Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Վարչութեան Ժողովին
1957 թուականին հիմնուած Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդը կազմուած է Ասիոյ երկիրներու եկեղեցիներէն եւ քրիստոնէական կազմակերպութիւններէն: Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի (ԱԵԽ) Ընդհանուր վարչութիւնը ԱԵԽ-ի գործադիր վերին մարմինն է, անդամները ընտրուած են ԱԵԽ-ի Ընդհանուր համաժողովին եւ կը վարեն խորհուրդի հիմնական աշխատանքները: Իրանի հայոց եկեղեցին, հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, 2010-ի անդամակցեցաւ ԱԵԽ-ին` իբրեւ լիիրաւ անդամ եւ ունի իր ներկայացուցիչները խորհուրդի յանձնախումբերուն մէջ: ԱԵԽ-ի, Ընդհանուր...
















