372 Օր Մնացած Է. Ականատես` Շարունակուող Ցեղասպանութեան
Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ի՞նչ կը դառնայ Հայքը, եթէ այստեղ հայերէն չխօսին: Նախ երկիրը Հայք չի կոչուիր, կը նշանակէ, թէ աշխարհի մէջ աշխարհ կը պակսի: Եւ յետոյ կը կորչի Մասիսի գեղանիստ, հմայիչ կերպարանքը, կը փոխուին Արածանիի վշշոցը եւ Արաքսի աղմուկը, կ՛եղծուին Կապուտան, Գեղամայ եւ Վանայ ծովակների ծփանքները: Տափերական դաշտին մէջ հովի ականջալուր շնկշնկոցը կը նմանի ականջ ծակող աղմուկի: Եւ մեղմօրէն չեն խշշար...














