Զաւարեանական

Անպարտելի Ընկերը

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն փայլուն հանգրուաններէն կը նկատուի արցախեան պատերազմը: Դարերու տանջանքէ ետք հայութիւնը կարողացաւ յաղթանակ մը արձանագրել` հեռացնելով թշնամի ազերին հայկական լեռնաշխարհի մէկ կարեւոր ու հիմնական մասէն` Արցախէն: Հարկ է լուսարձակի տակ առնել այն իրողութիւնը, որ այս յաղթանակը երբեք պատահական չէր, ոչ ալ` միայն մեծ պետութիւններու շահերու արդիւնք: Այս յաղթանակը հիմնականին մէջ արդիւնք էր հայ ժողովուրդի միասնականութեան եւ յատկապէս...

ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ

Անցնող ամսուան ընթացքին, երկու յաջորդական օրեր առիթ դարձան վերստին յիշելու հայ յեղափոխական շարժման մէջ կարեւորագոյն դէմքերէն Ռոստոմը: Յունուար 18 եւ 19: Առաջինը` Ռոստոմի ծննդեան օրը, երկրորդը` մահուան: «Զաւարեանական Էջ»-ի այս թիւով կ՛ուզէինք անդրադառնալ Ռոստոմ տիպարին, ու այդպիսով վերակենդանացնել, գէթ էջի մը վրայ, գէթ յօդուած մը կարդալու տրամադրուող վայրկեաններու ընթացքին, Ռոստոմի արժանիքներէն հիմնականները: Սակայն ինչո՞ւ անդրադառնալ մարդուն, ինչո՞ւ խօսիլ անհատի մը...

Ա՛Լ ԿԸ ԲԱՒԷ ԻՍՐԱՅԷԼ ՕՐԻՆԵՐ ԾՆԻՆՔ

Ֆրանսա անգամ մը եւս իր մատը դնելով հայութեան սպիին վրան` յաջողեցաւ բոլորիս ուշադրութեան կիզակէտը դարձնել Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը կասեցնող իր փորձերը: Ան դարձեալ հանդէս գալով իբրեւ արդար եւ իրաւունքներու պաշտպան երկիր` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը դրաւ սեղանի վրայ: Մինչ շնչակտուր կը հաշուէինք ծերակուտականներուն ձայները, երգեցինք հրապարակին վրայ եւ շնորհակալական պսակներ հիւսեցինք այն բոլորին շուրջ, որ Ֆրանսայի հետ կապ ունի:...

Կ՛ԸՍԵՆ, ԹԷ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ԿՐԿՆԷ…

Կ՛ըսեն` պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ... Անձնապէս չեմ հաւատար ատոր, բայց հայ ժողովուրդին համար փետրուար ամիսը ձեւով մը կը հաստատէ այդ մէկը: 1921 փետրուար 18 եւ 1988 փետրուար 20... Երկու տարբեր թուականներ, երկու տարբեր ժամանակաշրջաններ, բայց արարքը եւ անոր նպատակը նոյնն է: Առաջինը ապստամբութիւն մըն էր պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ, իսկ երկրորդը` ժողովուրդի ամենակենսական իրաւունքներու պահանջատիրութեան սկիզբ մը... Ո՛վ կը սպասէր, որ...

ՆՈՐ ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍԻՆ

Քաղաքական բեմը այս շրջանին հանրութեան կը ներկայանայ նոր բեմադրութեամբ մը: Բեմադրութեան գլխաւոր դերակատարները թիւով երեք են, բայց անշուշտ այս բոլորին ետին կը կանգնի դերակատարներու հսկայական խումբ մը, որ թաքուն կերպով կը կատարէ իր դերը: Դէպքը տեղի կ՛ունենայ 23 յունուար 2012-ին: Այս թուականը յատկանշական է երեք գլխաւոր դերակատարներուն` Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ համար: 23 յունուարին Ֆրանսայի ծերակոյտը որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը...

