Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անձնասպանութիւն Եւ Սխալներու Կատակերգութիւն

Մարտ 31, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ժօժօ-1_33116Ժօժօ-2_33116«Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը մարտ ամսուան ընթացքին ութ ելոյթներով ներկայացուց  հեղինակ-բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի «Առանց տաբատի անձնասպանը»: Հայկական մամուլը եւ լրատուական միջոցները լայնօրէն անդրադարձան ելոյթներուն: Այստեղ կանգ պիտի առնեմ կարգ մը կէտերու վրայ, որոնք չէին նշուած միւս ակնարկներուն մէջ:

Մահուան Տեսիլ.- Մահուան սարսափը դիմագրաւելու հոգեբանական առաջին հանգրուանը անոր մերժումն է (denial): Այս արտայայտուած է ինչպէս այլ, այդպէս ալ թատերական արուեստին մէջ: Մերժումի ձեւերէն մէկը մահուան նսեմացումն է` զայն զաւեշտականացնելով: Այդ ձեւով կը յաղթահարուի եթէ ոչ մահը, ապա` գէթ սարսափը: Շէյքսփիր ունի բազմաթիւ ակնարկութիւններ: Ակնբախ է յատկապէս Հենրի Զ.-ի ոչ հերոսական մահուան տեսարանը (1): Կան ակադեմական ուսումնասիրութիւններ (տես վերեւի նկարը): Պիտի տամ լոկ չորս թատերական օրինակներ.

Ա.-  «Անձնասպանութիւնը» (1928) Նիքոլայ Էրտմանի անհեթեթ եւ «սեւ հումորը» կը պատրաստուէր բեմադրել թատերական տիտան Մէյերհոլտ, բայց հեղինակը աքսորուեցաւ Սիպերիա: Հետագային գործը ունեցաւ բազմաթիւ բեմադրութիւններ, ներառեալ` երաժշտախառն վոթեւիլ: Ըստ համացանցի, անոր ամէնէն նոր տարբերակը բեմադրուած է 2013 մայիսին Անգլիոյ մէջ, «Քոնվենթրի Իւնիվերսիթի Թէաթր»  խումբի կողմէ: (youtube.com/watch?v=BsRVZvsC9Do)

Բ.- Ս. Պեքեթ իր հանրածանօթ «Սպասելով Կոտոյին» (1953) թատրերգութեան մէջ ունի տեսարան մը, ուր հերոսները շատ սովորական կարգով կը փորձեն իրենց հնամաշ, փտած գօտիներով կախուիլ կեդրոնական ծառէն (տես վերեւի նկարը) (2): Պեքեթ հետագային բներգը զարգացնելով գրած է «Rough for Theatre II» թատրերգութիւնը:

Ժօժօ-3_33116Ժօժօ-4_33116Գ.- Կէս-հայ թատերագիր Ֆրանսիս Վեպեր (1937- ) (3) ունի Լը Քոնթրա շատ յաջող զաւեշտը, որու հետեւողութեամբ ներկայացուած են քանի մը թատրերգութիւններ եւ ժապաւէններ, նոյնիսկ … հնդկական «Պոլիվուտ»-ի արտադրութեամբ («Bumboo» 2012): Պիլլի Ուայլտըր իր յաջող «Կոճատ Զոյգը» զաւեշտի հետևութեամբ (զոր ինք 1968-ին վերածած էր նոյնանուն ժապաւէնի) արտադրած է «Պատի պատի» ժապաւէնը (1981): «Kenneth Branagh» թատերախումբը (Լոնտոն) նոյն թատրերգութիւնը «Տը Փենքիլըր» անուան տակ պիտի ներկայացնէ… սկսեալ 9 ապրիլ 2016-էն:

Դ.- Վաղամեռիկ Փասքալ Շոմէյ (1961-2015) դերակատարներու թիւը բազմապատկած է: Նոր տարուան կէս գիշերին բարձր կամուրջի մը…  ներողութիւն, պիտի ըսէի` շէնքի մը տանիքին վրայ «պատահմամբ» իրարու կը հանդիպին ոչ թէ երկու, այլ չորս անձեր, որոնք որոշած են անձնասպանութիւն գործել: Ժապաւէնը հիմնուած է համանուն վէպի մը վրայ եւ կը կոչուի «Է լոնկ ուէյ տաուն» (2014):

Կատարողական արուեստի այլ ճիւղեր նոյնպէս անդրադարձած են բներգին: Քորէայի արիւնոտ պատերազմը զաւեշտականացնող M*A*S*H (1972-83) ֆիլմաշարը գործածած է Ժոնի Մանտըլի (1925-) հեգնական  «Անձնասպանութիւնը անցաւ է»  («Suicide is Painless») երգը:

Կամուրջները անձնասպաններու բնական «մագնիսներ» են: Քալիֆորնիոյ «Ոսկէ Դարպաս» կամուրջը դարձած է դարպաս դէպի անդենական, ոչ նուազ քան հազար անձնասպանի: Վերջին շրջանին, ցաւօք նման գրաւչութիւն ստացած է  Հրազդանի վրայ կանգնած «Քիեւեան կամուրջ»-ը …

