Զաւարեանական

zom11-420×165

«Դէպի Երկիր» Գործուղումները Ինչո՞ւ Կարեւոր Են Եւ Ի՞նչ Ձեւով Կրնան Ազդել Գործուղուող ԶՈՄ-ականին Եւ Ճամբարներուն Մասնակցող Պատանիին Վրայ

«Դէպի Երկիր» գործուղումները կարեւոր են, որովհետեւ առիթ կու տան սփիւռքահայուն` ապրելու հայրենիքի մէջ, ոչ որպէս զբօսաշրջիկ, որ կը պտտի Երեւանի լաւագոյն ճաշարանները եւ կը մնայ լաւագոյն պանդոկներուն մէջ: Գործուղուողը կ՛ապրի Արցախ, գիւղի մը մէջ, որ ոչ անպայման լաւագոյն գիւղն է. ընդհակառակը, հոն կրնան ըլլալ ջուրի, գործի, սննդամթերքի դժուարութիւններ: Գործուղուող ԶՈՄ-ականը կ՛ապրի հայ գիւղացիի մը կեանքը, կ՛ապրի Արցախի ժողովուրդին պէս, որ...

zom11-420×165

Կովսականը` Այս Անգամ

ՍԱԼԲԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ Քաշաթաղ, Կովսական... 2012 թուականէն առաջ այս վայրերը հայրենի հողէն, արծուեբոյն Արցախէն պարզապէս շրջաններու անուններ էին, բայց հիմա անոնք ենթագիտակցութեանս, մտքիս ու առօրեային մէջ ունին հսկայ տեղ: Քաշաթաղը իր լեռնային վայրի բնութեամբ, քարքարոտ անհասանելի ճամբաներով ապրելու տարրական դիւրութիւնները չունենալով հանդերձ, հայրենիքէն հեռու բնակողի մը հոգւոյն մէջ շատ արագ կ՛արթնցնէ պատկանելիութեան, նուիրումի, վերադառնալու եւ, ինչո՞ւ չէ, հաստատուելու մտածումները: 21 տարեկան...

zom11-420×165

Մեր Խօսքը

ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ երեք տարիներէ ի վեր տեղի կ՛ունենայ ուխտագնացութիւն` դէպի Արեւմտահայաստան: Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ բնակող դաշնակցական երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն մաս կազմող անհատներ առիթ կ՛ունենան շրջագայելու Արեւմտահայաստանի մէջ` անցնելով Կարսէն, Արտահանէն, Կարինէն, Համշէնէն: Այսպէս, դաշնակցական երիտասարդը առիթը կ՛ունենայ աւելի մօտէն ծանօթանալու իր հայրենիքին: Ընդհանրապէս երիտասարդը Արեւմտահայաստանը կը ճանչնայ Ռուբէնի, Համաստեղի, Դաշտենցի նկարագրութիւններէն, ան իր մտքին մէջ ունի...

zom11-420×165

Արեւմտահայաստան Երթալու Ուղեցոյց

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Արեւմտահայաստան եզրին շուրջ գոյութիւն ունեցող տրամադրութիւնները շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունին մեր կեանքին մէջ, քան` Արեւմտահայաստանին ներկայ իրականութիւնը: Տարիներ շարունակ Արեւմտահայաստան հասկացողութեան բաղադրիչները կազմած են Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք անոր հայազուրկ ըլլալը, թրքական բռնատիրութեան տակ ըլլալուն պատճառով հոն երթալ մերժելը, ինչպէս նաեւ` հոն գացողները մերժելը, անշուշտ բաղադրիչներուն մաս կը կազմեն նաեւ այն աշխատանքները, որոնք կը հոսին հայապահպանման եւ հայակերտման...

zom11-420×165

Արեւմտահայաստանը` Հայկական Հարցի Լուծում

ՎԱՉԷ Վ. ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Եւ Մենք Հասանք Արտահան... Անիի միւս կողմը Հայաստան Մշոյ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ շրջակայքը 24 յուլիս 2014-ին ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնած «Դէպի Արեւմտահայաստան» երթին հետ առաջին անգամ ըլլալով մտայ Արեւմտեան Հայաստան: Պատմական Հայաստան, գրաւուած հողեր, Սեւրի Հայաստան... Այս զանազան անուններով ճանչցուած հողատարածքը առասպելական վայր մը դարձած է հայ ժողովուրդին համար` ըլլալով հայ ազգին ծննդավայրը: Յաճախած ըլլալով...

