Յօդուածներ

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Շարլ Ազնաւուր Պիտի Մասնակցի «Աւրորա» Մրցանակաբաշխութեան Շարլ Ազնաւուր ապրիլին Հայաստան պիտի այցելէ: «Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Ազնաւուրի մամլոյ քարտուղարը` Քրիստինա Սարգսեան: Ան դիտել տուած է, որ Շարլ Ազնաւուր ներկայ պիտի ըլլայ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան: Մուսա Լերան 40 Օրերը» Գիրքի Վերահրատարակուած Հունգարերէն Թարգմանութեան Շնորհահանդէսը 29 մարտին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցած է «Մուսա...

«Սփիւռքահայ Ուսանողներուն Համար Հրաշալի Առիթ Է Հայրենիքի Մէջ Ուսանիլն Ու Ապրիլը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան

«Սփիւռքահայ Ուսանողներուն Համար Հրաշալի Առիթ Է Հայրենիքի Մէջ Ուսանիլն Ու Ապրիլը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ. 1991 թուականին Հայաստանի մէջ հիմը դրուեցաւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին, որ իր գոյութեան 25 տարիներուն ընթացքին ընդարձակեց իր ուսումնական կարելիութիւններուն ծիրը, զարգացաւ, նոր մասնագիտութիւններ ներգրաւեց,  ամառնային յատուկ դասընթացքներ կազմակերպեց եւ ծրագիրներ ունի աւելցնելու իր մասնագիտութիւնները, որպէսզի առիթ տայ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով ուսանողներու իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալու համալսարանի յարկին տակ: Լիբանանի մէջ հոգեւոր, միութենական եւ կրթական...

Հիշամ Ժապեր Կը Գրէ Հայաստան Եւ Լեռնային Ղարաբաղ Կատարած Իր Այցելութեան Մասին

Հիշամ Ժապեր Կը Գրէ Հայաստան Եւ Լեռնային Ղարաբաղ Կատարած Իր Այցելութեան Մասին

Հանգստեան կոչուած լիբանանեան բանակի հազարապետ-զօրավար Հիշամ Ժապեր, որ նաեւ նախագահն է Միջին Արեւելքի զինուորական ուսումնասիրութիւններու եւ ընդհանուր յարաբերութեան կեդրոնին, Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ իր այցելութեան մասին «Աֆքար» շաբաթաթերթին մէջ գրած է հետեւեալ յօդուածը. Պտոյտ Մը Դէպի Հայաստան Եւ Լեռնային Ղարաբաղ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելութեան հրաւէր մը ստանալէս հինգ տարի ետք ընդառաջեցի այդ հրաւէրին: Նախքան մեկնումս` պէտք էր վերադառնայի քարտէսներու եւ...

Ինչո՞ւ Է Թուրքիան Լռում Եւ Անտեսում Պրազիլի Յայտարարութիւնը

Խաղաղութիւն Չի՞ Լինելու. Ուրեմն` Նոր Պատերա՞զմ

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահների միջեւ Ուաշինկթընում հանդիպում չկայացաւ, ինչը նշանակում է, որ կողմերը խօսելու բան չունեն, որ` բանակցային գործընթացը խորը փակուղում է: Դա նշանակում է, որ, ցաւօք, սահմանում եւ սահմանամերձ գիւղերում շարունակելու են զոհուել երիտասարդ տղաներ, անմեղ քաղաքացիներ: Մենք որոշեցինք վերյիշել եւ յիշեցնել արցախեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը:    1994-ի մայիսեան զինադադարից ի վեր հակամարտութեան կողմերին ներկայացուել են հինգ...

