Տիգրանակերտի Մէջ Կլոր Սեղան` Հայաստանցի Լրագրողներու Ու Ակադեմականներու Հետ. Քաղաքապետ Պայտեմիր Ըսաւ. «Տիգրանակերտի Բերդերու Խմորին Մէջ Հայերու Եւ Բոլոր Միւս Հաւաքականութիւններու Քրտինքն Ու Աշխատանքը Կայ, Վերադարձէք Ձեր Պապերուն Քաղաքը»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» Պայտեմիր «Ռատիքալ»-ի մէջ կը կարդանք որ Տիգրանակերտի մէջ կայացաւ կլոր սեղանի ժողով մը, որուն մասնակցելու համար քաղաք եկած էին հայաստանցի խումբ մը լրագրողներ ու ակադեմականներ` առաջնորդութեամբ Երեւանի Մամլոյ ակումբի նախագահ Պորիս Նաւասարդեանի: «Կրին փարք» պանդոկի մէջ կազմակերպուած այս ժողովի 25 սեպտեմբերի նիստին ընթացքին խօսեցաւ Երեւանի Մամլոյ ակումբի նախագահ Պորիս Նաւասարդեան, որ դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ...
