Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Վարժարանի Շրջանաւարտներու Նոր Փաղանգ Մը
Հոգեկան ցնծութեան միախառնուած յուզումի զգացումներով, չորեքշաբթի, 4 յուլիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի միջնակարգի ամավերջի հանդէսը` նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սուրէն Խանամիրեաններու: Յաջողածի ուրախութեան եւ բաժնուողի տխրութեան զոյգ զգացումներով շրջանաւարտները դիմաւորուեցան ներկաներուն ծափողջոյններով, որմէ ետք ընթացք առաւ հանդիսութիւնը, որուն բացումը կատարուեցաւ Համաստեղի «Հայու ոգին» բանաստեղծութեան ասմունքով: Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան նաեւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի տարբեր դասարաններու...
