Գաղութային

Ազգ. «Յառաջ» Մանկապարտէզի «Ծաղիկ»ները Ստացան Վկայական

Շաբաթ, 16 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Յառաջ» մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, որուն աւարտին Ծաղիկ դասարանը ստացաւ աշակերտական կեանքի իր առաջին վկայականը: Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեան յաջորդեց մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեանի բացման խօսքը: Ան հրաւիրեց ներկաները իրենց ջերմ գնահատանքով ու ծափողջոյններով մասնակից դառնալու մանկապարտէզի աշակերտութեանց կողմէ ներկայացուելիք յայտագիրին, որ կը միտի ամրապնդել...

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսը

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 10 յունիս 2012-ին, ժամը 10:30-ին, քոլեճի սրահին մէջ: Հանդէսին նիւթն էր «Շրջապտոյտ Հայաստանի մէջ»: Բեմը վերածուած էր փոքրիկ Հայաստանի. հոն զետեղուած էին Սարդարապատի, Ծիծեռնակաբերդի, Ս. Էջմիածինի, Արարատ լերան եւ Մատենադարանի ձեռակերտները: Տարբեր երկիրներէ հայորդիներ կը հասնին Հայաստանի «Զուարթնոց» օդակայանը եւ կ՛ընդունուին «Խանամիրեան զբօսաշրջութեան» առաջնորդին կողմէ: Հանդէսի ընթացքին զբօսաշրջիկները յատուկ հանրակառքով...

Հայ Աւետարանական Կերթմենեան Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Երեքշաբթի, 12 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխում: 11 աշակերտներ (Գալայճեան Քրիսթին, Քէօշկերեան Ճենիֆըր, Քէշիշեան Տեսիլ, Գիզիրեան Մարիա, Նաճարեան Քրիսթին, Նագգաշեան Սթեֆանի, Գալայճեան Գէորգ, Քիւրքճեան Տանիէլ, Ֆիլիկեան Վահէ, Սիմոնեան Մայքըլ, Թաշճեան Կարօ) աւարտելէ ետք մանկապարտէզի եռամեայ ծրագիրը` ստացան համապատասխան վկայականը: Հանդիսութիւնը կը բովանդակէր հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն...

Այնճարի Հայ Աւետարանական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Շաբաթ, 16 յունիս 2012-ին, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի փոքրիկները անհամբեր էին ներկայացնելու իրենց սորվածները` ծնողներուն եւ բարեկամներուն: Սրահը լեցուն էր ներկաներով, երբ փոքրիկները իրենց ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ մտան Հետուիկ սրահ: Ունկնդրելէ ետք լիբանանեան եւ հայկական քայլերգները, աշակերտները սկսան յայտագրի գործադրութեան Ա. մասին, որ հոգեւոր բաժինն էր: Անոնք երգեցին հոգեւոր երգեր, սաղմոս եւ աղօթք մը ըսին ներկաներուն: Այս տարուան նիւթն էր...

Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի Ամավերջի Միացեալ Հանդէս

Վարժարանի 80-ամեակին եւ  Հայ գրքի տարուան զուգադիպող Ազգ. Աբգարեան վարժարանի 2011-2012 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը` «Հին ու նոր հեքիաթներ» խորագրով ներկայացուեցաւ հանրութեան կիրակի, 24 յունիս 2012-ին, կ. ա. ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Մեծ բծախնդրութեամբ պատրաստուած բեմին վրայ տեղադրուած էր «Հին ու նոր հեքիաթներ»-ու մեծադիր  գիրքը, որ նկարազարդարուած էր վարժարանի ուսուցիչ, արուեստագէտ Հրաչ Այնթէպլեանի կողմէ: Ծաղիկներով հիւսուած 80-ամեակը...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէսը

Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 16 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Հանդէսին կեդրոնական նիւթն էր «Մոխրիկը» հեքիաթը` իր պատմութեամբ, պարերով եւ երգերով: Բեմի յարդարումը, տքնաջան աշխատանք` մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն, կը ներկայացնէր թագաւորական շքեղ պալատ մը` իր աշտարակներով, նաեւ` Մոխրիկին կախարդական ոսկեզօծ կառքը: Հանդէսը սկսաւ ճիշդ ժամուն, յոտնկայս ունկնդրութեամբ Լիբանանի եւ...

Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Վկայականաց Բաշխում

Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 17 յունիս 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի` առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին եւ նախագահութեամբ` գաղութի պատկան մարմիններու: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամով 2012-ը «Հայ գիրքի տարի» հռչակուելու յստակ պատկերը կը ցոլացնէր հանդիսասրահի գեղեցիկ զարդարանքն ու մեր անմահ գրագէտներու անմոռանալի տողերը: Բացման խօսքով...

