Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱՆԱՏԱՅԻ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐՕՐԵԱՅ ՀԱԿԱՀԱՅ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

March 29, 2011
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին Քանատա այցելութեան դէմ ուղղուած ազրպէյճանական բողոքի աղմուկը չուշացաւ: Արդարեւ, անցնող օրերուն, Քանատայի ազրպէյճանական համայնքը ԼՂՀ նախարարին Քանատա պաշտօնական այցը դատապարտող յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ` յարձակման թիրախ դարձնելով քանատացի այն պետական պաշտօնատարները, որոնց հետ հանդիպում ունեցած էր հայ նախարարը: Աւելի՛ն. ազրպէյճանական կողմը, իր հակաքարոզչութիւնը աւելի խթանելու համար, համացանցին վրայ կազմակերպած է ստորագրահաւաք մը` ուղղուած Օթթաուայի իշխանութիւններուն, քննադատութեան ենթարկելով հայ ահաբեկիչներու մուտքի արտօնագիր շնորհելու իրենց ընթացքը:

Ազրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան նման բուռն հակազդեցութիւնը նոր երեւոյթ չէ քանատահայ գաղութին համար: Իրողութեան մէջ, անցնող հնգամեակին, յստակօրէն ուրուագծուած էր Քանատայի տարածքին թուրք-ազրպէյճանական հակահայ քաղաքականութեան ուղեգիծը, որ տարուէ տարի բացայայտօրէն կը դրսեւորուի իր հակադարձութեան ուժգնութեամբ: Օթթաուայի մէջ գործող թրքական եւ ազրպէյճանական ներկայացուցչութիւններու ակնյայտ զօրակցութեամբ թափ ստացած այս հակաքարոզարշաւը հիմնականօրէն կը հետապնդէ երկու գլխաւոր նպատակ.

Ա.- Արցախեան հարցին մէջ հայկական կողմը ներկայացնել` որպէս յարձակապաշտի եւ ջարդարարի, իսկ ազրպէյճանցի ժողովուրդը` որպէս տեղահանուածի եւ հայկական ջարդերու եւ բրտութիւններու զոհի:

Բ.- Հայոց ցեղասպանութեան հարցով Օթթաուայի ստիպել, որ վերատեսութեան ենթարկէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Քանատայի պետական դիրքորոշումը:

Ինչպէս հայկական այլ գաղթօճախներու մէջ, վերջին տարիներուն Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին եւս մտահոգիչ շեշտադրում ստացած են Պաքուի հետեւողական այն ճիգերը, որոնք «Խոջալուի սպանդ»ի ազրպէյճանական առասպելով կը փորձեն միջազգային լրատուամիջոցներուն, հանրութեան եւ քաղաքական պաշտօնատարներուն մօտ տարբեր կարծիք ձեւաւորել:

Այս ուղղութեամբ, ազրպէյճանական պետական հովանաւորութեամբ, գործի լծուած են քանատացի վարձկան լրագրողներ, որոնք Քանատայի եւ արտասահմանի տարբեր երկիրներուն մէջ կը շեփորեն Խոջալուի առնչութեամբ ազրպէյճանական խեղաթիւրող քարոզչութիւնը:

Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ վերջին տարիներուն ազրպէյճանական համայնքը կը փորձէ ցրուած ու անկազմակերպ վիճակէ դուրս գալ եւ վերածուիլ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայկական գաղութներուն դէմ քաղաքական պայքարի պատրաստ համախմբուած ուժական համայնքի: Ուշագրաւ նոր երեւոյթ են նաեւ ազրպէյճանամէտ վարձկան պատմաբաններու ճշմարտութիւնը խեղաթիւրող հակահայ ելոյթները` ամերիկեան ցամաքամասի բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններուն մէջ:

Նշենք նաեւ, որ 1997-ին հիմնուած «Ազրպէյճանցիներու համաշխարհային քոնկրես»ը, տենդագին գործի լծուած է Եւրոպայի եւ ամերիկեան ցամաքամասի ազրպէյճանական համայնքները զօրաշարժի ենթարկելու համար:

Կասկածէ դուրս է, որ Արեւմտեան կիսագունդի հայկական գաղութները կը գտնուին տեղեկատուական եւ հակաքարոզչական անխուսափելի առճակատման նոր հանգրուանի մը նախաշեմին: Ի մասնաւորի կրկնապատկուած է Հայ դատի յանձնախումբերու նման հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքը, որոնք դէպքերու նման ընթացքով թրքական եւ ազրպէյճանական զոյգ քարոզարշաւներուն դէմ ստիպուած են ուժերը կրկնապատիկ լարել եւ պատմական ճշմարտութիւնները կեղծելու Անգարայի եւ Պաքուի ջանքերուն դիմադարձելու համար հակաքարոզչական նոր մարտավարութիւն ստեղծել:

«ՀՈՐԻԶՈՆ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

 

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԻ ՄԱՐՏ 2011-Ի ՎԵՐՋԻՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.