Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Փարիզի Յաղթանակի Կամարին Տակ… Ազրպէյճանական Պարտութիւն
Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններու մէջ, շինծու ջարդի մը` Խոջալուի մասին բանաձեւեր կը պատրաստուին, անշուշտ` կցուած բաւական մը լեցուն գումար ընդգրկող չեքով մը: Վերջին տարիներուն այսպէս կը գործէ ազրպէյճանական քարոզչական մեքենան Նոր Աշխարհէն ներս` փորձելով փեթրոտոլարներով խաբել քաղաքական անձնաւորութիւններ: Անշուշտ նմանօրինակ փորձեր միշտ ալ յանգած են ձախողութեան... Այտահոյէն մինչեւ Վըրմոնթ եւ այլք: Ըստ երեւոյթին, Եւրոպայի մէջ տարբեր յերիւրածոյ միջոցներ կը կիրարկուին`...



