zom11-420×165

Բերձորի Լեռներուն Հետ

ԱՆԻ Երբ «Արցախ» լսեմ, աչքերուս առջեւ անմիջապէս կը գծուին Բերձորի լեռները, որոնցմով հմայուած մնացի: Անոնց մէջ անցուցի մօտ տասնվեց օր. արկածախնդրական, հաճելի տասնվեց օր: Երբ «Արցախ» լսեմ, կը յիշեմ ընկեր Սամուէլին գիշերօթիկին մանուկները, որոնք փոշիներուն մէջ ֆութպոլ խաղալով կը գտնէին իրենց երջանկութիւնը: Բերձորի մէջ պարզ էր կեանքը. չկային ժամանցի յատուկ վայրեր, լայնատարած խաղավայրեր ու ճաշարաններ, այլ` միայն երկու դպրոց, եկեղեցի...

zom11-420×165

Մեր Կովսականը

ՍԱԳՕ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ Արցախի մէջ արդէն յաճախ տեղի ունեցող երեւոյթ մըն է. երիտասարդ տղամարդը 2 տարի բացակայութենէ ետք կը վերադառնայ զինուորական ծառայութիւնը աւարտած, եւ անոր հարազատները ուրախութեամբ կը դիմաւորեն զայն: Բայց այս անգամ ուրախութիւնը աւելի մեծ էր. 2 տարուան բացակայութենէ ետք, ԶՈՄ-ն էր, որ կը վերադառնար Կովսական քաղաքը: Բերձորէն մինչեւ Կովսական տանող ճամբան բաւական յոգնեցուցիչ է: Մօտաւորապէս 4 ժամ տեւող այդ...

zom11-420×165

Մեր Խօսքը

Այս տարի տասներորդ տարին ըլլալով Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կատարեց աւանդութիւն դարձած իր գործուղումները «Դէպի Երկիր» ճամբարներուն ընդմէջէն: Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն` այս տարի ճամբարներ տեղի ունեցան, Արցախէն բացի, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայք մարզին մէջ: «Կոտայքը իմ տունն է» եւ «Քաշաթաղը իմ տունն է» անունով ճամբարները առիթ հանդիսացան համախմբելու միջին հաշուով Կոտայք մարզի Քանաքեռաւան աւանին մէջ` 65, Չարենցաւան քաղաքին մէջ` 85,...

zom11-420×165

«Ազնիւ Մտածողը Թող Գայ»

ՇԱՂԻԿ ՉԱՓԱՐԵԱՆ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած գործուղումները կը ծառայեն ոչ միայն հարիւրաւոր պատանիներու ազգային դաստիարակչական ծրագրով քանի մը շաբաթ զբաղած պահելու, այլ նաեւ անոնք առիթ կու տան գործուղուած զաւարեանականին հայրենի հողին վրայ տեղացիին առօրեային ծանօթանալու եւ ազգային կամ ընկերային հարցերու մասին աւելի խոր մտածել տալու: Այս տարի իմ կարգս էր, որ ծանօթանամ Կոտայքի մարզի Չարենցաւան քաղաքի առօրեային եւ անոր բնակիչներուն:...

zom11-420×165

Այս Անգամ Ալ Տարբեր Չէր

ԱՐԱ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Գիշերօթիկը իր անհասանելի բարձունքով, քարքրոտ, դժուար, բայց հաճելի ճանապարհով կը սպասէր մեզ: Հասանք բաւական ուշ եւ յոգնած. երեխաներուն թիւը անցած էր քսանչորսը` Արայիկը, Մովսէսը, Պորիսը, Հայկը, Պարգեւը... իսկ Յակոբը արդէն կը կատարէր իր ազգային պարտականութիւնը` ծառայելով հայոց բանակին: Ընկեր Սամուէլը, ըստ սովորութեան, անցած էր կրակին գլուխը  եւ, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ ըսաւ. «Ընկե՛ր Արա, ուշացաք ... մազերդ...

