ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՐՕՆԱՓՈԽ ՀԱՅԵՐՈՒ ԹԻՒԸ. ԱՌԱՍՊԵԼ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ կառավարութիւնը բաւական ուշ հասկցաւ, որ պատմաբան Եուսուֆ Հալաճօղլուն իրականութեան մէջ ոչ միայն հակահայ քարոզչութիւն է որ կ՛իրականացնէ, այլ նաեւ` հակաթրքական: Այդ իսկ պատճառով զայն զրկեցին Թուրքիոյ պատմութեան հաստատութեան տնօրէնի պաշտօնէն: Հարց պիտի տրուի, թէ ի՛նչն էր հակաթրքական Հալաճօղլուի յայտարարութիւններուն մէջ: Հալաճօղլուն չէր ընդուներ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն կը պնդէր, որ 700-750 հազար հայ աքսորուած է, որոնց մեծ մասը մահացած է...