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Աւելի Լաւ Է Զօրակցիլ Հայ Գործիչներուն, Քան` Քննադատել Թուրք-Ազրպէյճանական Լոպիինկը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Տարիներ շարունակ բազմաթիւ քննադատական գիրքեր եւ յօդուածներ գրուած են օտարերկրացի եւ տեղական խումբերու մասին, որոնք լոպիիստական ընկերութիւններ կը վարձեն կամ քարոզչական նուիրատուութիւններ կ՛ընեն պետական պաշտօնեաներու վրայ ազդելու նպատակով: Անցեալ շաբաթ Լ. Մայքըլ Հեճըր նմանատիպ յօդուած մը հրապարակեց «Ֆորըն փոլիսի ճուրնըլ»-ի մէջ` «AIPAC կրնայ գնել լաւագոյն Քոնկրեսը» վերնագրով: AIPAC Հանրային կապերու ամերիկա-իսրայէլեան կոմիտէի...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Ի Խնդիր Հայաստանի Պետականութեան Ամրապնդումին (Հրաչ Մուրատեանի Անարգ Սպանութեան Առիթով)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Երեք տարի առաջ, այս օրերուն, անարգ ոճիրի զոհ գնաց Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանը: Երեք տարի անց մենք չենք մոռցած այս ոճիրը, մանաւանդ` ատոր բացայայտուած չըլլալու հանգամանքը: Հրաչ Մուրատեան ազատամարտիկ էր: Ան մաս կը կազմէր Արցախի ազատագրական պայքարին մասնակցած կամաւորներու այն մեծ փաղանգին, որուն համար հայրենի հողին ազատագրումը առաջնահերթութիւն էր: Հրաչ Մուրատեան իր գաղափարական համոզումներով դաշնակցական էր ու գաղափարական...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Ցրտահարութիւն Եւ Թրքական Բանջարեղէն (2)

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Ըստ պետական վիճակագրական տուեալներու,  1995-2015 տարիներուն Թուրքիայէն Հայաստան ներածուած է 2,2 միլիառ տոլար արժողութեամբ ապրանք: Ասոնք ընդամէնը պաշտօնական թիւեր են, իսկ եթէ նկատի ունենանք, որ հայ վաճառականները մաքսատուրքերէ խուսափելու համար մի՛շտ նուազեցուած գիներ ներկայացուցած են մաքսային ծառայութիւններուն, ապա այս թիւերը քանի մը անգամով պիտի աճին: Տակաւին չենք խօսիր անհատ քաղաքացիներուն մասին, որոնք օդային կամ ցամաքային ճանապարհով Թուրքիա կ՛այցելեն...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Քաղաքականութեան Մէջ Սխալիլը Ձախողութիւն Է, Որ Պէտք Է Առաջնորդէ Իշխանափոխութեան

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Համաշխարհային Բարդ Հարց Է Իշխանափոխութիւնը Քաղաքականութեան մէջ սխալիլը ձախողութիւն է, վնասակար` հաւաքականութեան, առանց ճապկումներու այդպէս պէտք է ընդունիլ խնդիրը: Առաջնորդը եւ վստահութիւն յայտնելու կոչուած քաղաքացին այդպէս պէտք է գնահատեն կացութիւնը եւ վերաբերին անոր: Առաջնորդը, եթէ իրապէս հանրային բարիքը կը ցանկայ, պէտք է որոշէ հեռանալ: Քաղաքացին անձը եւ իր համակրանքը նկատի պէտք չէ ունենայ, երբ իր վստահութիւնը կը յայտնէ,...

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի.  Աշխուժացնե՛լ Հանրային Կեանքը

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի. Վերանայի՛լ Մօտեցումները

Տարի մըն ալ բոլորեց «Յուսաբեր»-ը: Այսօր ան կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 102-րդ տարին: Անցած տարեշրջանին էական միակ յաւելումը դարձաւ 2016-ի մայիսի 26-ի համարէն սկսեալ Ֆէյսպուքի վրայ օրուան համարի տեղադրումը: Այլ տեղաշարժեր չունեցանք` ո՛չ դրական, ո՛չ ալ բացասական, վիճակ` որուն վերջնահաշիւը անխուսափելիօրէն բացասականի վրայ պիտի բարդուի, եթէ այս ընթացքը անփոփոխ մնայ: Ինքնին թերթի անխափան լոյս ընծայումը տեսականօրէն դրական կրնայ համարուիլ, կը...

Ինչո՞ւ

ՍԻԼՎԻ Ուղիները այս աշխարհի ուր որ տանին, Մտքով տունն եմ իմ պապենի: Ապրիմ հազար փառք ու վայելք, Սրտով լեռներն եմ իմ վայրենի: Շքեղ ու լայն ճամբաներով ինչքա՜ն անցնիմ, Կածաններու խորհուրդով է լեցուն հոգիս... Թէ ամպ ու արեւ մէկ են բոլորին, Ինչո՞վ է տարբեր հողը հայրենի... Ջուրը առուակին, կանչը հաւքերուն, Ծառ ու ծաղկունքի համն ու երանգը Ինչո՞ւ է արդեօք քաղցր աւելի......

