1915-ը Իբրեւ «Ցեղասպանութիւն» Նկատուող Հասան Աղբարիկին Ընտանիքին Հայու Պատկանող Կալուածներ Նուիրուած Էր Աթաթիւրքին Կողմէ` Որպէս «Արեան Գին»
ՄՈՒՐԱՏ ՊԱՐՏԱՔՃԸ Մուրատ Պարտաքճըն ծանօթ է իբրեւ թրքական պաշտօնական թեզը պաշտպանող պատմաբաններէն մին: Դարձեալ ինքն էր, որ բացայայտեց եւ հրատարակեց Թալէաթ փաշայի օրագիրները նկատուող նշանաւոր «Սեւ տետրակ»-ը, որուն մէջ տեղահանուած հայերուն թիւը (միշտ Թալէաթի հաշիւներով) կը բարձրանար մինչեւ 972,000-ի: Ներկայ յօդուածով Պարտաքճըն թեթեւ հեգնական ոճով մը կը ջանայ նեղի դնել Հասան Ճեմալը` «բացայայտելով» Աթաթիւրքին եւ իր կառավարութեան կողմէ իր ընտանիքին...