zom11-420×165

Տեղեկատու

2014-2015 տարեշրջանի աշխատանքները սկսան ԶՈՄ-ի կեդրոնին բարեկարգումով` հայ ուսանողին համար կեդրոնը գրաւիչ եւ գործնական դարձնելու նպատակով: Կեդրոնը օժտուեցաւ նոր բազմոցներով, գրատախտակներով, գրադարաններով եւ ցուցատախտակով: Կեդրոնին դռները բաց են բոլոր հայ ուսանողներուն դիմաց: Զաւարեան ուսանողական միութեան յարաբերական աշխատանքներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ հանդիպումներ եւ ժողովներ: Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն հետ գումարուեցան երկու ժողովներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան նաեւ համալսարաններուն մէջ կայանալիք...

zom11-420×165

«Թուրքիա Ուղղակիօրէն Միջամուխ Է Սուրիական Հարցին: Շատ Յստակ Է, Որ Անոր Միջամտութիւնը Ուղղակի Է Իր Զինուորական Եւ Այլ Միջոցներով» Կ՛ըսէ Լէյլա Ռահպանի

ԶՈՄ-ի «Զաւարեանական էջ» յանձնախումբը հարցազրոյց մը ունեցաւ քաղաքագէտ դոկտ. Լէյլա Ռահպանիին հետ` Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն եւ Թուրքիոյ միջամտութեան թեմայով: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ըստ ձեզի, ո՞ր տուեալները երեք տարի առաջ սկիզբ դրին սուրիական պատերազմին, եւ ո՞ր երեւոյթները զայն դարձուցին անկառավարելի: ԼԷՅԼԱ ՌԱՀՊԱՆԻ.- Կը կարծեմ, որ միջազգային միջամտութիւններն են, որոնք Սուրիոյ իրավիճակը այստեղ հասցուցին: Այո,՛ յեղափոխութիւն էր. այո՛, արժանապատուութեան համար էր, հացի, ազատութեան եւ...

zom11-420×165

Թուրքիան Եւ Քրտական Բերդը

ԵՂԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆ 2009 թուականին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ստանձնեց իր պաշտօնը եւ յայտարարեց, որ արմատական փոփոխութիւններ պիտի կատարէ երկրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Այս քաղաքականութիւնը բաւական յաջողութիւններ գտաւ, եւ անոր շնորհիւ` Թուրքիոյ տնտեսական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի, Արաբական ծոցի եւ Իրանի հետ հսկայական յառաջընթաց ապրեցան: Սակայն «Արաբական գարուն»-ի առաջին օրերէն, երբ շրջանային ցնցումներ տեղի ունեցան, Թուրքիոյ...

zom11-420×165

Փափուկ Մէջքը Կամ «Ալխասիրա Ալրախուա»

Լիբանան եւ Սուրիա պատմութեան եւ աշխարհագրութեան բերումով միեւնոյն երթը եւ ճակատագիրը ունին. ոմանց համար «միացման եւ» մըն է, որ կը միացնէ մէկ ժողովուրդ` երկու երկիրներու միջեւ, իսկ ուրիշներու համար «քաֆիր եւ» մըն է, որ կը յուշէ անարդար եւ անգութ վարչակարգի մը իշխանութիւնը միւսին վրայ: Բայց համաձայնինք, որ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը իր հարաւ-արեւմուտքին ունի փափուկ մէջք մը, որուն տարածքն է 10,452...

zom1

«Բնապահպանութիւնը Հայաստանապահպանութիւն Է»

Քաջարանի հանքը, Սիւնիք Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐԵՒԻԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ Թէեւ ազդեցութիւնը արագօրէն չենք զգար, սակայն քաղաքական, տնտեսական, ընկերային կաթուածներուն չափ ուժեղ տագնապներէ կ՛անցնին մեր աշխարհի բնութիւնն ու կենսոլորտը: Բնութիւնը շահագործող ծրագիրները ո՛չ միայն կը սպառնան շրջապատի գեղեցկութեան ու ապրող էակներու առողջապահութեան, այլ նաեւ անոնք ոտնակոխ կ՛ընեն տեղի ժողովուրդին ապրուստի կենսական իրաւունքները, յաճախ` ներառեալ բնութիւնը օգտագործելու որոշումին մասնակից դառնալու իրաւունքը: Այսօր Ամազոնեան անտառներուն...

