Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Մարտ Դ.- Ահաբեկչութիւնը Քաղաքական Փոփոխութիւններ Պարտադրելու Միջո՞ց

Ապրիլ 1, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին տարիներուն «Գարուն» անուան տակ ծայր առած շարժումները հրահրող կողմերը անարդարութեան դէմ բողոքելու, ժողովրդավարութեան եւ արդար հասարակարգի համար պայքարելու արդար պահանջներով հանդէս եկած հասարակութիւնները օգտագործեցին` անոնց միջոցով տուեալ երկիրներուն մէջ տարածելու ահաբեկչական շարժումը:

Ահաբեկչական շարժումները ծառայեցին ու կը շարունակեն ծառայել թիրախ դարձած երկիրներուն մէջ խառնակ վիճակ ստեղծելու, քաղաքական փոփոխութիւններ կատարելու, վարչակարգեր տապալելու, զիջումներ պարտադրելու: Փաստօրէն Միջին Արեւելքի մէջ ծայր առած շարժումները դրական ոչ մէկ յառաջխաղացք արձանագրեցին տուեալ երկրին ու անոր բնակչութեան համար: Ընդհակառա՛կն,  անապահովութիւն ստեղծելով մէկտեղ` քանդեցին տուեալ երկիրը, տկարացուցին անոր տնտեսութիւնը, տարտղնեցին բնակչութիւնը, քանդեցին քաղաքակրթութիւնն ու ատելութիւն սերմանեցին հաւաքականութիւններու միջեւ:

Ահաբեկչական շարժումները քաղաքական փոփոխութիւններու ծառայեցնող այս քաղաքականութեան ետին կանգնած ուժերը պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն բարբարոսական նոյնանման միջոցներու դիմած են` ծրագրելով ցեղասպանութիւն, տեղահանում, գաղթ եւ քաղաքակրթութիւններու ծրագրուած ոչնչացում:

Տարբեր նպատակներով, միեւնոյն միջոցներով շարք մը պետութիւններ կը նպաստեն նման շարժումներու ծնունդն ու գոյատեւումը երաշխաւորող հաւատադրժողական գաղափարախօսութեան տարածման, կրօնական, դաւանական մոլեռանդ մահապարտներ հրահրելով ու զանոնք մահուան առաջնորդելով:

Ահաբեկչութիւնը քաղաքական նպատակներու ծառայեցնող այս քաղաքականութիւնը իրականութեան մէջ մարդկութիւնը դէմ յանդիման կը դնէ բարբարոսական այնպիսի ծայրայեղութեան մը ընդլայնման, որ նոյնքան ահաւոր է, որքան պատերազմը, հիւլէական զէնքը, որովհետեւ այդ ծայրայեղական գաղափարներով կը սնանին սերունդներ եւ տասնամեակներ են հարկաւոր անոնց ըմբռնումները փոխելու համար:

Ուստի ահաբեկչութեան դէմ պայքարը սոսկ պետական միջոցներով կամ միջազգային ջանքերով վերացնելու ջանքերը անբաւարար պիտի ըլլան, եթէ անոր նեցուկ կանգնող ու հաւատադրժողական գաղափարախօսութիւնը միջոց ծառայեցնող պետութիւններ պատժամիջոցներու չենթարկուին, իսկ այդ պայքարին մաս պիտի կազմէ նաեւ ժողովուրդը` մերժելով զայն ու անոր գաղափարախօսութեան ծառայող ամէն քայլ կամ շարժում:

Արաբական աշխարհէն ներս խառնակութիւն ստեղծելէ ետք, ահաբեկչական շարժումներու կայծերը կը տարածուին Միջին Արեւելքի այլ երկիրներ ու ներկայ դրութեամբ` Եւրոպա: Իսրայէլ զերծ է թէ՛ հաւատադրժողական այսօրինակ ահաբեկչութեան ազդեցութենէն, թէ՛ դատապարտման հեւքին մէջ մտնելու պարտաւորութենէն, իսկ Թուրքիա Պրիւքսէլի դէմ բողոք կը ներկայացնէ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի Պրիւքսէլ այցելութեան ընթացքին քաղաքի կեդրոնը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան վրան կանգնեցընելու տեղական իշխանութիւններուն կողմէ տրուած արտօնութեան դէմ, ու յաջորդ օրն իսկ Պրիւքսէլ ականատես կը դառնայ ահաբեկչութեան:

Եւրոպական քաղաքակիրթ աշխարհին սպառնալու ահաբեկչական միեւնոյն միջոցը կ՛օգտագործուի` դարձեալ քաղաքական նպատակներով:

Զ.Պ.

Նախորդը

Սլաք. Տարօրինակ Դեղագիր

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Փարիզի Յաղթանակի Կամարին Տակ… Ազրպէյճանական Պարտութիւն

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Նոր Տարուան Սեմին.  Աւետիք Իսահակեանի Ամանորի Բարեմաղթութիւնը
Անդրադարձ

Աւետիք Իսահակեանի Կեանքն Ու Գործունէութիւնը` Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?