ՄՏԱՅԻՆ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ «ՊՐԹՐԱՅԹ ԱՐՄԻՆԻԱ ԴԷՊԻ ՀԱՅՔ»-Ի ՄԻՋՈՑՈՎ

Եթէ հայ ժողովուրդին բնօրրանը Հայկի երկիր Հայաստանն է, հետեւաբար անկարելի է անտարբեր ու անիմաց մնալ անոր մասին: Ապրելով Հայաստանէն հեռու` անկարելի է նաեւ կապեր մշակել անոր հետ ու զերծ մնալ սփիւռքի պայմաններուն տակ հայկականութենէ հեռացնող վտանգներէն, եթէ անգամուան մը համար մեր սեփական աչքերով չտեսնենք Հայաստանի ամէնօրեայ կենցաղը, չշօշափենք անոր իրականութիւնը ու մաս չկազմենք անոր դժուարութիւններուն: Այս նպատակներէն մեկնած` Հայաստան հայրենիքի...

ՄԷԿ ԱԶԳ, ՄԷԿ…

Որեւէ երկրի քաղաքացի կ՛ունենայ իր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, որոնք զինք կը դարձնեն լիիրաւ քաղաքացի: Այսպէս, ան մասնակից կը դառնայ իր երկրի զանազան որոշումներուն որդեգրումին եւ իր նպաստը կը բերէ անոնց գօրծադրութեան եւ երկրի զարգացման: Այս քաղաքացիները, եթէ կ՛ապրին իրենց բնական բնօրրանին` հայրենիքին մէջ, ինքնաբերաբար կ՛ունենան միեւնոյն առօրեան, նոյնանման հոգերը եւ ընդհանուր կրթութիւն մը: Նոյնը չէ պարագան որեւէ երկրի սփիւռքի քաղաքացիներուն...

ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

«Տեսայ, որ արդարութիւնը ստեղծել պէտք էր եւ ազատութիւնը մոլեգնաբար յափշտակել»: ՍԻԱՄԱՆԹՕ   Մարդկային անարդարութիւնը իր տարբեր հանգրուաններով, սկսեալ աստուածաբանական տեսաբանութեամբ, անցնելով պետականութեան կառոյցներու հաստատումներէ, հասնելով մինչեւ կազմակերպութիւններու եւ խմբաւորումներու գործունէութեանց, տակաւին տեղ կը գտնէ առօրեայ մեր կեանքին մէջ: Արդարեւ, անարդարութեան գոյութեան պատճառով, իրենց բնական տեղը պիտի ունենային արդարութեան համար պայքարողներու խմբակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: Կազմակերպութիւններու ուժգնութիւնն ու հզօրութիւնը կը բխի այն...

ԸՆՏԵԼԱՑԱԾ ԱՆՕԳՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ծանօթութիւն.- Բաղդատականին նպատակը չի կեդրոնանար շան ժխտական պատկերին վրայ, այլ` ընդհանուրին, շնչաւոր էակին հոգեբանութեան: Յօդուածը ոչ մէկ վարկաբեկիչ կամ աժան առաջադրում կը կատարէ: Մեր կեանքի ցաւալի իրականութիւններէն մէկն ալ այն է, որ կրաւորական մեծամասնութեան եւ գործունեայ փոքրամասնութեան միջեւ ճեղքուածքը տարուէ տարի չի կրճատուիր, այլ միայն աղէտալիօրէն կ՛աճի: Իսկ ինչո՞ւ մեր համաքաղաքացիները այդպիսի անտարբերութեամբ կը նային իրենց շուրջ կատարուող այլանդակութիւններուն եւ...

ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ

Եթէ կա՛ն կարմիր գիծեր` քաշուած մեր ճանապարհին, ապա առաջինը մշակոյթն է: Զայն մէկդի դնող եւ «աւելի կարեւոր»ներու անցնողը չի նշմարեր իր դիմաց քաշուած անհեթեթութեան պատը: Տուեալ հաւաքականութիւն մը ինքն իր համար ինչո՞ւ կռուի, ինքն իր հաւաքական դատը ինչո՞ւ փորձէ լուծել, ինքն իր ֆիզիքական մարմինը ինչո՞ւ փորձէ պաշտպանել իբրեւ հաւաքականութիւն, եթէ «ինք»ը, «իր»ը պղտորին, դառնան անիսկական, դառնան միայն լեզուի մակարդակի վրայ...

