարագը մատուցել այլ քրիստոնեայ համայնքի մը եկեղեցւոյ մէջ` յարմարելով մէկ կողմէ այդ եկեղեցւոյ պարագաներուն եւ միւս կողմէ` համայնքը այցելող եւ օրուան պատարագը մատուցող հոգեւոր...

ԿԻՊՐՈՍ. «ԵՐԲ ՄԱՆՈՒԿԸ ԵՒ ԳԻՐՔԸ ԿԸ ՄԻԱՆԱՆ…»

«2011-ը Հայ մանուկի տարի էր, եւ 2012-ը` Հայ գիրքի: Այս իմաստով մանուկը եւ գիրքը կը միանան: Ի՜նչ լաւ է տեսնել, թէ անոնք կը միանան Աստուածաշունչով»: Այսպէս արտայայտուեցաւ Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան, 19 յունուարին «Նարեկ» ազգային վարժարանին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ «Մանկա-Մեսիա» մանուկներու յատուկ հայերէն աւետարանի բաշխում: «Նարեկ» ազգային վարժարանի տնօրէն Վերա Թահմազեան բացման խօսքը արտասանեց եւ...

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃ. ԱՏԵՆԱՄԱՐԶԱՆՔ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ

Հայ աւետարանական քոլեճի Հայկական ակումբին նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 27 յունուար 2012-ի հերթական ատենամարզանքը նուիրուած էր Ֆրանսայի ծերակոյտին տուած ցեղասպանութիւններու դատապարտումը քրէականացնող որոշումին: Հայաստանի ու Ֆրանսայի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վիգէն Իգնատոսեան (ԺԲ. կարգ), որմէ ետք սահիկներու ցուցադրութեամբ ծերակոյտի որոշման պատմութիւնն ու ընդհանրապէս Հայ դատի միջազգայնացման գործընթացը ներկայացուց Էնժի Քիրեճեան (ԺԱ. կարգ): Դպրոցի  երկարամեայ տնօրէն, բազմավաստակ պատմաբան...

ԼԵՄ-Ի «ՀՐԱՅՐ ԴԺՈԽՔ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Կիրակի, 22 յունուարին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ խումբ մը ընկերներ այցելեցին ՔԱՀԼ-ի ծերանոց Նոր տարուան առիթով: Անոնք փոքր նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեցին եւ կարկանդակ ու օշարակ հրամցուցին: Մօտ երկու ժամուան ընթացքին անոնք զրուցեցին ծերերուն հետ եւ մթնոլորտը ճոխացուցին: Կիրակի, 29 յունուարին` ժամը 10:00-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղի անդամները իրենց դաշնակցական պարտքը կատարեցին եւ այցելեցին Պուրճ Համուտի Ազգային...

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ. «ՄԵՆՔ ՅԱՂԹԵՑԻՆՔ…»

Հինգշաբթի, 26 յունուար 2012-ին ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ներկայացուցիչ Վաչէ Ծատուրեան ճեմարանի Լսարանական միութեան աշակերտութեան ներկայացուց 23 յունուար 2012-ին Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած օրէնքը: Վաչէ Ծատուրեան ըսաւ, թէ օրէնքը յստակօրէն կը նշէ, որ կարելի չէ ժխտել որեւէ ցեղասպանութիւն, որ ճանչցուած է ֆրանսական պետութեան կողմէ: Ֆրանսա արդէն 2001-ին ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն յունուար 23-ի այս օրէնքը իսկական յաղթանակ մը...

ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻՆ

23 յունուար 2012-ը պատմական օր մը եղաւ հայութեան համար: Այդ օր Ֆրանսայի ծերակոյտը որդեգրեց ցեղասպանութիւններու, որոնց շարքին` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:  Այդ օրը ոսկեայ տառերով պիտի գրուի ոչ միայն հայ ժողովուրդի 95-ամեայ պայքարի էջերուն մէջ, ոչ միայն Ֆրանսայի ու Հայաստանի բարեկամական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ, այլ նաեւ` համաշխարհային մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գիրքին մէջ: Արդարեւ, չորեքշաբթի, 25 յունուարի առաւօտեան Ս. պատարագին...

ԼՈՒՐԵՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ. ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒՆ ԱԶՆԻՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Սիրելի բարեկամներ, Բարձրօրէն կը գնահատենք ձեզ` դպրեվանքին հանդէպ ձեր ունեցած հետաքրքրութեան համար: Դպրեվանքի բարեկամներ եւ դպրեվանք կապը առաւել ամրապնդելու առաջադրանքով` կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները գրեթէ ամէն ուրբաթ եւ շաբաթ (երբեմն ալ միւս օրերուն), ժամը 19:00-20:00, դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցող արտադասարանային ձեռնարկներուն: Փետրուարին նախատեսուած են հետեւեալ ձեռնարկները. 1.- Ուրբաթ, 3 փետրուար, ժամը 19:00, Ճորճ սրկ. Լէյլէկեան, «Առաքելական եկեղեցիները եւ ազատ...

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՐՏԱԴԱՍԱՐԱՆԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ՆՈՐ ՀՈՒՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄՏՆԷ

Ուրբաթ, 13 յունուար 2012, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դպրեվանեցիներու արտադասարանային կեանքի կազմակերպումը սաներու պատասխանատուութեամբ կատարելու համար, տեսչութիւնը բոլոր դպրեվանեցիները բաժնեց հետեւեալ ութ խմբակներուն. (1) Ուսանողական խորհուրդ, (2) «Գլաձոր» տարեգիրքի խմբագրական կազմ, (3) «Պատի թերթ»-ի խմբակ, (4) Տեղեկատուական խմբակ, (5) Արխիւի խմբակ, (6) Գրական խմբակ, (7) Երաժշտական եւ թատերական խմբակ, (8) Նկարչական եւ ձեռային աշխատանքներու խմբակ: Տեսուչ սրբազանը` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան,  քաջալերեց...

OFLAMBO!- ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՊԼՈԿԸ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՄԷՋ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի երկրորդական բաժինի խումբ մը աշակերտներ վերջերս առաջարկով մը հանդէս եկան վարժարանի ֆրանսերէնի ուսուցչուհիներէն, միեւնոյն ատեն վարժարանի ֆրանսերէնի համակարգող Հասնա Ապու Իլիասին` համացանցի մէջ ֆրանսերէնով պլոկ մը ստեղծելու մասին: Գաղափարը ողջունելի գտնելով` Ապու Իլիաս այս մասին տեղեակ պահելէ ետք վարժարանի տնօրէնը եւ անկէ ստանալով հաւանութիւն ու քաջալերանք, խումբին հետ միասնաբար լծուեցան աշխատանքի: Վարժարանի տնօրէնութիւնը այս առթիւ...

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Ս. ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ԽՈՐԱՆԻ ՕԾՈՒՄ

Կիրակի, 22 յունուար 2012-ին Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ մարմարեայ նորակառոյց խորանը օծուեցաւ ձեռամբ Լիբանանի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Թրիփոլիի Հայ առաքելական եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի հայութիւնը, յատկանշական օր մը ապրեցան` ականատես ըլլալով եկեղեցւոյ խորանի օծման արարողութեան: 50 տարիներ առաջ նորակառոյց Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ համար շինուած փայտեայ խորանը շարունակ կանգուն մնաց ու  վերածուեցաւ հայու ճակատագրին ու գոյատեւման հարազատ յուշակոթողի, որպէս վեհագոյն...

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄԸ ՈՂՋՈՒՆՈՂ ՁԵՌՆԱՐԿ

24 յունուարի առաւօտեան Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տօնական տրամադրութիւն կը տիրէր նախորդ օր Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման առիթով: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին վարժարանի շրջափակին մէջ բարձրացուեցաւ Ֆրանսայի պետական դրօշը` պետական քայլերգի հնչիւններուն ներքեւ: Այնուհետեւ խօսք առաւ վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Թաշճեան, որ այս որոշումին եւ անոր որդեգրման մասին մանրամասնութիւններ ներկայացուց: Ապա խօսք առաւ...