Կոճատ արարներ .-  Մկրտիչեան կ’ըսէ, թէ զաւեշտը գրած է որպէս ուսանողական վարժութիւն, եւ թէ` մօտիկ անցեալին որոշած է զայն մշակել: Յստակ չէ, թէ ճիշդ ի՞նչ փոփոխութիւններու ենթարկուած է հին օրերու աշխատանքը: Դուրսէն դիտուած, սակայն, կը թուի, թէ «վերամշակում»-ը կեդրոնացած է երկրո՛րդ արարին վրայ:

Ժօժօ-5_33116

Առաջին արարը համեմատաբար կուռ է: Ունի որոշակի նիւթ: Բեմի բարձրադիր կեդրոնի վրայ կը տեսնենք երկու տատամսոտ անձնասպանները: Անոնց շուրջ կ’երթեւեկեն առերեւոյթ պատահական մարդիկ եւ անտեսանելի շնիկ մը: Երկուքը անհեթեթ պատրուակներ ճարելով կը փորձեն հեռացնել դառն բաժակը: Առաջին մասը զաւեշտ էր, հեգնանք (satire): Կշռոյթը` աշխուժ: Յ. Թորոսեանի խաղարկութիւնը կը խուսափէր կարծրատիպ շարժուձեւերէ: Շա՛տ բարի:

Ապա հանդիսատեսը կը տեսնէ, որ տողանցող եկուորները բնաւ պատահական չեն: Հեղինակի ուսանողական փորձը այստեղ սկսած է գործածել «սխալներու կատակերգութեան» դասական տարրեր: Ի դէպ, այդ բացատրութիւնը ծագած է Շէյքսփիրի համանուն կատակերգութենէն (1594): Սխալներու կատակերգութիւնը ծիծաղ կորզելու դիւրին եւ ապահով միջոց մըն է: Այս հնարքը խոցելի է, երբ գործուած սխալները ինքնանպատակ են: Ինչո՞ւ, օրինակ, անձնասպանը պիտի շփոթուէր իր կնոջ շատ փոքրիկ շնիկին հետ: Այդ չէր երկու ամուսիններուն յարաբերութիւնը:

Ժօժօ-6_33116Ժօժօ-7_33116Երկրորդ արարի մէջ անձնասպանութեան բներգը չքացած էր: «Առանց տաբատի» այդ արարը կրնար ըլլալ առանձին թատերական պատկեր: Այդտեղ տեսնուող տիպարները կրնային պատահաբար իրարու հանդիպած ըլլալ որեւէ տեղ, այլ` ոչ մութ գիշերին, չարաբաստիկ կամուրջի վրայ, խեղդան չուանները վիզերնուն: Հանդիսատեսը լսեց «բազում աղմուկ վասն  ոչինչի»: Կշռոյթը տարտղնուած էր, թիւրիմացութեան յամառող խաղը` ծանծաղած: Սրամտութիւնը ցաւօք սահած էր գօտիէն վար:

Վերի նկարին մէջ տանտիրուհին ցոյց կու տար շնիկի՛ երկայնքը, մինչ անձնասպանը անշուշտ «այդ» կը շփոթէ: Կը սարսափի, երբ կ’իմանայ, որ «այդ» նաեւ կը խածնէ: Յարութ կրկնեց Ն. Դուրեանի անշնորհակալ աւանդը: Փայտացուց իր սրունքը եւ զայն դրաւ իր նստակիցի զիստին վրայ, մինչ այդ ցուցադրելով իր ճերմակեղէնը: Գողը իր կոշտ շալվարի առաջամասը յաճախ հաւաքած  պահեց թելադրական ձեւով: Ա՞յս էր խոստացուած «մաքուր զաւեշտը»…  Արդեօք սրահի պատասխանատուները ներկայ եղա՞ծ են ելոյթին:

Սրահէն դիտած` կը թուի, թէ ինչպէս ստեպ ինկող տաբատները, այնպէս եւ միամիտ սպասուհիի տիպարը հայրենի համալսարանի դատակազմին յանձնուած աշխատանքին աւելցուած էին ներկայ «վերամշակում»-ի ընթացքին արտադրելու համար յաւելեալ «զուարճալի» թիւրիմացութիւններ: Կան երկու հակոտնեայ առածներ. «Որքան շատ, այնքան լաւ» եւ` «Քիչը աւելի շատ է» (4): Մկրտիչեան ցաւօք որդեգրած էր առաջինը, մինչդեռ պէտք է որդեգրէր երկրո՛րդը: Բարձր արուեստը միշտ ժուժկա՛լ եղած է:

Կատարողական .- Բեմայարդարումը եւ հանդերձանքը նպատակայարմար էին: Բայց ետքայլ մը` բաղդատած, օրինակ, «Պիտի ըլլայ … պիտի չըլլայ» կատակերգութեան գունագեղ, ճաշակաւոր եւ իմաստալից լուծումներուն: Բեմի ճակտին կպցուած չորս շուկայական թապլոները ցաւօք յարիր էին ելոյթի ոգիին: Լուսաւորումն ու երաժշտութիւնը յատկանշական դեր չեն ունեցած Մկրտիչեանի ելոյթներուն մէջ: Հարկ չկայ յիշելու, թէ զաւեշտի խաղարկութիւնը չափազանց դժուար է նոյնիսկ արհեստավարժ խումբերու համար: Ողբերգութեան ընթացքին դերասանը կրնայ «պահուիլ» խորիմաստ խօսքերու ետին: Զաւեշտի դերասանը «անպատսպար» է: Պիտի ապաւինի իր եւ իր խաղընկերներու վարպետութեան: Խումբը տուաւ այն, ինչ որ կարող էր: Պիտի ցանկայի, որ Յարութ Թորոսեան պահէր իր առաջին արարի ընթացքին ցուցաբերած ողջունելի մօտեցումը:

Ուրախալի է, որ լեզուն մեծապէս զտուած էր փողոցային գռեհկութիւններէ: Ցաւալի է սակայն, որ ինկած էր այլ ծայրայեղութեան մը մէջ, եւ դարձած էր գրքունակ, անդիմագիծ եւ անարիւն: Թատերական լեզուն մեր բաց վէրքերէն ամէնէն ցաւալին է: Հարկ է, որ թատերագիրը կատարելապէս տիրապետէ անոր:

Կատակերգութեան ասքը.-  Զաւեշտը կարելի չէ նոյնացնել «սխալներու կատակերգութեան» հետ (5), ինչպէս նշուած էր այս ելոյթի առիթով գրուած ակնարկներէն մէկուն մէջ: Զաւեշտը զէնք մըն է, որ կը ձաղկէ երեւոյթ մը: Զաւեշտը կ’ունենայ չարաբաստիկ աւարտ: Մինչդեռ կատակերգութիւնը կ’ունենայ բարեբաստիկ աւարտ, կը փորձէ «անուշի կապել» ընկերութեան ցաւոտ հարցերը: Հարկ է մեր մամուլի ակնարկները փորձեն զարգացնել ընթերցողի թատերական «գրաճանաչութիւնը»:

Ժօժօ-8_33116

«Առանց տաբատի» եզրակացութիւնը կ’ըսէր. «Կեանքի մէջ կան բաներ, որոնք չգիտնալն ու չհասկնալը աւելի լաւ է …»: Այս պարագային տանուտէրը պիտի չուզէ գիտնալ, թէ ո՛վ է իր ապագայ զաւկին հայրը: Ի վերջոյ բեմի վրայ կային առնուազն երկու «աղտոտած տաբատներ»: Բայց չէ՞ որ նոյն առաջադրանքով իր կողակիցը կրնայ այսուհետեւ դիմել նորանոր պատահական տղամարդոց:  Ընդունելի՞ է յոտնկայս ծափահարել նման պատգամ: Կ՛առաջարկեմ, որ յաջորդ ելոյթներու ընթացքին բեմի ճակատին հաստատուին երկու փառաւոր «մաքուր» կոտոշներ:

Համագրէ դուրս արձակուած խօսքեր, ինչպէս`  «Գոյութիւն ունի՞ արդեօք մարդոց աղտերը մաքրող մեքենայ…» կը պատկանին, «Տը Թէաթր տի՛զոր»-ի (6) ելոյթներուն, այլ ոչ յանձնառու թատրոնին:

Ո՛չ, տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք, մենք կարիք չունի՛նք յաւելեալ ժամանցի: Հաղորդակցութեան միջոցներն ու զուարճութեան սրահները ողողուած են «խնդացնող» աժան գործերով:  Հայկական միութիւններու սուղ միջոցները հարկ է յատկացնել նպատակասլաց ծրագիրներու:

Բարի՛ երթ «Վահրամ Փափազեան» վաստակաշատ թատերախումբին:

——————————–

  1. Shakespear and the Denial of Death , J. L. Caldwood, 1987, էջ 10
  2. Կողքի նկարը առնուած է St. Louis Actor’s Studio ելոյթէն (2013)
  3. Հրեայ հայր եւ հայ մայր
  4. Անգլերէն լեզուով` «The more, the merrier» եւ «Less is more»
  5. Տես «Մէկ զաւեշտ, երկու ողբերգութիւն», «Ազդակ», 27 յունուար 2014 (www.aztagdaily.com/archives/191817)
  6. Ժամանցի սրահներուն մէջ կատարուած սրամիտ ելոյթ:

 

Նախորդը

Առողջապահական. Մթերքներ, Որոնք Կ՛օգնեն Իրենց Նմանող Գործարաններուն

Յաջորդը

Արդիական Մտահոգութիւն

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?