ԶՈՄ-ԱԿԱՆՆԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ

Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի Երկիր» յանձնախումբը, յաջորդաբար եօթներորդ տարին ըլլալով, անցնող ամառ կազմակերպեց եւ իրագործեց գործուղում մը` դէպի հայրենիք: Չորրորդ անգամ ըլլալով գործուղումը որպէս թիրախ ունեցաւ Քաշաթաղը, այն վայրը, որ ունի ռազմավարական մեծ նշանակութիւն` իբրեւ  Արցախը Հայաստանին միացնողը, այն  վայրը, որ ունի բերրի հող եւ, ուրեմն, վերաբնակեցման նպաստաւոր պայմաններ: Սփիւռք-Արցախ կապը զարգացնել, սփիւռքահայ ուսանողը իր հողին կապել եւ մանաւանդ Քաշաթաղի...

Ի ՎԵՐՋՈՅ Ե՞ՐԲ ԱՆԿԱԽԱՆԱԼՈՒ Է ՄԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Եթէ հարց տրուէր, թէ ե՞րբ անկախացած է Հայաստան, առաջին հակազդեցութեամբ կը պատասխանուէր` 28 մայիս 1918: Այս մէկը ո՛չ ուղեղալուացի արդիւնք է, ինչպէս ոմանք քմծիծաղով կը զրպարտեն, ո՛չ ալ` 1991-ի անկախութեան անտեսում, այլ` անվիճելի փաստ, թէ 20-ամեայ Հայաստանի անկախութիւնը շարունակութիւնն է պատմական երեք ճակատամարտերուն, ինչպէս նաեւ` այլ հերոսամարտերու ու շատ յաճախ յաղթուած Հայաստանին: Անկախացման սերունդէն մինչեւ վերանկախացման սերունդ խորհրդային մուրճը եկաւ...

ԲԱՅՑ ՏՂԱՔԸ Ի՞ՆՉ ԻՄԱՆԱՅԻՆ

Հայկական հարցը հիմնուած է իր պապենական հողերուն վրայ ազատ ու անկախ ապրելու եւ բարգաւաճելու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքին վրայ` վայելելով ազգային եւ ընկերային ամբողջական իրաւունքներ: «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿ» Հաղորդագրութիւն - 27 յուլիս 1983   Նպատակը մէկ էր. ազատագրել պապենական Հայաստանը: Պէտք էր քանդել լռութեան պատը: Պահանջել ճանաչում: Պահանջել հատուցում: Բանալ ճամբան դէպի Արեւմտահայաստան: Վերադարձնել հողը... պապենական հողը, ուր պիտի բարգաւաճէր...

ԱՆՈՒՆԴ Ի՞ՆՉ Է

Դպրոցական տարեվերջի եղանակն է կրկին: Հանդէսներ, վկայականներու բաշխում, պետական քննութիւններու փայլուն արդիւնքներ... ծնողներ եւ ուսուցիչներ ուրախ կը թուին ըլլալ: «Ազդակ»ի էջերուն մէջ յաջորդաբար լոյս կը տեսնեն հայկական վարժարաններու ամավերջի հանդէսները ամփոփող, ինչպէս նաեւ պրըվէի քննութեանց արդիւնքները յայտարարող հաղորդագրութիւններ: Կրթական հաստատութիւններուն համար իրօք լաւագոյն պահն է մամուլի միջոցով հայ դպրոցին քարոզչութիւնը ընելու, յուսալով, որ վերամուտին մանկապարտէզի աշակերտութեան կը միանան մեծ թիւով...

