Գարնանային Զոյգ Պտոյտներ` ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու
Գարնան հաճելի օդն ու բնութիւնը իւրայատուկ մթնոլորտով վայելեցին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները իրենց ունեցած երկու պտոյտներով` կրտսեր ու երէց պատանիներու համար, մարտ 15-ին եւ մարտ 22-ին հերթաբար: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ընկերային յանձնախումբը ամէն տարի կը կազմակերպէ տարեկան պտոյտներ դէպի Լիբանանի տարբեր վայրերը, ընկերային ճոխ մթնոլորտը փոխանցելով պատանեկան միութիւններուն ու անոնց շրջապատող բարեկամներուն: Ընդհանուր վարիչ մարմինի ընկերային...











