Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ. ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

March 29, 2011
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախ եւ առաջ նայեցէք սա ետեւը նստող փայտէ դէմքերով մարդոց, որոնք փաթթուած են իրենց վերարկուներուն եւ վզնոցներուն: Անոնք պետութիւնը ներկայացնող աւագանին են` կուսակալ, երեսփոխան, նահանգային հրամանատար եւ քաղաքապետ, որոնք հրելով-հրմշտկելով գացեր գրաւեր են իրենց համար նշանակուած տեղերը: Բարեբախտաբար այս անգամ իրենց յատկացուած տեղը չհաւնելով` ձգող գացող չէ եղեր… Վայրը` Պայպուրթ (Բաբերդ,- Գ.Կ.), իսկ հանդիսութեան առիթը քաղաքին` թշնամիէն ազատագրուելուն 93-րդ տարեդարձն է:

Հանդիսութիւն, որ կ՛ըսենք, պիտի հասկցուի մանուկներ, որոնք կը մարմնաւորեն հայեր եւ պանծալի թուրքեր. զինուորական տարազներով եւ զէնքերով, կենդանացնելու համար այդ օրերը: Խաղէն տարուած` տղաքը ցուրտին սաստկութիւնն իսկ չեն զգար: Իսկ նստողները ապահով են եւ պաշտպանուած:

Սարսափազդու այս հանդիսութեան մէջ, զոր վարժուած ենք տեսնել տարիներէ ի վեր, նախ իմամը պիտի սպաննուի, ապա մզկիթները պիտի հրկիզուին եւ երեխաները պիտի սուինահարուին: Անշուշտ որ` հայերու կողմէ: Անկարելի է մոռնալ, որովհետեւ ամէն տարի այսպիսի հանդիսութիւններ կը բեմադրուին տարբեր քաղաքներու մէջ, բայց միշտ` նոյն ոճով: Միակ հարցը հայ զինուորի դերը ստանձնելու տրամադիր խիզախ երիտասարդներ գտնելու մէջ է: Որովհետեւ հայրենիք ազատագրելու իրենց դերով այնքան տարուած են այս դերասանները, որ հայ թշնամին մարմնաւորող իրենց ընկերներուն փառաւոր տփոց մը քաշեն վերջաւորութեան: Եւ որպէսզի գրաւիչ դառնայ ա՛յս դերին համար անտրամադիր դերակատարներ գտնել, կարգ մը քաղաքապետարաններ օրավարձ կը խոստանան անոնց, իսկ վարձատրութեան սակը բնականաբար ուղիղ համեմատականութեամբ կը բարձրանայ թեկնածուներուն անտրամադրութեան աստիճանին հետ:

Բայց Պայպուրթի աւագանին աւելի գործնական գտնուելով` երեխաներու շնորհիւ լուծեր է հարցը…:

Հանդիսութեան ընթացքին քաղաքապետը ըսեր է. «Որպէսզի մեր ազգային յիշողութիւնը չջնջուի, հարկ է որ մեր երիտասարդ սերունդը երբեւիցէ չմոռնայ 93 տարիներ առաջ այս հողերուն վրայ ապրուած ողբերգութիւնները: Ինչպէս որ այլ պետութիւններ Մեծն Հայաստանի, Արեւելեան հարցի կամ Տաք ջուրեր իջնելու երազներով եւ իտէալներով մեծցուցած են իրենց սերունդները, մենք ալ ունենալու ենք մեծ երազներ: Պէտք չէ որ մոռացութեան տրուին պատմութեան մէջ մեր ապրածները»: Գանգատելէ ետք անկասելի գաղթի ալիքէն, դիմեր է պայպուրթցիներուն. «Առնուազն ձեր մեռելները բերէք»:

Նկարին մէջ կը տեսնենք փառապանծ մեր դրօշներով ծածկուած նահատակներ: Վառվռուն տղեկ մը զէնքը չէ ձգած, ինչպէս որ ըլլայ, կռնակը դարձած է աւագանիին. դէմքին յայտնի է, որ խաղին համը կը հանէ: Բայց գիտենք, որ քիչ ետք «հայերը» պիտի խաչուին, եւ այդպէս ալ եղեր է:

Այս հողերուն վրայ երեխաներուն կանոնաւոր կերպով ատելութեան վրայ հիմնուած դաստիարակութիւն կը տրուի` դասագիրքերէն սկսեալ մինչեւ հանդիսութիւններ: Պետութեան աչքերուն առջեւ եւ պետութեան կողմէ կը ծափահարուին ատելութեամբ լեցուած հանդիսութիւններ: Այժմէն իսկ կը դաստիարակուին, որ հայերը արժանի են խաչուելու: Երեխաներուն հանդէպ այս վայրագութեան համար ո՛չ մէկ անպատեհութիւն կը տեսնուի, ամբողջ հասարակութեան լեզուն բռնուած է, ո՛չ ոք կ՛առարկէ:

Պզտլիկ երեխաներուն զինուորական տարազ հագցնելով հրապարակները քշողները, ազգային քայլերգը ամբողջութեամբ գոց սորվեցնելէ ետք դիմացը անցնելով լացողները եւ հայերու դէմ թշնամութիւն սերմանելու մէջ ո՛չ մէկ անպատեհութիւն տեսնող թուրքօղլու թուրք այս իսլամները անդին ո՛չ մէկ ձեւով կը հանդուրժեն  քիւրտ երեխաներու քարերով մղուած ինքնապաշտպանութիւնը:

Այսօրուան մանուկներէն ապագայի մարդասպաններ ստեղծելու համար կրթական նախարարութիւնը շահագործողները եւ երեխաներուն իրենք զիրենք վիրաւորելով, իրենց իսկ արիւնով ներկած դրօշակներուն դիմաց հպարտութենէն փքուողներ շատ բնական է, որ քիւրտ երեխաներուն հետ չափահասի պէս վարուին:

Երեխաները շուտով չափահաս դարձնելու եւ նահատակութեան համար այժմէն իսկ կարգի մտցնելու համար անկարելի կը դառնայ հրաժարիլ պատերազմներէ, ատելութիւններէ, ազգայնամոլութենէ եւ ցեղապաշտութենէ:

Լաւ նայեցէք սա մանուկներուն, որոնք մեռել կը ձեւացնեն:

Պետութիւնը կը հետեւի փրոթոգոլի իր բարձր դիրքէն:

Նպատակը` ամբողջ ժողովուրդին մեռել ձեւացնելն է:

Լաւ կ՛ըլլայ, որ երեխաներէն սկսինք, չէ՞…:

ԵԸԼՏԸՐԸՄ ԹԻՒՐՔԵՐ

«Ռատիքալ»
27-2-2011

Հայացուց
Գ. Կ.

Նախորդը

ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ. «ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐՆԵՐ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.