Մեսրոպեան Վարժարանի Ծաղկաստանէն 60 Աշակերտներ Ստացան Մանկապարտէզի Վկայականները

Շաբաթ, 16 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցան մանկապարտէզի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխումը: Աշակերտներու երգեցողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեցին Ալեքսանտր Սերմանուկեան, Վանայ Սեֆերեան եւ Ժորժ Կէօզիւկիւչիւքեան: Անոնք շեշտեցին, թէ Մեսրոպեանի մէջ անցուցած են հաճելի եւ դաստիարակիչ օրեր: Բարի գալուստի խօսքերուն յաջորդեց արաբերէն ասմունք մը, որմէ ետք...

ՔԱՀԼ-ի Մասնաւոր Դասարանները` Մարդակերտումի Ինքնուրոյն Կռուան Մը

Ս.Դ.  ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Առողջ է այն ընկերութիւնը, որ իր ե՛ւ ուժեղ, ե՛ւ տկար զաւակներուն կարողականութիւնները գիտէ զարգացնել,մշակել, այլեւ մարդկային տեսակ-տեսակ տկարութիւններու տէր քաղաքացիներուն աւելի լաւ ապագայ մը ապահովելու համար անհրաժեշտ քայլերու կը դիմէ, նախաձեռնութիւններ յանձն կ՛առնէ: Այսօրինակ մտածումներով տարուած` ուրբաթ, 22 յունիս 2012, երեկոյեան ժամը 5:30-ին ներկայ եղանք ՔԱՀԼ-ի «Մասնաւոր դասարաններ»-ու ամավերջի հանդէսին, ՔԱՀԼ-ի հանդիսասրահին մէջ: Մեր տեսածն ու լսածը, հայօրէն...

Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Կիրակի, 17 յունիս 2012: Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի բակին մէջ բացառիկ եռուզեռ կայ, կարծէք` տօնական ըլլար: Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն է: Առաւօտեան ժամը 10:30-ին, վարժարանի հանդիսասրահին բեմի վարագոյրը կը բացուի եւ կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները հպարտօրէն կը հնչեցնեն Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Այդ օր մանկապարտէզի փոքրիկները սովորականէն աւելի գեղեցիկ երեւոյթ ունէին, իրենց անմեղ դէմքերէն կը շողարձակուէր բացառիկ ուրախութիւն, գունագեղ զգեստներու մէջ...

ՀԲԸՄ. Երկու Մանկապարտէզ` Երկու Հանդէս

ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարան ՀԲԸ Միութեան վարժարաններու բոլոր այն աշակերտները, որոնք հանգրուանի մը աւարտին հասած են, իրենց վկայականները ստացան յատուկ հանդէսներու ընթացքին: Առաջինը զոյգ մանկապարտէզներու հանդէսներն էին: Շաբաթ, 9 յունիսի յետմիջօրէին ՀԵԸ-ի «Զ. Մովսէսեան» սրահին մէջ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր: Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսի օրն էր: Որոշեալ ժամուն, երբ բեմի գոց վարագոյրի ետին անհանդարտ շարժումներ կը նշմարուէին...

Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Վկայականաց Բաշխման Հանդէսը

2011-2012 կրթական տարեշրջանի աւարտն է արդէն, մեր վարժարանները կը ներկայացնեն իրենց տարեկան հունձքը` մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ երկրորդականի բաժիններուն: Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի մանկապարտէզի վկայականներու բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ 12 յունիս 2012-ի երեկոյեան, «Յ. Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Յարութիւն Լութֆիկ Սարգիսեանի: Բեմական գեղեցիկ յարդարանքը` վարժարանի խորհրդանիշով, այբուբենի տառերու...

Դամասկոս. «Քնար» Երգչախումբի Յիսնամեակին Նուիրուած Համերգ

Կիրակի, 10 յունիս  2012-ին, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական համերգ` «Քնար»  երգչախումբին կատարմամբ, նուիրուած երգչախումբին հիմնադրութեան յիսնամեակին (1962-2012): Արդարեւ, երգչախումբին անդամներն ու Հայ կաթողիկէ միութեան պատասխանատուները, հակառակ երկրին մէջ տիրող տագնապալի վիճակին, որոշեցին ու յաջողցուցին սոյն համերգը, նախ եւ առաջ այն յոյսով ու համոզումով, որ երկրին տագնապը անպայման վերջ կը գտնէ ու դամասկահայութեան  օճախը կը մնայ շէն,...

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Հայրերու Օրուան Ճաշկերոյթը

Կիրակի, 17 յունիսի կէսօրին, Պիքֆայայի «Այն Տըլըպ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին տարեկան ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ քոլեճին խնամակալութեան: Իրենց ներկայութեամբ ճաշկերոյթը պատուեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը, պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան եւ կինը, Քաղաքական ժողովի անդամներ, Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչը, Պուրճ Համուտի ներկայ եւ նախկին քաղաքապետներ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ...