Ժողովուրդէն Ժողովուրդին. ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Առիթով

Տ. Ճ. Կանաչ կիրակին (Զատիկին յաջորդող կիրակին) Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հանգանակութեան օր էր: Այդ օրը երկսեռ երիտասարդներ, յատկապէս` պատանի արծուիկներ եւ սկաուտներ կը շրջէին հայերու տուները եւ նուէրներ կը ստանային` փոխան ստացագրի: Ինչի՞ կը ծառայէին հանգանակուած գումարները: Ինչպէ՞ս կը ծախսուէին անոնք: Գիտէինք, որ ԼՕԽ-ը դպրոցներու մէջ սաներ կը պահէ, գիտէինք նաեւ, որ չքաւոր ընտանիքներու զաւակները, դպրոցական միջօրէի երկար դադարին տուն...

«Ազատօրէն Արտայայտուինք ԼՕԽ-ի Պաստառին Վրայ»

«Ազատօրէն Արտայայտուինք ԼՕԽ-ի Պաստառին Վրայ»

ՌՈԶԻՆ ՄՈՒՂԱԼԵԱՆ   Հոգեբան Մանուկներու միջազգային օրուան առիթով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, «Ազատօրէն արտայայտուինք ԼՕԽ-ի պաստառին վրայ» թեմայի ներքեւ հայկական վարժարաններու աշակերտութիւնը առիթը ունեցաւ գծագրութիւններով եւ կարճ նախադասութիւններով արտայայտուելու ԼՕԽ-ի կողմէ պատրաստուած պաստառներու վրայ: Այս առիթով յատուկ պաստառներ ուղարկուեցան հայկական բոլոր վարժարաններուն, ուր առաջին դասարանէն իններորդ դասարանի աշակերտներ այս պաստառներուն վրայ յայտնեցին իրենց միտքերը, զգացումները, ցանկութիւններն ու փափաքները:...

ԼՕԽ-ի Գործունէութենէն.  Մասնաճիւղեր

Սրտի Խօսք` ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Օրուան Առիթով

ՅՈՎՍԷՓ ԷՍԿԻՃԵԱՆ Պետական երդուեալ թարգմանիչ Խօսիլ միա՛յն ԼՕԽ-ի կազմակերպական կառոյցին, գործելաոճին, ու բաւականանալ անոր մարդասիրական գործունէութեան շուրջ գրելով` քիչ բան յայտնած կ՛ըլլանք, շուրջ հարիւրամեայ հայադրոշմ այս կազմակերպութեան մասին, որ դարերու խորէն, դարեր կտրելով, ու անկասելի խոյանքով, մշտապէս կը յուշէ մեզի` ԼՕԽ-ի ազնուական Ծնունդը, նոր ծառայական առաքելութեան անսակարկ նուիրումի հիմնադիր սքանչելի հերոսուհիները, վերջապէս հայոց աշխարհի «Տիկնայք փափկասունք»-ներուն` պատմական անանձնական նուիրումի եւ...

«ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Օր»

Հ. ՆԱՃԱՐԵԱՆ Ապրիլի առաջին շաբաթը պիտի սկսին ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութիւնը: Աւանդութիւն դարձած այս ձեռնարկը ամէն տարի իր արդիւնքով կը հանդիսանայ շօշափելի արտայայտութիւնը այն գուրգուրանքին եւ հոգածութեան, որուն ենթակայ են այս արժէքաւոր միութիւնն ու հաստատութիւնը, հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներս: Այսօր ԼՕԽաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը հպարտութիւն առթող հաստատութիւն մըն է մասնաւորաբար Լիբանանի հայութեան համար, որուն շինարարական ոգիին կենդանի վկայութիւնը կը...

ԼՕԽ-ի Գործունէութենէն.  Մասնաճիւղեր

«Քովդ Եմ»

ՇԱՂԻԿ Մ. Երբ կը հաւաքուինք աշխատանքային ծրագրի մը շուրջ, երբ կը սկսինք այդ աշխատանքի գործադրութեան` ԼՕԽ-ի օրացոյց ծախելը, անդամական ցենզ հաւաքելը ըլլայ ան, թէ քարոզչական, դաստիարակչական, ընկերային տարողութեամբ գործ, զիս համակողը մարդը մարդուն կապող միութեան զգացումն է: Ընտանեկան բջիջին ամրութիւնը բնական-նախնական է միայն, մինչդեռ երբ մարդը կը մօտենայ միւսին, կը կենայ քովը, ձեռքը կ՛երկարէ անոր ու մտքէն կ՛ըսէ` «Քովդ եմ,...

