Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չարեաց Փոքրագոյնը

November 7, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը իրաւամբ որոշեց նեցուկ չկանգնիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահական զոյգ թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն: Ասիկա պատմական որոշում մըն է, քանի որ ընդհանրապէս նախընտրութիւն մը ունեցած ենք անոնցմէ մէկուն նկատմամբ, միշտ նկատի առնելով մեր ակնկալութիւնները նոր ընտրուելիք նախագահէն:

Այս անգամ նման ակնկալութիւն չունինք ըլլա՛յ հանրապետական, ըլլա՛յ դեմոկրատական կուսակցութիւններու թեկնածուներէն: Առաջին հերթին խօսքը կը վերաբերի հայոց դէմ ցեղասպանութիւնը իր ճիշդ անունով կոչելուն, որուն մէջ ցարդ թերացած են բոլոր նախագահները, որքան ալ որ անոնցմէ ոմանք ընտրուելէ առաջ այդ ուղղութեամբ դրական կերպով արտայայտուած ու խոստումներ ալ կատարած են: Հարցը այն է, որ ոչ ոք յարգած է, կամ` կրցած է յարգել իր խոստումը:

Այս երեւոյթը, սակայն, միայն հայկական դիտանկիւնէն չէ, որ ի յայտ կու գայ: Կարելի է հաստատ ըսել, որ թեկնածու մը իր յարուցած յոյսերով ու առաջադրած նպատակներով կը հակադրուի, երբեմն տրամագծօրէն կը հակադրուի ինքզինքին, երբ նախագահի աթոռը կը գրաւէ: Ասոր լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ Պարաք Օպաման:

Ահա այս երեւոյթին է, որ կ՛անդրադառնայ «Տը Կարտիըն Ուիքլի»-ի երկարամեայ աշխատակիցը` Կերի Եանկ, շաբաթաթերթի 12-18 հոկտեմբեր 2012-ի թիւին մէջ ստորագրած իր «Ամերիքընզ տիզըրվ ը պէթըր չոյս» յօդուածով: Հմուտ ու խորաթափանց այս սիւնակագիրը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ շատ լաւ ճանչցած է այն հսկայ երկիրը, որ արժանի է շատ աւելի լաւ ընտրանքի մը, ինչպէս կը նշէ իր վերնագրով:

Իր աւարտին հասնող ընտրապայքարը չ՛արծարծեր աղքատութեան, դրամատուներու գայթակղութեան, անհաւասարութեան, կլիմայական փոփոխութիւններու կամ անօդաչու օդանաւերով յարձակումներու հարցերը, Օպամայի` որպէս նախագահի ունեցած իրագործումներուն լոյսին տակ, տնտեսական, օրէնսդրական, գոյապահպանական կամ արտաքին քաղաքական բնագաւառներուն մէջ (որոնք, որքան ալ համեստ, փաստօրէն կատարուած են), այլ կը խուսափի անոնցմէ` մէկ սպառնալիքով, որ Ռոմնի կը կոչուի: 2008-ի ընտրութեամբ յառաջացած յոյսը փոխարինուած է վախով. ամէն մարդ կրնայ ըսել, թէ ի՛նչ բաներ պիտի վատթարանան, եթէ Ռոմնին ընտրուի, բայց ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ի՛նչ բաներ պիտի բարելաւուին Օպամայի վերընտրութեամբ, կ՛աւելցնէ յօդուածագիրը:

Նախագահական ընտրութեան մը ատեն ուժեղ կերպով աչքի կը զարնէ այն յարակարծութիւնը, որ այնքան մեծ թիւով մարդիկ իրենց ներդրումը կ՛ունենան առանց մեծ բան ակնկալելու արդիւնքներէն: Եթէ մէկ կողմէն ընտրական ծիսակատարութիւնը որոշ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ շատերու մօտ, միւս կողմէ` շնականութիւն մը առկայ է. քիչեր կը քուէարկեն, քուէարկողներ ճնշումի կ՛ենթարկուին, միլիառատէրեր նեցուկ կը կանգնին թեկնածուներուն. բոլորը փաստեր, թէ համակարգը դրամով այլասերած է ու բացէ ի բաց` խարդախուած: Եունճի այս հաստատումը մեզ չի՞ մղեր հարց տալու, թէ ինքզինք ամէնէն քաղաքակիրթ պետութիւնը նկատող ու աշխարհի բոլոր միւս ազգերը քաղաքակրթել յաւակնող Ամերիկան ի՞նչ երեսով դասեր կու տար Հայաստանի, ու տակաւին ալ պիտի տայ վստահաբար:

