«Հայոց Ցեղասպանութեան Ցաւը Կ՛արտայայտեմ Իմ Ձայնիս Մէջ». Սերժ Թանգեան
«Նիուզ».- Ամերիկեան հեղինակաւոր «Հաֆինկթըն փոսթ» հանդէսը հրապարակած է աշխարհահռչակ հայ երաժիշտ Սերժ Թանգեանին հետ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ան խօսած է իր նոր ձայնասկաւառակին` «Հարաքիրի»-ի, «Սիսթըմ աֆ է տաուն»-ին հետ շրջագայութեան եւ իր ձայնին վրայ հայ ժողովուրդի դառն անցեալին ունեցած ազդեցութեան մասին: «Երբ առաջին անգամ «Սիսթըմ աֆ է տաուն» ռոք-խումբը ներկայացուց իր անդրանիկ «հիթ»-ը, ակնյայտօրէն զգալի դարձաւ, որ անոնց երաժշտութիւնն...