Աշակերտները Կ՛արձագանգեն

Այս տարի հինգերորդ դասարանի դասընկերներուս հետ ես ալ առիթը ունեցայ ներկայ գտնուելու ԼՕԽ-ի կազմակերպած մանուկներու օրուան յայտագրին: Յայտագրի նախորդող օրերուն մենք մեր փոքրիկ լումաներով մասնակցած էինք ԼՕԽ-ի հանգանակութեան եւ ուրախ ու գոհունակ կը զգայինք, որ որպէս մանուկներ մենք ալ կրցած էինք բաժին բերել եւ օգտակար դառնալ կազմակերպութեան մը, որ կ՛օգնէ բոլորին: Մանուկներու օրուան յայտագիրը շատ հետաքրքրական էր ինծի համար, որովհետեւ...

Վարդուհի Տեկիրմենճեանի Յիշատակին

Վարդուհի Տեկիրմենճեանի Յիշատակին

Անգամ մը եւս, դաժան եւ անողոք մահը մեզ յաւիտենական բաժանման եւ անխուսափելի իրողութեան դիմաց կը դնէ եւ իր հարազատներէն ու ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքէն կը բաժնէ շատ սիրելի ընկերուհի մը` Վարդուհի Տեկիրմենճեանը: Լիբանանահայ օգնութեան խաչը կը գոյատեւէ եւ իր նուիրական ու ազգօգուտ ծառայութիւնը կը շարունակէ շնորհիւ ԼՕԽ-ի սրբազան առաքելութեան հաւատացող անդամուհիներու հսկայ փաղանգին եւ անոր նեցուկ կանգնող բարերարներու բանակին: ԼՕԽ-ի բարերարներու...

«Տուէք Միշտ, Տուէք ԼՕԽ-ին»

«Տուէք Միշտ, Տուէք ԼՕԽ-ին»

Քանի՜ քանի՛ անգամներ նման յայտարարութիւններ կատարուած են զանազան կազմակերպութեանց ձեռնարկներուն, մասնաւորապէս իր պատկանած շատ սիրելի կնոջական մեծ ընտանիքին` ԼՕԽ-ի` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի, որուն տարիներ շարունակ իր ներդրումը բերաւ` յայտնի եւ անյայտ ծառայութիւններ մատուցելով: Արտաքին երեւոյթով մեղմ, ժպտուն, համեստ, հեզաբարոյ խառնուածքով, խիստ ծառայասէր նկարագրով օժտուած, սակայն հաստատ կամքով, քրիստոնավայել հաւատքով, հայեցի դաստիարակութեամբ կազմած էր ընտանեկան ջերմ բոյնը, ազգանուէր զաւակներով` Ռեբիկը, Կապին...

Սօսիի Յիշատակին

Սօսիի Յիշատակին

Սիրելի՛ Սօսի, Քառասուն օրեր առաջ, Ամերիկայի հեռաւոր ափերէն, կայծակի արագութեամբ, ԼՕԽ-ի ընտանիքը իմացաւ մահուանդ գոյժը, որ խոր սուգի մատնեց բոլորս: Ծառայութեան դաստիարակութեամբ համակուած` տարիներ շարունակ նուիրուածութեամբ ծառայեցիր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, յանձնախումբերուն ու մասնաճիւղերուն մէջ: Շատ փոքր տարիքէդ միացար ԼՕԽ-ի շարքերուն ու ամբողջ կեանքիդ ընթացքին անձնուրացութեամբ ծառայեցիր ԼՕԽ-ին` բծախնդրութեամբ կատարելով քեզի վստահուած բոլոր պարտականութիւնները: Լուռ, անխօս, ուղիղ նկարագրովդ եղար օրինակելի ու...

Տիպար ԼՕԽ-ականը

Քառասուն օրեր առաջ մահը վայրագօրէն մեզմէ առյաւէտ խլեց բոլորիս սիրելի, տիպար ԼՕԽ-ական ընկերուհի մը` Սօսի Քէօլեանը: Այո՛, տիպար` բառին ամբողջական եւ վաւերական հասկացողութեամբ: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ամբողջ ընտանիքը, յատկապէս Պուրճ Համուտի «Աշխէն» մասնաճիւղը, կորսնցուցին ծառայասէր, անձնազոհ եւ նուիրեալ ընկերուհի Սօսին, որ իր պատանեկութեան օրերէն նուիրուած էր ազգին եւ անոր իտէալ գաղափարներուն: եղած էր ՀՄԸՄ-ական, վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ եւ մաս կազմած էր...

Page 946 of 1110 1 … 945 946 947 … 1,110

Արխիւներ