zom1

Թրքագնացութիւնը Եւ Մենք

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ Յաճախ արծարծուող նիւթ մը, որ վիճարկութեան առարկայ կը դառնայ ամէն անգամ, երբ հայորդի մը անցանկալի ճամբորդութիւն մը կատարէ: Ընդհանուր իրականութիւն է, որ Թուրքիան տարածաշրջանային ծանրակշիռ երկիր է: Զբօսաշրջութեան եւ առեւտուրի մէջ Թուրքիոյ գրաւչութենէն զերծ մնալը զոհողութիւն կը պահանջէ թերեւս, ինչպէս որ թրքական արտադրութիւնը աւելի հրապուրիչ կը դառնայ, երբ անոր այլընտրանքը նիւթական աւելի թանկ ճիգ կը հարկադրէ: Եթէ պիտի...

zom0606

Նաւապետին Մի՛ Սպասէք

ԵՂԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆ «Մինակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերուն թէ՛ ճակատի պաշտպանութեան, եւ թէ երկրի ներսը կարգ հաստատելու»: ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Շատեր տակաւին կ՛ենթադրեն, թէ Արամի կոչը ուղղուած էր միայն առաջին անկախութեան շրջանին: Սակայն երբ խորանաք եւ վերլուծենք Արամի անցեալի պատգամը եւ ինքնաքննարկենք մեր այսօրուան ցաւալի իրավիճակը, կը տեսնենք, որ Արամի խօսքը մինչեւ օրս ի զօրու է: 2011-ին, երբ...

zom0606

Հրաշալի Էջեր` Հայոց Պատմութեան Հատորներէն

ԼԱԼԷ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Հայոց պատմութեան բազմաթիւ հատորներէն այսօր մենք կը կարդանք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կերտման եւ գոյատեւման էջերը: Հրաշալի էջեր, պայքարի եւ յաղթանակի օրինակելի էջեր. էջեր, զորս գրեցին Արամն ու իր դաշնակցական ընկերները: Ցեղասպանութեան մոխիրներէն հայ ժողովուրդին յարութիւնը կերտեց հայրենիք: Առաջին Հանրապետութեան կերտման պատմական իրադարձութիւնները, ռուսական եւ թրքական դիւանագիտական խաղերը, հայ ժողովուրդի պայքարի ոգին, Արամ Մանուկեանի ղեկավարութիւնը, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ...

zom0606

Անկախութեան Սերմը

Ս. ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ  600 տարի ստրկութիւն ապրած ժողովուրդը ազատատենչ հոգիով, գիշեր ու ցերեկ 1918-ի մայիսին կը սպասէր` առնելու մխիթարական լուրը յաղթանակի: Հայ ժողովուրդը` երկար տարիներու բռնի ստրկութեան պատճառով անհուր հրաբուխ դարձած էր կարծես. բայց այս նոյն ժողովուրդը գերմարդկային ուժերով օժտուած էր եւ պատրաստ էր ժայթքելու, պատրաստ էր հայրենիքի պաշտպանութեան համար ամէն տեսակ զոհողութիւն ընելու, որովհետեւ հեռուէն վերջապէս կը լսէր դարերէ ի...

zom1

Շարունակուող Խտրականութիւն

Ա. Փ. 21-րդ դարը ճանչցուած է որպէս զարգացած դար, քաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը, արհեստագիտութիւնը հսկայական ոստումներ արձանագրած են եւ փոփոխութիւններու ենթակայ են ամէն վայրկեան: Ընկերային ոլորտն ալ հեռու չէ մնացած այս փոփոխութիւններէն: Կ՛ապրինք համաշխարհայնացում մը, որուն իբրեւ հետեւանք անհրաժեշտ դարձած է ընդունիլ տարբեր ազգերու, տարբեր կրօններու, տարբեր գաղափարաբանութիւններու գոյութիւնը: Ասոնց կողքին նաեւ յառաջընթաց արձանագրած է սեռային հաւասարութիւնը: Բազմապատկուած են կիներու իրաւունքները պաշտպանող...

Page 11 of 18 1 … 10 11 12 … 18