Եունճ կ՛աւելցնէ, որ այս հակասութիւնները միայն Միացեալ Նահանգներուն յատուկ չեն: «Տի Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը վերջերս կը յիշեցնէր, թէ Անգլիոյ երեք գլխաւոր կուսակցութիւններու անդամները, միասնաբար, նուազ կը հաշուեն, քան` Թռչուններու պաշտպան արքայական ընկերութիւնը…

Օպամա իշխանութեան եկաւ փոփոխութիւն յառաջացնելու խոստումով: Ինչպէ՞ս կրնար բան մը փոխել, երբ ոսկեայ օրէնք է, որ ան որ ոսկին ունի, ինքն ալ օրէնքը կը դնէ: Այսօր կացութիւնը հոն հասած է, որ մէկ միլիառ տոլարով կարելի է գնել ամբողջ ընտրութիւնը, ինչպէս կը նշէ դեմոկրատականներու գլխաւոր նուիրատուներէն մէկը «Տը Նիւ Եորքըր» պարբերաթերթին մէջ:

Սակայն, կը գրէ «Կարտիըն Ուիքլի»-ի աշխատակիցը, եթէ ասիկա ծաղրանքի կը վերածէ ժողովրդավարութիւնը, այդ չի նշանակեր, թէ պէտք է ստորագնահատել գալիք ընտրութեան արդիւնքները: Նոյեմբեր 6-ին մէկը պիտի ընտրուի, եւ լուսանցքային ընտրանք մը չէ, թէ ո՛վ է ընտրուողը:

Հանրապետականներուն գործած աւերները, Օպամային նախորդող ութամեակին, բացայայտ են: Անկարեւոր չեն նաեւ այս վերջինին ունեցած դրական իրագործումները, որքան ալ որ կաթիլ առ կաթիլ եղան անոնք: Հարցը այն չէ, որ տարբերութիւն չկայ Օպամայի ու Ռոմնիի միջեւ, այլ այն, որ անբաւարար կերպով կը համապատասխանեն իրարու Օպամայի կատարածներն ու նոր խոստումները եւ երկրին կարիքները, երբ չքաւորութիւնը կը բարձրանայ, աշխատավարձերը կը սառին, քաղաքացիական իրաւունքները կը զլացուին, ոճիրները կ՛աւելնան ու անօդաչու օդանաւերու յարձակումները կը շատնան: Այս լոյսին տակ կարելի է դատապարտել Դեմոկրատական կուսակցութիւնը եւ Օպամային տալ քուէն` առանց անպայման հաւանութիւն տալու իր կատարածներուն եւ արդարացնելու անոր ձախողութիւնները:

Սակայն, կ՛եզրակացնէ գրողը, կարելի չէ հասկնալ անոր ձախողութիւնները` առանց ընդունելու, որ ունեւորներուն կողմէ դրամաւորուած ընտրական համակարգ մը երբեք պիտի չկարենայ արդարօրէն բաշխել հարստութիւնն ու իշխանութիւնը, ո՛վ որ ալ ըլլայ ղեկավարը: Ինչո՞ւ պիտի ընէր, ինչպէ՞ս պիտի ընէր: Այն իրողութիւնը, որ ա՛յս է ամերիկացիներուն ունեցած ընտրանքը, չի նշանակեր, որ աւելի լաւին արժանի չեն: Ցոյց կու տայ պարզապէս, որ այս պայմաններուն տակ աւելի լաւը չեն կրնար ունենալ:

Իսկ մե՞նք` հայե՞րս…

 

 

Նախորդը

Հայկական Օդանաւերու Վրայ Յարձակումները Անթոյլատրելի Են. Դեսպան Հեֆըրն

Յաջորդը

Մասունքներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ժամանակակից Պատմութեան

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.