Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«1915-Ի Ցաւը Անցեալին Չի Պատկանիր, Անիկա Այսօր Քննարկուելիք Հարց Է». Եաւուզ Պայտար

October 16, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Եաւուզ Պայտար

«Թուտէյզ Զաման» պարբերականի սիւնակագիր Եաւուզ Պայտար «Հաֆինկթըն Փոսթ»-ին մէջ հրապարակած իր յօդուածով անդրադարձած է հրեայ թուրք գործարար Իշակ Ալաթոնի յուշագրութիւններուն: «Ներողութիւնը, իմ կարծիքով, երկրորդ հանգրուանին ըսելիք բան է: Առաջին հերթին շեշտը պէտք է դրուի այս հասարակութեան` անցեալի մեղքերուն դէմ յանդիման կանգնելու քաջութեան վրայ: Մենք մինչեւ օրս զրկուած ենք ատկէ: Ասիկա վախցած հասարակութիւն է:  Ես չեմ ամչնար այս մէկը ըսելէ. մենք կը սնանինք այս վախով եւ մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին վախցած ենք: Մեր իշխող համակարգը հիմնուած է վախի վրայ: Մենք պէտք է փոխենք ատիկա: Իսկ այդ մէկը ընելու միակ ուղին անցեալին հետ առերեսուիլն  է», գրած է ան:

«Ալաթոնը, որ հասարակական աշխուժ անդամ է, անվերջօրէն կոչ կ՛ուղղէ` վերջ դնելու արիւնոտ քրտական հակամարտութեան եւ որպէս իմաստուն մարդոցմէ մէկը, որ պատրաստ է հաշտեցման երկխօսութեան մէկ մասը դառնալու, նաեւ քաղաքացիները կը յորդորէ դէմ յանդիման գալու Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին կատարուած յանցագործութիւններուն եւ բարձրաձայնելու կատարուածը», գրած է սիւնակագիրը` աւելցնելով, որ այն հասարակութիւնը, որուն մէկ անդամն է ինք, իր անցեալէն փախուստ տալու լուրջ հարցերու դիմաց կանգնած է:

«Մենք մեզ կը համոզենք, որ եթէ մեր գիտցածը մեր մէջ պահել եւ ջնջել փորձենք, անիկա կը չէզոքանայ: Սակայն անցեալի դիակները, որոնք փտած են այս հողին մէջ, կը թունաւորեն այն օդը, զոր մենք կը շնչենք: Այս առիթով կ՛ուզեմ հարց տալ` արդեօք կարելի՞ է հանգստութիւն գտնել առանց պատմութեան դէմ յանդիման կանգնելու: Ուրեմն, եկէք այդ մէկը ընենք, որպէսզի կարենանք խաղաղութիւն հաստատել», նշած է Պայտար:

Ան նաեւ անդրադարձ կատարած է Ճեմալ փաշայի թոռան` յայտնի սիւնակագիր եւ խմբագիր Հասան Ճեմալի կողմէ վերջերս գրուած «1915. Հայոց ցեղասպանութիւն» խորագիրով գիրքին: Պայտար գրած է, որ գիրքը նոր բովանդակային շունչ ունի իր մէջ եւ աւելի եզակի եւ նշանաւոր կը դառնայ այն հանգամանքով, որ հեղինակը ինք` Հասան Ճեմալն է: Սիւնակագիրը իր գրութեան մէջ շեշտը դրած է հայոց մեծագոյն ողբերգութեան` Հայոց ցեղասպանութեան մէջ Ճեմալ փաշային ունեցած հիմնական դերակատարութեան վրայ:

«Հասան Ճեմալը իր կարգին, ի դէպ, գիրքին մէջ կը նշէ, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր: Գիրքին մէջ ան չի շրջանցեր կամ չի խուսափիր այս բառէն, ինչպէս` շատ մը պատմաբաններ: Անոր աշխատութեան մէկ մասը ճամբորդութիւն է, որ ընթերցողը կը տանի դէպի ցաւալի անցեալ: Ան այս մէկը նկարագրած է այլ գիրքերու մէջ եւս, սակայն այս մէկը շատ աւելին է», նշած է թուրք սիւնակագիրը` մէջբերելով Հասան Ճեմալի` մամուլին տուած հարցազրոյցէն հատուած մը. «Հրանդ Տինքի ցաւն էր, որ ստիպեց զիս այս գիրքը գրելու: Տինքը մեր բոլորին համար սիրելի եւ յարգելի գործընկեր էր»:

Եաւուզ Պայտար նիւթը եզրափակելով` մէջբերում կը կատարէ Հասան Ճեմալի գիրքի նախաբանէն, ուր ան գրած է. «Մենք չենք կրնար լուռ մնալ անցեալի դառն ճշմարտութիւններուն դիմաց: Չենք կրնար թոյլ տալ, որ անցեալը ներկայի գերին ըլլայ: 1915-ի ցաւը չի պատկանիր անցեալին, անիկա այսօր քննարկուելիք հարց է: Կրնանք խաղաղութեան հասնիլ միայն պատմութեան ճշմարտութեամբ, եւ ոչ թէ` յօրինուած կամ խեղաթիւրուած պատմութեամբ, ինչպիսին է մերը»: Սիւնակագիրը կ՛աւարտէ հետեւեալ ձեւով. «Պետութիւնը ոչ միայն պէտք է ներողութիւն խնդրէ կատարուածին համար, այլ ներողութիւն պէտք է խնդրել նաեւ տարիներ շարունակ յանցանքը հերքելու համար»:

 

Նախորդը

Իր Հունը Գտնելու Ճանապարհին Գտնուող Ջրի Պատմութիւնը

Յաջորդը

Թուրքիա Պէտք Է Զգուշանայ Սուրիական Ճահիճէն. Անգարա Կը Դիմագրաւէ Վտանգը` Ներգրաւուելու Այնպիսի Հակամարտութեան Մը Մէջ, Որմէ, Ի Տարբերութիւն Ռիատի Եւ Ուաշինկթընի, Պիտի Չկարենայ Դուրս Գալ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.