Ամառնային Ողջունելի Մարզական Ծրագիր. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մասնաճիւղին Նախաձեռնութեամբ
Ամառնային այս տաք օրերուն հաճելի հանդիպումներ եւ աշխատանք ունեցան ՀՄԸՄ Անթիլիաս մասնաճիւղի գործունէութեան հետեւող ՀՄԸՄականները: Անոնք ունեցան մարզական օգտաշատ ձեռնարկներ` մանկապատանեկան խաղերու վերաբերեալ: 5-12 տարեկան մանուկներ եւ պատանիներ հետեւեցան այս մարզաձեւերուն, քաջալերանքովը ծնողներու: Ֆութպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի, ճատրակի եւ լողի դասեր տրուեցան` առաջնորդութեամբ երիտասարդ ուսուցանողներու: Յուլիս-օգոստոս ամիսներ ձանձրոյթէ հեռու պահեցին Անթիլիասի եւ շրջակայքի մանուկներն ու պատանիները, որոնք օգտուեցան այս փորձարկումէն: Շատեր...
