2018-ի Շիրակի Մարզպետի Գլխաւոր Խնդիրը Պիտի Ըլլայ Զարգացնել Զբօսաշրջութիւնը
2017-ին, Շիրակի մարզի մէջ իրականացուած աշխատանքներու, 2018-ի ծրագիրներու իրականացման եւ այլ հարցերու վերաբերեալ «Երկիր»-ի լրագրողը զրուցեց Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեանին հետ: Խօսելով Ազգային ժողովի ամպիոնէն Շիրակի մարզէն ընտրուած պատգամաւորներու հնչեցուցած դիտարկումներուն մասին, թէ` մարզին քիչ գումար կը յատկացուի, մարզպետը յայտնեց. «Համայնքին տրամադրուող գումարը որոշւում է Հայաստանի Հանրապետութեան ֆինանսական համահարթեցման մասին օրէնքով: Յատկացումներ վճարելու հիմնական գործօններն են` բնակիչների թիւը, տարիքային կազմը:...


