ԿՈՉ ՔԱՋՈՒԹԵԱՆ

Ուժը եղած է ու կը մնայ պատմութիւնն ու  դիւանագիտութիւնը յառաջացնող կարեւորագոյն ազդակը: Քանի կայսրութիւններ ստացած են ցամաքամասային զանգուած այդ ուժին շնորհիւ, եւ քանի տէրութիւններ ջնջուած են աշխարհի քարտէսէն անոր պակասին պատճառով: Այսօր ուժը թէեւ հագած է քաղաքակրթութեան շապիկը եւ կապած` քաղաքականութեան փողկապը, սակայն էապէս անոր ներկայութիւնն ու կարեւորութիւնը անհերքելի են: Ուժը ունի երկու ենթաբաժանում. առաջինը բացարձակ ուժն է, որ ոչ...

Ո՞ՒՐ Է ՀԱՅՈՒ ՀՈԳԻՆ

«Ամբողջ խնդիրը, Հայ դատը եւ մնացեալը, ահա այս հոգի կոչուածը, հայ հոգի ըսուածը չկորսնցնելն է մեզի համար, պահելն ու զարգացնելն է մանաւանդ: «Նպատակը, միա՛կ նպատակը Հայ Հոգիի, մեր ազգային ինքնութեան, ազգային դիմագիծի եւ ազգային ոգիի պահպանումն ու զարգացումն են մեզի եւ բոլորին համար անխտիր»: ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ Կը մօտենանք Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ Հայ դատը կը շարունակէ մնալ սուգի, վրէժխնդրութեան, պոռթկումի...

ԱՊՐԻԼ 24 ՉԵՆՔ ՄԻԱՅՆ

Ապրիլ 24-ը օր մըն է մեր պատմութենէն, 1915-ը` տարի մը: Հայը Մեծ եղեռն չէ: Այսինքն «թուրքը մեզ ջարդեց» ըսողը, «վրէժ պիտի լուծենք» ըսողը այն հայը չէ, որուն պէտք է ձգտիլ: Անիկա դեռ շատ հեռու է հայ ըլլալէն: Վտանգաւոր վիճակի մէջ է խոհանոցը. հոն, ուր հայ կ՛եփի: Մեծ աման մը, որուն մէջ կան «ջարդ», «ապրիլ 24», «վրէժ», «շուն թուրք», «թրքատեացութիւն»... եւ...

«ՆՈՒՐ»Ը… ԵՒ ՄԵՆՔ

Ամէն տարի, 24 ապրիլին, հայութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ կ՛ոգեկոչէ ժամանակակից պատմութեան առաջին ցեղասպանութիւնը: Ահա իննսունվեց տարիներ անցան այդ մութ ու ողբերգական թուականէն: Տակաւին մեր եւ մեր շրջապատին յիշողութեան մէջ միշտ դրոշմուած պիտի մնայ այս թուականին խորհրդանշած եղելութիւնը, սակայն Լիբանանի մէջ տեղացիներէն շատեր կը մոռնան, կ՛անտեսեն կամ ալ չեն ճանչնար մեր Դատը: Ամէն տարի ալ Լիբանանի մէջ գիշերային հսկումով, համալսարաններու մէջ...

ՆԱՄԱԿ` ԱՌ ՈՐ ԱՆԿ Է

Առաջ գիտէի, թէ ոեւէ մարդ, անպէտքները չհաշուած, կամ որեւէ իր, երբ բանի մը ծառայէ, արժէք մը ունի, եւ նոյն արժէքները առհասարակ իրարու հաւասար կ՛ըլլան, ինչպէս հաւասար էին Խորհրդային Միութեան մէջ եղած բոլոր շնչաւոր առարկաներն ու անշունչ իրերը: Այսօրուան իրողութիւնները ցոյց կու տան, որ աշխարհիս մէջ արժէքաւոր եւ անարժէք շատ մը արժէքներ կան: Նաեւ կան արժէքներ, որոնք ժամանակի ընթացքին դարձած են...

Page 17 of 18 1 … 16 17 18