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻՆ

Երեքշաբթի, 24 յունուարին իւրայատուկ մթնոլորտ կը տիրէր Ազգային Ռուբինեան - Ս. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ: Արդարեւ, Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման առիթով վարժարանի տնօրէնութիւնը կազմակերպեց յատուկ ձեռնարկ մը: Վարժարանին շրջափակին մէջ ամէնուրեք կը ծածանէր Եռագոյնը. աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ կ՛ունկնդրէին ազգային-հայրենասիրական ոգեշնչող երգեր, որոնք անոնց մօտ կ՛ամրապնդէին ազգային ջիղն ու հայկականութեան պահպանման ձգտումը: Վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան այս...

ԺԻՊԷՅԼԻ ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆ ԱԿՈՒՄԲԻ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ` ԽՐԱԽՃԱՆՔ

1976 թուականին Ժիպէյլի մէջ հիմնադրուեցաւ հայ կեդրոն ակումբը, որուն նպատակն էր համախմբել շրջանի հայութիւնը եւ զայն ամրապնդել: Այս առումով հսկայական աշխատանք ի գործ դրուեցաւ, որպէսզի օտարներով շրջապատուած հայը հայ մնայ եւ հայօրէն գոյատեւէ: Պահպանելով իր հայկական ինքնութիւնն ու դիմագիծը շրջանի հայութիւնը նաեւ արժանացաւ տեղւոյն բնակչութեան յարգանքին: Իբրեւ կուսակցական միաւոր շրջանին մէջ կը գործէ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէութիւնը, ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղը, ԼԵՄ-ի...

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը այսու կու գայ հաղորդելու, թէ մեծարգոյ տիար Գէորգ Արապեան 2008-2009 դպրոցական տարեշրջանի հոկտեմբեր ամիսէն ի վեր վեհանձն ու ազգօգուտ միտք ունեցաւ` օժանդակելու վարժարանիս կարիքաւոր սաներուն պատուաբեր կրթանպաստով: Տիար Գէորգ Արապեան, որպէս բարեսիրտ հայր եւ մանաւանդ որպէս ճշմարիտ հայ, աւելի քան երեք տարիներէ ի վեր վարժարանիս մեծ բարերար ու զօրավիգ է:...

ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ԿԵՐԹՄԵՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Կէրթմենեան վարժարանի տնօրէնութեան, ուրբաթ, 13 յունուար 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին,վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական երեկոյ` մասնակցութեամբ վարժարանի աշակերտութեան: Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն Սահակ Տէտէեան: Ան յայտնեց, թէ Ս. Ծնունդի առիթով աշակերտները ներկայացուցած էին թատրոն մը` «Թագաւորը, որ ջնջնեց Ս. Ծնունդի տօնակատարութիւնը» խորագիրով: Ուզած են, որ ծնողներուն դիմաց ալ ներկայացուի, որովհետեւ  բաւական յաջող  եղած է: Տնօրէնը...

ԱՐԴԻԱԿԱՆԸ` Ի ՍՊԱՍ ՆՈՐԱՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԳԻ ՎԵՐԵԼՔԻՆ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը հարազատ մնալով իր բազմիցս տուած խոստումին` խնայել ոչ մէկ ճիգ, զարգացնելու, արդիականացնելու համար կրթական այս օճախը, իւրաքանչիւր տարի նորութիւններ կը բերէ իր ընդհանուր կրթական համակարգին: Ընթացիկ ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկէն ի վեր վարժարանի մէջ աշխատանքներ սկսած են ելեկտրոնային դպրոցի (e-school) ստեղծման առնչութեամբ: Իբրեւ այդպիսին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը կը հանդիսանայ առայժմ միակ լիբանանահայ վարժարանը:...

Page 110 of 114 1 … 109 110 111 … 114

Արխիւներ