Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը

July 1, 2013
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զաւարեան ուսանողական միութեան նպատակներէն է` պատրաստել առողջ քաղաքական մտքի տէր անձեր, որոնք իրազեկ դառնալով մեր պատմութեան` եւ յատկապէս արդի պատմութեան` կրնան լիիրաւ պահանջատէրերը դառնալ մեր դատին: Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կը հաւատայ նաեւ, որ Դաշնակցութեան պատմութեան ծանօթացումն ու արժեւորումը լաւագոյն դաստիարակիչ ազդակը կրնայ դառնալ մեր երիտասարդութեան: Այս դիտանկիւնէն է, որ պէտք է դիտել «Զաւարեան մատենաշար»-ի ստեղծումը, մատենաշար որուն հատորները կը ներկայացնէին ՀՅԴ կարեւորագոյն մտաւորականներու աշխատութիւնները: Այսօր «Զաւարեան մատենաշար»-ին կու գայ աւելնալու նոր շարք մը, երբ արդէն պատմաբաններ կարելիութիւնը ունին կատարելու ուսումնասիրութիւններ

ՀՅԴ-ի պատմութեան մասին եւ այդ իսկ ճամբով կարելի կ՛ըլլայ պատմագէտի մը քննական ակնոցով առարկայականօրէն լաւագոյնս ծանօթանալ ՀՅԴ պատմութեան եւ ի հարկին նաեւ արժեւորումներ կատարել:

Արդէն իսկ մօտ օրէն ուսանողներու, պատմաբաններու եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին տրամադրութեան տակ կը դրուի, Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակութեամբ Աշոտ Ներսիսեանի «Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութիւն» գիրք-ուսումնասիրութեան Գ. հատորը, որ  կ’ընդգրկէ 1908թ.էն մինչեւ 1918 թ.,   կուսակցութեան գործունէութեան պատմութիւնը` գրուած քննական վերլուծական մեթոտաբանութեամբ: Այս ժամանակաշրջանը կը յատկանշուի անկիւնադարձային քանի մը կէտերով:

Առաջին` այն ժամանակաշրջանը որուն վրայ Նէրսիսեան կը հիմնաւորէ իր այս հետազօտութիւնը, անկիւնադարձային ժամանակահատուած մըն է ոչ թէ միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, այլեւ ամբողջ Արեւմտահայաստանի հայ ժողովուրդին համար, տրուած ըլլալով, որ 1908-ի Երիտասարդ թուրքերու իշխանութեան գալը ինքնին արդէն նոր էջ մը կը բանայ հայութիւն-օսմանեան պետութեան յարաբերութեանց մէջ:

Երկրորդ` այս այն շրջանն է, երբ կազմուեցան հայոց կամաւորական գունդերը: Այս գիրքը կը վերլուծէ նաեւ անոնց կազմութեան դրդապատճառները:

Երրորդ` այս այն շրջանն է, երբ երիտթուրքերը կազմակերպեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս գիրքը կը ներկայացնէ նաեւ Ցեղասպանութեան ընթացքին ՀՅԴ ռազմավարութիւնն ու 1914-1917 թուականներուն հայրենիքի վերաշինութեան աշխատանքները Արեւմտահայաստանի մէջ:

Այսպէս, Ներսիսեան բոլոր այս  հիմնախնդիրները վերլուծութեան կ’ենթարկէ միանգամայն նոր դիտանկիւնով եւ ՀՅԴ գործունէութեան նորովի գնահատմամբ, կ՛անդարադառնայ հայոց արդի պատմութեան ամէնէն անկիւնադարձային շրջաններէն մէկուն, կ՛արծարծէ նիւթեր, որոնք պարզապէս սկիզբն են մեր այսօրուան Դատին ու պայքարին. այսօրուան պայքարը պիտի մնայ թերի ու անկատար, եթէ լաւապէս ծանօթ չենք անոր սկիզբի` հիմնաւորման շրջանին:

Յոյսով ենք, որ այս կարեւորագոյն նիւթերու մէկ հատորի մէջ զետեղումը լաւագոյն խթանը հանդիսանայ մեր սերունդին կողմէ այս կարեւորագոյն շրջանի պատմութեան ծանօթացման եւ արժեւորումին:

Նախորդը

«Այս Ժամանակահատուածի Հիմնական Խորհուրդն Այն Էր, Որ Հայ Ժողովուրդը Եւ Դաշնակցութիւնը Գնում Էին Նոր Պետականութեան Արարմանը` Սեփական Ուժերին Ապաւինելու Գիտակցութեամբ» Կ՛ըսէ Աշոտ Ներսիսեան

Յաջորդը

Սուրիական Օրագրութիւն (Վերադարձ)

RelatedPosts

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Զաւարեանական

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

November 9, 2026
Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի
Զաւարեանական

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.