«Հ. Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Բացում

Երկուշաբթի, 25 յունիս 2012-ին, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ համախմբուեցան աւելի քան 150 մանուկներ` կատարելու «Ամառնային դպրոց»-ին բացումը: Նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2012-ը հռչակած է «Հայ գիրքի տարի», հաստատութեան տնօրէնութիւնը իր կարգին յարմար նկատեց այս տարուան ամառնային աշխատանքներուն կեդրոնական նիւթը ընտրել հայ գիրքը: Բացումին ներկայ էին ծնողներ, ծրագիրի  պատասխանատու մարմինները, ուսուցիչներն ու օգնականները, կամաւոր...

Իմ Մայրիկիս Տօնն Է Այսօր

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի նախակրթարանի աշակերտները խանդավառ եռուզեռի մէջ էին` մայրերու տօնը նախորդող շաբթուան ընթացքին: Անոնք իրենց մայրիկներուն համար արդէն իսկ պատրաստած էին իւրայատուկ հրաւէրներ, անձամբ զարդարած զանոնք ու անոնց մէջ տեղադրած` մօր նուիրուած հայերէն երգերու փունջ մը պարփակող խտասալիկներ: Անոնք  նախակրթարանի պատասխանատուին ու արուեստի ուսուցիչներուն   հսկողութեամբ կը կատարէին հանդէսի փորձերը, մինչ դասաւանդ ուսուցչուհիները կը դասաւորէին, տարեշրջանին ընթացքին աշակերտակերտներու կողմէ...

Արեւմտահայ Լեզուի Եւ Գրականութեան Հմայքը Հայրենի Աշակերտների Մէջ

Արդէն տասը տարի է` Փարիզի «Մաշտոց» հայ լեզուի պաշտպանութեան միութիւնը (գիտամեթոտական ղեկավար` Սորպոնի համալսարանի տոլքթոր, փրոֆ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան) եւ «Խ. Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական Կենտրոնը (տնօրէն` դոկտոր, Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան) Երեւանի, Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դպրոցներում իրագործում են արեւմտահայ լեզուի եւ գրականութեան մէկամեայ փորձնական ծրագիր (շաբաթական չորս ժամ ծանրաբեռնուածութեամբ), որին ընդգրկուել են շուրջ եօթը տասնեակ...

Հայկական Վարժարաններ Կը Մասնակցին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Ազգագրական Պարերու Փառատօնին

Հայկական արուեստը, իր բոլոր ենթաբաժանումներով, համաշխարհային արուեստին մէջ ունի իր իւրայատուկ տեղն ու դիրքը: Որեւէ տեղ եւ ժամանակ, երբ տարբեր արուեստներու ընդհանուր խճանկարին մէջ տեղադրուի հայկական արուեստին որեւէ մէկ ճիւղին պատկանող խիճը, ապա անիկա անմիջապէս ուշադրութիւն կը գրաւէ իր գոյնին, բաղադրութեան, ոճին եւ էութեան շնորհիւ: Հայկական պարը այս իմաստով բաւական ցցուն օրինակ մըն է, մանաւանդ երբ մատուցուի ոչ հայ շրջանակներու...

Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան «Հայկական Է, Պատուական Է» Խորագիրով Ճաշկերոյթը

Մտահոգիչ օրեր, քաղաքական անկայուն վիճակ, եկամուտի պահանջ... հայրենակիցներու ներկայութիւն, սակայն կամքն ու նպատակը կը պարտադրեն օրին գործ մը, կամ ձեռնարկ մը ջանք ու աշխատանքով յաջողութեան հասցնել: Ուրֆայի հայրենակցական միութեան կազմակերպութեամբ,, հայկական է պատուական  անուան տակ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, 2 յունիս 2012-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս` «Տոն Քասթիլլօ» ճաշարանին մէջ: Ներկայ գտնուեցան առաջնորդ սրբազանը, հիւրեր` Աւստրալիայէն...

ՀԵԸ-ի «Արին» Պարախումբին Հայաշունչ Ելոյթները

Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովին, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանի, 25 եւ 26 մայիսին «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը ներկայացաւ լիբանանահայ հանդիսատեսին` հայաշունչ ու հայկական մթնոլորտ ստեղծող «Ոսկէ ձայնապնակ» խորագիրը կրող յայտագիրով: Այս տարուան ելոյթը յատկանշական էր այս պարախումբի հիմնադրութեան առաջին օրէն մինչեւ իր անժամանակ մահը պարախումբին մաս կազմած, բոլոր ելոյթներուն ընթացքին բեմը զարդարած Արին Չերչեանի շօշափելի բացակայութեամբ,...

Page 103 of 114 1 … 102 103 104 … 114

Արխիւներ