Ազգ. «Յառաջ» Մանկապարտէզի «Ծաղիկ»ները Ստացան Վկայական
Շաբաթ, 16 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Յառաջ» մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, որուն աւարտին Ծաղիկ դասարանը ստացաւ աշակերտական կեանքի իր առաջին վկայականը: Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեան յաջորդեց մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեանի բացման խօսքը: Ան հրաւիրեց ներկաները իրենց ջերմ գնահատանքով ու ծափողջոյններով մասնակից դառնալու մանկապարտէզի աշակերտութեանց կողմէ ներկայացուելիք յայտագիրին, որ կը միտի ամրապնդել...
