Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապի Հայութիւնը Եւ Տաւութօղլուի Քաղաքական Լկտիութիւնը

April 15, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Kessab-1-vkԹուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութիւններու շարքին է մարտ 26 թուակիր թիւ 96 հաղորդագրութիւնը, որ կը կրէ «Լաթաքիա/Քեսապի մէջ վերջին զարգացումները եւ մամուլին մէջ տեղ գտած անհիմն վկայութիւնները» խորագիրը:

Հաղորդագրութիւնը իր յառաջաբանին մէջ նախ եւ առաջ կ՛ուրանայ այն փաստը, որ Թուրքիա անմիջական օժանդակութիւն տրամադրած է Քեսապի վրայ յարձակում կատարող զինեալներուն, ապա կը շեշտէ, թէ լրատուական աղբիւրներ կը փորձեն Քեսապի մէջ ներկայ զարգացումներուն եւ «անցեալի ցաւալի դէպքերու» (չակերտուած ընդգծումը մեր կողմէ) միջեւ նմանութիւններ գտնել եւ կամ համեմատութիւններ կատարել:

Անշուշտ յստակ է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի պաշտօնական խօսափողը հանդիսացող նախարարութեան կայքէջին հաղորդագրութիւնը ի՛նչ «անցեալի ցաւալի դէպքերու» կ՛ակնարկէ: 1909-ի եւ 1915-ի Քեսապի հայութեան բռնագաղթի ու տեղահանութեան «ցաւալի դէպքեր»-ու պատասխանատուն նոյն թրքական պետութիւնն էր, որ գործադրման հունի մէջ դրած էր Փոքր Ասիոյ տարածքը հայկական տարրէն մաքրազտելու ծանօթ ցեղասպանական ծրագիրը, որուն անմիջական մէկ բաղադրիչն էին նաեւ բռնի հայրենահանումն ու տարագրութիւնը:

Քեսապը պատմական Հայաստանի սահմանամերձ միակ հայկական բնօրրանն է, որուն բնիկ ժողովուրդը հակառակ բազմաբնոյթ արհաւիրքներու եւ յատկապէս թրքական ցեղապաշտ բռնադատական արարքներու առկայութեան` ԴԱՐԵՐՈՎ կառչած մնացած է իր հայրենի հողին եւ լեռնաշխարհին:

Թրքական կեղծարարութիւնն ու պատմական իրողութիւններու քողածածկումը կամ ուրացումը մեզի համար արդէն իսկ նորութիւն չեն, սակայն հաղորդագրութեան մէջ ամէնէն քստմնելի ու արգահատանք առթող հատուածը վերջաբանին մէջ թրքական «մարդասիրական» հրաւէրն է տեղահանուած Քեսապի հայորդիներուն, ուր կը նշուի, թէ «մարդասիրական եւ խղճմտանքի պարտաւորութենէ մղուած»` տեղահանուած Քեսապի ժողովուրդին տեղ կու տան Թուրքիոյ մէջ գտնուող գաղթականական ճամբարներուն մէջ:

Ահաւասիկ թրքական «մարդասիրութեան» նենգ երեսը, թրքական ցեղապաշտ ու ազգայնամոլ պատմական քաղաքականութեան շարունակութիւնը:

Ահաւասիկ Տաւութօղլուի դիւանագիտական լկտիութիւնը, որով հարուածելէ ետք հայկական դարաւոր ոստանի ժողովուրդին, փորձ կը կատարէ յաչս աշխարհի քաղաքակիրթ պետութիւն երեւիլ:

Ահաւասիկ յարձակապաշտ թրքական պետութեան նուաճողական արիւնոտ տարեգրութեանց շարունակութիւնը:

Հաւանաբար մեր իսկ պատմութիւնը հեգնելու միտումով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջի նախասկիզբի էջին վրայ տեղադրուած է Տաւութօղլուի լուսանկարն ու իր խօսքերը. «Պատմութիւնը լռեցնելու փոխարէն` թոյլ տուէք, որ պատմական ճշմարտութիւնները քննուին»:

Հաւանաբար գերմանացի փիլիսոփայ Արթըր Շոփենաուըր լաւագոյն պատասխանը պիտի տար Տաւութօղլուի վերոնշեալ խօսքին. «Բոլոր ճշմարտութիւնները նախ ծաղրանքի կ՛ենթարկուին, ապա վայրագօրէն կը հակազդուին եւ ի վերջոյ կ՛ընդունուին որպէս ինքնախոստովանութիւն»:

Մնացեալը` քաղաքական հաւատաքննութիւն է…

 

 

Նախորդը

«Հարեւանի Սատկած Ձիու Պայտի Մեխը» Եւ Տաւութօղլուի Հայեցակարգը

Յաջորդը

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Արարատ 8 Կէտի Առաւելութեամբ` Առաջին

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.