Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ա՜խ Իլհան Աղբարիկ…»

September 26, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Օրալ Չալըշլար եւ «Ռատիքալ»-ի կայքէջին վրայ իր յօդուածը

Յայտնի հրապարակագիր եւ լրագրող Օրալ Չալըշլար վերի խորագրին ներքեւ հետեւեալ սրտախօսիկ յօդուածը ունէր «Ռատիքալ»-ի 19 սեպտեմբերի թիւին մէջ.-

Ցաւալի է, երբ Թուրքիոյ երկու տիպար լրագրողներ պարտաւորուեր են թաքցնելու իրենց մօր ինքնութիւնը:

Իլհան Սելչուք «Վե՛ր, սենեակս եկուր, պիտի խօսինք», ըսաւ: 12 մայիս 2003 թուականն էր: «Ճումհուրիյէթ»-ի մէջ այդ օրուան իմ յօդուածիս խորագիրը հետեւեալն էր` «Հայոց ցեղասպանութեան պնդումները»: Այն շրջանին էր, երբ Հիւսէյին Չելիք կը պաշտօնավարէր որպէս կրթական նախարար: Հայկական վարժարանները ներառեալ, «Հայոց ցեղասպանութեան պնդումները ճիշդ չեն, բուն ցեղասպանութիւնը հայե՛րն է, որ ըրած են» խորագրով շրջաբերական մը ղրկուեցաւ բոլոր նախակրթարաններուն: Պահանջուեցաւ, որ հայ երեխաներն ալ իրենց մտածումները գրեն այդ նիւթին շուրջ:

Քանի մը նախադասութիւն կը մէջբերեմ իմ այդ օրուան յօդուածէս.

«Ի՞նչ ընեն հայկական վարժարանները… Քննիչներ կու գան եւ անոնց խերը կ՛անիծեն: Այն ատեն անոնք հայկական անիրական ցեղասպանութիւնը մանուկներուն պիտի պատմեն: Այս քարոզչութիւնը թուրք մանուկներու մօտ սխալանքի համար աւելի ազդեցիկ է: Հայ մանուկ մը իր ընտանիքէն, բարեկամէն եւ «կենդանի վկաներ»-էն սորված է, թէ ինչո՛ւ այս երկրի մէջ ապրող մօտաւորապէս երկու միլիոն հայերուն թիւը ներկայիս 60 հազարի իջած է: Գիտէ նաեւ, որ պէտք է այս մասին հակառակը ըսէ դպրոցին մէջ: Բայց թուրք մանուկ մը ի՞նչ ընէ, ընդունի՞, թէ՞ ոչ, որ  ասկէ 88 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին գործուած ոճիր մը, ազգի մը բնաջնջումը, տեղահանութիւնը «կարծեցեալ իրականութիւն մըն է» կամ «մեծ սուտ մը»:

«1915-ը օսմանեան պատմութեան ամենացաւալի էջերէն մէկն է: Իթթիհատականներ մարդկային ոճիր մը գործեցին այս հողատարածքի վրայ: Ինչո՞ւ ես իմ վրաս կրեմ այդ յանցանքին պատասխանատուութիւնը եւ ընդդիմանամ` ըսելով, թէ` «այդպիսի բան մը չէ պատահած» կամ` «այդ բոլորը կարծեցեալ պնդումներ են: Ինչո՞ւ երիտասարդ ուղեղները լուանք այսպիսի անիրական սուտերով»:

Յօդուածիս լոյս տեսնելէն ետք, առտուն խմբագրատան միջանցքին մէջ հանդիպում մը ունեցայ Ալեւ Ճոշքունի հետ, որ ազդարարիչ ոճով մը ըսաւ. «Ինչպէ՞ս համարձակեցար գրել», «Այսպիսի յօդուած մը Ամերիկայի մէջ իսկ չես կրնար գրել»: Սիրտս նեղուած էր: Ալեւ Ճոշքուն գացած ու ամէն ինչ պատմած էր Իլհան Սելչուքին:

«Եթէ հաւատամ, որ ցեղասպանութիւն պատահած է»:

Իլհան Սելչուքի սենեակէն ներս մտայ: «Օրալճըղըմ, եթէ հաւատամ, որ հայկական ցեղասպանութիւն մը պատահած է, նախ ե՛ս է, որ կը գրեմ այդ մասին», ըսաւ ան: Ուշագրաւ էր իր խորհրդաւոր լռութիւնը:

«Եթէ հաւատամ, որ ցեղասպանութիւն պատահած է…», խօսքերը մխրճուեցան գլխուս մէջ: Տեղերէ մը լսած էի, որ Իլհան Սելչուքի մայրը հայուհի էր: Երբ կը տեղափոխուէինք «Ճումհուրիյէթ»-ի Շիշլիի շէնքը, եղան անձեր, որոնք ըսին, թէ «Իլհան Սելչուքի աշխատասենեակը կը նայի իր մօրաքրոջ` Ռոզի գերեզմանին»:

Խորհեցայ, թէ ինչպէ՛ս կրնար «հայ մայր մը», որ օրակարգի եղած էր Հասան Ճեմալի «1915. Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքով, ազդեցութիւն ունենալ Սելչուք եղբայրներու կեանքին վրայ:

Զինուորական դպրոցի արգելքը:

Հաւանաբար 1940-ական թուականներու սկիզբն էր: Իլհան Սելչուքի հայրը` Միլասի զինուորական մասնաճիւղի նախագահ Քասըմ Սելչուք, օգնութիւն մը խնդրած էր Միլասի գաւառապետ Վասֆի Կերկենէն (Հալուք Կերկենի հայրը): Իր որդիները` Իլհան եւ Թուրհան, զինուորական դպրոց չէին ընդունուած իրենց մօր հայ ըլլալու պատճառով: Հայրը կը խնդրէր, որ գաւառապետ Կերկեն Անգարայի հետ ունեցած իր կապերով բարեխօսութիւն ընէր ու որդիները դպրոց ընդունուէին: Չկրցաւ յաջողիլ:

Սելչուք եղբայրներու հայ մայրը ստուերի մը պէս հետեւեցաւ անոնց ամբողջ կեանքի ընթացքին: Սելչուք եղբայրներ նոյնիսկ դատի տուին հրատարակիչի մը, որ գրած էր, թէ` «իրենց մայրը հայուհի էր»: Երկու եղբայրներուն պահանջով իրենց փաստաբանը Միլաս գնաց ու այնտեղի փաստաթուղթերը քննեց: Իրենց մօր անցեալի մասին արձանագրութիւններ չկային: Բայց քոյր մը եւ եղբայր մը կային: Ռոզ եւ Սիմոն պահած էին իրենց անունը եւ նախընտրած էին այդ անուններով ապրիլ:

Ռոզ մօրաքոյրն ու Սիմոն մօրեղբայրը միշտ չեղեալ նկատուեցան: Իլհան Սելչուք օր մը սենեակի մը մէջ փակուած էր, երբ տեղեկացած էր, թէ իր գացած տան մէջ կը գտնուէր նաեւ իր մօրաքոյրը: Չէր ուզած զայն տեսնել: Կարելի է ըսել, որ Իլհան Սելչուքի կեանքը իր մօր հայ ինքնութիւնը թաքցնելով անցաւ:

Մեր երկրին մէջ բազմաթիւ անձերու մայրը, մօրենական կամ հօրենական մեծ մայրը հայուհիներ են: Հայ այրերու սպանութենէն ետք կիներու եւ աղջիկներու մէկ մասը մահմետականութիւնը ընդունելով կամ այդպէս ցոյց տալով` փրկուեցաւ մահէն:

Ցաւալի է տեսնել, որ Թուրքիոյ մէջ տիպար երկու գրողներ կը թաքցնեն իրենց մօր հայ ինքնութիւնը: Մանաւա՛նդ որ այդ անձերը խորապէս հաւատացած են «Հանրապետութեան» յեղաշրջումին:

Սելչուք եղբայրներուն ապրած ողբերգութիւնը իրականութեան մէջ մեր ամբողջ երկրի ողբերգութիւնն է: «Այն միւսը» ըլլալու արտակարգ օրինակ մը եւ պատմութիւն մը:

Ա՜խ, Իլհան աղբարիկ:

Երանի՜ թէ հայ մայր մը ունենալը հարստութիւնդ նկատէիր ու կուրծքդ ուռեցնելով` մօրդ պաշտպանութիւնը ընէիր:

 

 

Նախորդը

Ուշադրութի՛ւն, Թուրք Տնօրէնն Է Խօսում

Յաջորդը

Իլհան Սելչուք Կը Թաքցնէր Իր Մօր Հայ Ըլլալը…

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.